Երեքշաբթի, 13 Օգոստոս 2024-ին, Քեսապի Հայ Աւետարանական Միսաքեան Մշակութային Կեդրոնի նորոգուած կամարներուն տակ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը քեսապահայ հանրածանօթ հայագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի հետ։ Առիթը անոր վերջին հրատարակութիւնն էր՝ «Փլող Դպրոցները»: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան  քահանայ հայրեր, գիւղիս գիւղապետը եւ տարբեր վայրերէ ժամանած մշակութասէր բազմութիւն մը։
Պատուելի Շանթ Ակիշեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն՝ շեշտելով առիթին կարեւորութիւնը Մ. Մ. Կեդրոնին առաքելութեան համար։ Գիրքէն հատուածներ ընթերցեցին Շաղիկ Թիթիզեան, Մարիանա Ակիշեան եւ Անի Պօյմուշաքեան։ Հեղինակն ու գործը ներկայացուց Սալբի Թիթիզեան։ Այնուհետեւ հեղինակը խօսք առաւ եւ հարցումներու պատասխանեց։
Ստորեւ՝ Սալբի Թիթիզեանի գրախօսութիւնը։
* * *
Մեր ապրած տագնապալի օրերուն, երբ մէկ կողմէն հացի ապահովման հեւքն ու ապագայի անորոշութիւնը յաճախ կլանած են մեր առօրեան, կան մարդիկ, որոնք մեր միտքն ու հոգին լուսաւորող եւ ծարաւը յագեցնող գործունէութիւն կը տանին: Տակաւին կան ու կը մնան հայ մտքի ստեղծագործ մշակներ, որոնք ամէն գնով, հակառակ դժուար կացութիւններուն, կը շարունակեն ստեղծագործել եւ իրենց ստեղծագործական աշխատանքով կու գան բան մը աւելցնելու հայագիտութեան եւ հայ գրականութեան բազմադարեան ժառանգութեան վրայ։ Այդ սակաւաթիւ մշակներէն մին է սփիւռքահայ վաստակաշատ մանկավարժ, հայագիտութեան անխոնջ նուիրեալ եւ մեզի շատ սիրելի ու յարգելի դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը։
Հայագիտութեան բազմաթիւ բնագաւառներ (մանկավարժութիւն, ազգագրութիւն, բանագիտութիւն, լեզուաբանութիւն, բարբառագիտութիւն, գրականագիտութիւն, պատմագրութիւն, սփիւռքագիտութիւն, յուշագրութիւն եւ այլն) ընդգրկող բազմաթիւ արժէքաւոր հետազօտութիւններու հեղինակը ծնած է 1947-ին, Քեսապի Գարատուրան գիւղին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ազգային Մեսրոպեան եւ Քեսապի Հայ Աւետ. Նահատակաց նախակրթարաններէն, իսկ միջնակարգ-երկրորդական ուսումը՝ Այնճարի Հայ Աւետ. Երկրորդական վարժարանէն, որմէ ետք նոյն վարժարանին մէջ մէկ տարեշրջան աշխատած է որպէս ուսուցիչ։ 1969-1970-ին եղած է Պէյրութի Հայկազեան գոլէճի Հայագիտական Ամպիոնի մասնաւոր ուսանող։ 1970-ին ընդունուած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական կաճառը հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը։
Ան երեք տարուան իր ուսանողական կեանքը անցուցած է գերծանրաբեռնուած ու գերյագեցած։ Ան ոչ միայն կը մասնակցէր Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ կազմակերպուած արշաւներուն եւ կը հիանար հայրենի բնաշխարհով ու հայկական յուշարձաններով, այլեւ ազատ ժամերուն հանդիպում կ’ունենար հայրենադարձ քեսապցիներու հետ, կը ձայնագրէր ու գրի կ’առնէր ազգագրական եւ բանահիւսական նիւթեր: 1973-ին կ’աւարտէ Երեւանի պետական համալսարանը բանասիրական գիտութիւններու մագիստրոսի աստիճանով՝ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչի որակաւորմամբ։
1973-1976-ին ան կ’աշխատի Այնճարի Հայ Աւետարանական, Պէյրութի Երուանդ Տեմիրճեան վարժարաններուն եւ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան գոլէճին մէջ։ Լիբանանի մէջ սկսած քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, 1976-ին, ան կը տեղափոխուի Սուրիա եւ 36 տարի կը գործէ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանէն ներս, միաժամանակ դասաւանդելով Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին, Մխիթարեան Հայագիտական Ամպիոնին մէջ, իսկ 1996-էն սկսեալ՝ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին մէջ։ Սուրիոյ պատերազմին եւ Հալէպի գնդակոծութիւններուն հետեւանքով, Յակոբ Չոլաքեան 2012-ին ընտանիքով կը տեղափոխուի Քեսապ, իսկ 2014-ին, 21 Մարտէն ետք, ան վերջնականապէս կը հաստատուի Երեւան։
Քանի որ 2002-ին ան ստացած է պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան, ուստի Հայաստան տեղափոխուելէ ետք անմիջապէս աշխատանքի ընդունուած է Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան Ինստիտուտի բանահիւսութեան բաժինը` որպէս աւագ գիտաշխատող, իսկ 2016-ին, Քեսապի նուիրուած ծանրակշիռ դոկտորական ատենախօսութիւնը պաշտպանելէ ետք, անոր կը տրուի առաջատար, ապա գլխաւոր գիտաշխատողի պաշտօն։ Իբրեւ արեւմտահայերէնի մասնագէտ աշխատած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան կաճառին  եւ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին մէջ։
Յակոբ Չոլաքեանի վաստակը կը կազմէ տարբեր բնագաւառներ ընդգրկող 60 գիրք, բազում յօդուածներ, դիմատետրի էջերուն վրայ տեղադրուած եւ մեծ արձագանգ գտած տարաբնոյթ գրառումներ, ակնարկներ,  պատմուածքներ, զանազան օգտաշատ հարցազրոյցներ, գիտական եւ մանկավարժական զեկուցումներ։ Իր պատրաստած դպրոցական դասագիրքերու երկու շարքերը աւելի քան երեք տասնամեակէ կը գործածուին սփիւռքի տարածքին` տարբեր գաղութներու նախակրթական, միջնակարգ եւ երկրորդական դպրոցներու մէջ։ Դասագիրքերէն բացի՝ իր ուսումնասիրութիւններուն նիւթ դարձուցած է արեւմտահայերէնն ու աւանդական ուղղագրութիւնը` ո՛չ միայն իր լեզուի ուսուցիչ եւ դասախօս ըլլալու հանգամանքէն ելլելով, այլեւ անհրաժեշտաբար, նկատի ունենալով լեզուի կանոնակարգման հետ կապուած բազմաբնոյթ հարցերը, որոնք սփիւռքի մէջ շատ յաճախ էին հրապարակային քննարկումներու նիւթ դարձած։ Ան ունի շարք մը մենագրութիւններ սփիւռքահայ դպրոցի մասին. կոթողային աշխատասիրութիւն մըն է անոր «Սուրիահայ Դպրոցի Պատմութիւն» երկհատոր գործը:
Ան իր ուսումնասիրութիւններով շատ բան փրկած է Սուրիոյ տեղաբնիկ հայոց՝ Մուսա լեռան, Արամոյի, Ղնեմիէի, Գնիէի եւ Եագուպիէի հայ բնակավայրերու պատմութենէն, ազգագրութենէն, բանահիւսութենէն եւ բարբառներէն: Այստեղ յիշենք անոր «Անտիոքի Մերձակայ Ռուճի Հովիտի Հայերը», «Քեսապի Բարբառը» աշխատասիրութիւնները  եւ «Քեսապ» եռահատորը: Չոլաքեան քաջ գիտակից էր, որ աւելի քան մէկ հազարամեակ Անտիոքի տարածաշրջանին մէջ ապրող հայութիւնը, շրջապատուած ըլլալով տարատեսակ լեզուներով խօսող եւ կրօններ դաւանող հարեւան ժողովուրդներով, դարերու թոհուբոհի մէջէն անցնելով, ամէն կերպ ձգտած է պահպանել նախնիներէն փոխանցուած նիւթական ու հոգեւոր մշակոյթին ինքնատիպ գանձերը։ Եւ պատահական չէ, որ Յակոբ Չոլաքեանի հեղինակած եւ հրատարակած գիրքերուն գրեթէ կէսը, շուրջ 3 տասնեակ անուն, կը կազմեն այդ տարածաշրջանի հայութեան նուիրուած պատմա-ազգագրական եւ բանասիրական աշխատութիւնները։
Մեր հայրենիքը, բարձր գնահատելով սփիւռքահայ բազմավաստակ մտաւորականի մանկավարժական եւ գիտական գործունէութիւնը, Յակոբ Չոլաքեանը 2010-ին կը պարգեւատրէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի Պատուոյ յուշամետալով, 2011-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Մովսէս Խորենացի մետալով,  իսկ բոլորովին վերջերս  Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի 80-ամեակի ոսկի մետալով։
Չոլաքեանի վերջին գիրքը՝  «Փլող Դպրոցները», հեղինակի մանկապատանեկան տարիներու փորձառութենէն ծնած գանձ մըն է:
Զայն ընթերցելը այնքան հաճելի էր, որ ամբողջ սրտովս ու մտքովս կապուեցայ պատմութիւններուն եւ նոյնքան հարազատ զգացի։ Հեղինակի նախորդ գրական երկը՝ «Քեսապի Երեք Օրերը», գրուած էր դէպքերու անմիջական տպաւորութեան տակ, մինչ «Փլող Դպրոցները» գեղարուեստական յուշագրութիւն մըն է՝ 1947-ի հայրենադարձութենէն ետք մեռնող, բայց մաքառող գիւղի մասին, ծննդավայր գիւղի դէպքերով ու մարդերով։ Գիրքին մէջ վճիտ կերպով ակներեւ է ու կը ցոլայ մարդակեդրոն մտածողութեամբ հեղինակ մը, որ կը հաւատայ «մարդ» կոչուած տեսակին ու անոր գերազանց արժէքին, իր տկարութիւններով եւ զօրութիւններով մէկտեղ. անոր հերոսները իր մանկութեան մեծերն են՝ սեւազգեստ կիները, աշխատող, հաց արարող գիւղացին, ուսուցիչն ու ուսուցչուհին, դպրոցականները, իրենց հայութեամբ տարբեր ըլլալու զգացողութեամբ, հայրենիքի պատկերացումներով, գիւղը կենդանի պահելու յամառ կամքով։
Ամէն պարագայի՝  հայու ներքին ուժեղ ապրումներով, խռովքներով, անձկութիւններով, ուրախութիւններով, յոյզերով, յոյսերով, մերթ վհատ ու մելամաղձոտ, երբեմն հպարտ, բայց` միշտ զգաստ։ Գիրքին առանցքը գրեթէ միշտ հեղինակը ինք է. ան գլխաւոր դերակատարն է, պատմիչն է ու նոյնպէս բեմադրիչը իր բացած կեանքի բեմին ու պարզած դէպքերուն։ Հեղինակին ներկայութիւնը գիրքին մէջ, պատմուած կամ ներկայացուած վիճակներուն մէջ, աւելի վաւերագրական ու հարազատ կը դարձնէ գրութիւնը ու յատկապէս հոն տողանցող մարդկային հերոսները։ Գիրքը ընթերցողը պիտի տեսնէ ու ընկալէ տողերուն մէջ թաքնուած իմաստները, պիտի ընկալէ կծու երգիծանքն ու սրամտութիւնները։
Ասոնք կ’աւելցնեն անոնց գրաւչութիւնը եւ կը տանին ընթերցողը հաճելիութեան սահմանէն անդին։ Գիրքին նիւթերը ոչ միայն հեղինակին կը վերաբերին, այլեւ յաճախ քեսապահայութեան, ինչպէս նաեւ Քեսապի ազգային կեանքին ընդհանրապէս։ Հոս որքան հայ գիւղն է, այդքան ալ հայ սփիւռքն է՝ իր տարբեր երեսներով։ Հեղինակը կը նկարագրէ հին օրերու հայ հերոսներ, բարքեր, սովորութիւններ, տարբեր վայրեր, կրթօճախներ, խաղեր։ Ունի  պարզ եւ հաղորդական ոճ։ Ան իր արձանագրած նիւթերուն մէջ ո՛չ միայն կ’ապրեցնէ լեզուն, այլ այն մարդիկը, որոնք իսկական դերակատարներն են պատմուած դէպքերուն մէջ։ Անոր գիրքին ամբողջութիւնը ապրուած կեանքի հեքիաթ մըն է։ Իւրաքանչիւր պատումի մէջ հեղինակը ընթերցողը կը մղէ մտածելու տողերուն բովանդակած նիւթերուն մասին, որոնք հարկաւ բազմազան են։
Այս գիրքը` «Փլող Դպրոցները», կը շահագրգռէ յատկապէս քեսապահայերը եւ նոր սերունդին շատ կարեւոր ժառանգ եւ ատաղձ կը հայթայթէ։ Յակոբ Չոլաքեանի իւրաքանչիւր յօդուած կամ պատմութիւն ազգագրական փաստաթուղթ մըն է, որ կը փաստէ ո՛չ միայն հայուն գոյատեւելու եւ ապրելու պայքարը, այլ` ինքզինք գերազանցելու անխոնջ աշխատանքը, ազգային թէ կրօնական դիմագիծը պահպանելու տենչը։
Գիրքին մէջ կը տեսնենք կեանքեր, ապրուա՛ծ եւ ապրո՛ղ կեանքեր, տարբեր ազդեցութիւններ ձգած տարբեր սերունդներու վրայ, տագնապներ, երազներ (իրականացած եւ տակաւին..), տենչեր ու իղձեր հայկականը ամրապնդելու եւ պահելու, մանաւանդ` չմարող յոյսեր։ Դիպուկ է գիրքի բացատրագիրը. «Հին ու անցնող աշխարհի զառիթափին վրայ փլուզուող գիւղ մըն էր Գարատուրանը, որ քանի կար՝ աշխարհն էր իր մէջ, ինքն իր մէջ բզկտուած հայութիւն կոչուող համաշխարհային խաժամուժը կ’աղմկէր իր մէջ, ու երազներէն կառչած կը մնար Հայաստան կոչուող հեքիաթ մը, որուն պորտէն հազարամեակներ առաջ կտրուած ինկած էր այս կիրճին մէջ։
Ատիկա 1950-ական թուականներուն էր։
Այստեղ ամէն ինչ իրականութեան եւ հեքիաթի սահմանին վրայ կը թուի ըլլալ, իսկ մենք միայն ժամանակով ու տարազով տարբեր ենք»։
Սալբի Թիթիզեան
Քեսապ