Գրաւորներու ծանր բեռը թօթափելէ ետք, մեր դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, դպրոցական հաճելի պտոյտ մը կազմակերպեցին բնութեան գեղեցիկ գիրկին մէջ։
Գարնանային գեղեցիկ առաւօտ մը, երբ արեւի հաճելի շողերը եւ անոր հետ փչող մեղմ զեփիւռը աշխուժութիւն կը տարածէին ամէն կողմ, դպրոցի մեծ ինքնաշարժներով ուղ-ղուեցանք դէպի Լաթաքիոյ նշանաւոր մարզաւանը։ Պտոյտի գլխաւոր նպատակն էր, ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ, դպրոցէն եւ դասերէն հեռու, վայելել բնութեան գեղեցկութիւնը, ինչպէս նաեւ քաջալերել եօթերորդ եւ ութերորդ կարգերու տղոց միջեւ կայանալիք ոտնագնդակի մրցաշարքը։ Մենք ընկերուհիներով, մրցաշարքը քաջալերելէն աւելի, հետաքրքրուած էինք անշուշտ մեր բերած տեսակաւոր ուտելիքները ճաշակելով, կանաչապատ դաշտերուն մէջ ասդին անդին վազվզելով, եւ միասնաբար յիշատակելի լուսանկարներ նկարելով, մինչ մեր ընկերները հեւիհեւ կը վազէին ոտնագնդակին ետեւէն։ Մեծ յոյս ունէինք, որ մե՛ր դասընկերները պիտի խլեն բաժակը։ Մրցաշարքի աւարտին ութերորդ դասարանի մեր ընկերները յաղթեցին։ Ծափերով ու բացականչութիւններով ողջունեցինք մեր ընկերներուն յաղթանակը ու բարձր տրամադրութեամբ վերադարձանք յաջորդ տարին կրկին յաղթելու յոյսով։
Գառնի Մանճեան
Ը. կարգ
Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարան