Հայրենի Քնար

Ինչպէս նշուեցաւ, Հայրենիքի արիւնահոսող վէրքը չէր կրնար հայ բանաստեղծը չմղել իր հիմնական պարտքին՝ իր ազգի ոգին արթնցնելու, զայն գաղափարապէս սնելու եւ անոր ձեռքը ինքնապաշտպանութեան սուրը դնելու։ Եւ ինչպէս Սիամանթոյի պարագային՝ Սեւակէն եւս հայդուկը մարտակոչ-քերթուածներ կը պահանջէ.

 

Ջուրին տուր հիւանդ սրինգդ եղէգ,

Սիրել, երգել, լալ, լացընել աղէկ,

Սակայն լաւագոյն կեանքն է արի,

Թող դողդոջուն ձեռքդ սուրին փարի…

 

Քնարական նկարագիրի՝ սիրոյ ու գեղեցիկի երգիչ Սեւակ հայոց կոտորածներու, աւերի տեսարաններէն խորապէս խոցուած՝ կը դառնայ ջարդի սոսկալի պատկերներու, նաեւ՝ ընդվզումի ու պայքարի երգիչ։ Ջարդի ամէնէն սոսկալի նկարագրութիւններ կը տեսնենք անոր քերթուածներուն մէջ։ Բանաստեղծը հոգեկան բարդ տուայտանքներէ կ’անցնի։ Երբեմն անոր կը թուի, թէ կը մեռնի դարերով հայը հայ պահած ազգային ոգին, անհետացումի վտանգին առջեւ է ազգը, ողջ մնացողներն ալ մազապուրծ կը գաղթեն այլ երկիրներ ու անոնց հեռանալուն հետ «կը մեռնի դարեր, դարերով անշէջ Մեր Նահապետը»-այսինքն՝ Հայաստանը «Նահապետը»։

Նոյն մտահոգութիւնը խորապէս կը տառապեցնէր Վահան Տէրեան, որ տագնապով կը հարցնէր՝ «Մա՞հն է արդեօք, թէ՞ նինջը քեզ պատել, պայծա՜ռ Նայիրի»։ Նուարդ Թումանեանին գրած նամակին մէջ ան կ’ըսէր. «Մեր հայրենիքի ցաւը մեզ այնպէս է մաշում, ջլատում, կեղեքում, որ մենք դառնում ենք անընդունակ ուրիշ բան հասկանալու կամ անելու։ Դա մի հիւանդագին սէր է, դա մի անյաղթելի մոլութիւն է»։

Ակամայ այդ «մոլութեան» մէջ յայտնուած արեւմտահայ քերթողներու՝ Սիամանթոյի, Վարուժանի կարգին կը դասուի նաեւ Ռուբէն Սեւակ՝ իր «Կարմիր Գիրքը», «Կիլիկեան Երգեր» շարքերով ու այլ բազմաթիւ քերթուածներով։

Յատկանշական է «Ջարդի Խենթը» վիպերգը։ Ջարդերու մէջէն անցնող Խենթը ուսին կը կրէ իր մեռած հօր դիակը (հին ստրկամիտ մտայնութեան խորհրդանիշ), զոր, ի վերջոյ, բարկացած՝ գետը կը նետէ ու կ’անդրադառնայ, թէ «դրախտ երթալու կարճառօտ ճամբան խէնջարն է քիւրտին»։ Հետաքրքրական է, որ Խենթին անցած ճամբան կը նմանի Րաֆֆիի Սահրատի «Ջալալադդին»ի ուղիին։ Ան ալ հօր հնազանդութենէն ըմբոստացած՝ հեռացած է ու ապա վերադարձին տան շեմին գտած է վիրաւոր, մահամերձ հայրը։ Երկու զաւակներուն ալ եզրակացութիւնը նոյնն է՝ ստացաք ձեր ստրկային հնազանդութեան հետեւանքը։ Այլաբանական պատկերով մը Սեւակ մեղադրական խօսք կ’ուղղէ «ծանծաղ ուղեղով» «ազգին խելօքներուն», որոնք ամբարտաւան են ու անտարբեր իրենց ենթականերու տառապանքին ու քծնող, ստրկամիտ՝ ազգը կոտորող իրենց տէրերուն առջեւ։ Կարեւորը իրենց եկամուտի աղբիւրները պահպանելն է.

 

Տամոկլեան սուրի մը տակ դող ի դող՝

Շտեմարաննին կ’ուռեցնեն գոհ…

 

Ակամայ կը յիշես Ռուբէն Զարդարեանի «Շուն մըն ալ պակաս» պատմուածքին հերոսը՝ եպիսկոպոսը կամ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»ին Հայրապետ էֆէնտին։ Բարձր խաւի նո՛յն անտարբերութիւնը ժողովուրդի տառապանքին հանդէպ, միայն իրենց շահերուն հետամուտ՝ քիւրտ ու թուրք իշխանաւորներուն հետ բարեկամութիւններ հաստատելը։

Հայրենիքէն հեռու ապրող բանաստեղծը կը հաւատայ իր ժողովուրդի ոգիին, արիութեան ու կը մեղադրէ պոլսական թերթերը, որոնք փոխանակ վրէժի ու պայքարի մղելու ժողովուրդը, «յուսահատեցուցիչ, ծայրայեղօրէն յոռետես, ջլատ, տրտում դամբանականներ» կը գրեն։ Ըստ Սեւակի, անոնք պէտք է կամ պոռթկան ու կամ լռեն։

Հայրենիքի ցաւին տառապանքը երբեմն ալ յուսահատութեան կը տանի Սեւակը եւ ինչպէս որ ջարդի ու պայքարի անկրկնելի բանաստեղծը՝ Սիամանթօ, Սեւակ եւս յուսահատութենէն դէպի դառն խորհրդածութեան կ’երթայ։ «Ո՜վ Իմ Հայրենիքս» խօսուն խորագիրով քերթուածին մէջ բանաստեղծը Զուիցերիա, Լեմանի ափին քալելով՝ իր հեռաւոր հայրենիքին ցաւով կ’ապրի։ Նկարագրելով Զուիցերիոյ բնութեան հրաշալիքները, խաղաղ գեղեցկութիւնները, ապա իր հայրենիքին դառնալով՝ կը փնտռէ անոր ալ խաղաղ ու լի օրերուն «հովուերգութիւնները սխրալի», կը յիշէ «Արարատեան ձիւնափառ հսկան», «Եփրատ ու Արաքս ու Վանայ ծովակ», ու ներկան՝

 

Ով դո՜ւն, ո՜վ դժբախտ երկիր հայրենի,

Որ արիւնի տա՜ք շամանդաղի մէջ,

Զոհ՝ գազաններու խաղին վայրենի,

Ու համայնասպա՜ռ բոցերու անշէջ,

Կը մխա՜ս, դժբա՜խտ երկիր հայրենի…

 

Թումանեան «Հայրենիքիս Հետ» քերթուածին մէջ կը հաստատէ, թէ «…պօէտներ, որ չեն պղծել իրենց շուրթերը անէծքով…», սակայն բանաստեղծի խօսքը բառացիօրէն պէտք չէ ընկալել։ Երբ ցաւը անընդգրկելի, մարդու ուժերէն վեր չափերու կը հասնի, երբ բանաստեղծը հայրենիքի կորուստին սարսափը կ’ապրի, երբ անզօր կը դառնայ ամէն բառ՝ նկարագրելու համար թշնամիին ճիւաղային բնոյթը, բանաստեղծին այլ բան չի մնար, քան նզովելը։ Այսպէս է Սիամանթոյին քով, այսպէս է որ Սեւակին հերոսները կ’աղաղակեն.

 

Թո՜յն շնչէիք դուք, ու ըմպէիք մահ…

Հո՜ւ, նզո՜վք, նզո՜վք, ձեր սերունդներուն…

 

Բանաստեղծը գիտէ, որ տկար «զէնք» է անէծքը ու կ’աւարտէ ցաւով, նաեւ՝ իր անզօրութեան ինքնամեղադրանքով։ «Զառամած» է իր քնարին թելը, քանի որ անմասնակից հայրենի ժողովուրդի տառապանքին, օտար երկրի գեղեցկութիւնները կ’երգէ, փոխանակ իր ազգին համար վրէժի ու պայքարի մարտակոչ  հնչեցնելու.

 

Քնարի զառամա՜ծ թելի մը փարած,

Թալանէ՛, բոցէ՛, ա՜հ, հեռու, հեռո՛ւ,

Քալէ՛, դուն, քերթող հայրենահալած,

Հո՜ւր, արի՜ւն երգէ ազատ լեռներու.

Քնարի զառամա՜ծ թելի մը փարած…

 

Ու ապա՝ ցաւած ու անզօր մարդուն ընդհանրական հարցումը՝ «Բաբէ՜,…կեա՞նքն է այս, քալէ՝ կուրօրէն»։

Ցաւէն՝ յուսահատութիւն, զայրոյթէն՝ ընդվզում ու վրէժի կոչ, բոլոր տրամադրութիւններէն կ’անցնի բանաստեղծը։ «Կիլիկեան երգեր»ու «Վերջին օրօր» քերթուածին մէջ, թուրքին եաթաղանէն մեռնող մայրը մանկան կ’ըսէ, որ անոր վիրաւոր հօր մարմնին առջեւ ինք ուխտած է «…Հռոմի էգ գայլին պէս նոր Ռոմուլոս մը դիեցնել ստինքէս»։ Ու ապա կու տայ վերջին պատգամը, որ նոյն ատեն բանաստեղծի ակնկալիքն է հայ մայրերէն՝

 

Ահա կ’իյնամ…Հայրենիքը մա՜յր քեզի,

Կտակ կու տամ այս կոտրած սուրն երկսայրի՝

Ուր հայրիկիդ դեռ տաք արիւնը կ’այրի…

Օրօր ըսեմ՝ քնանաս…

 

Սեւակ յաճախ կը դիմէ Աստուծոյ՝ թէ՛ երկրի վրայ տեղի ունեցող անարդարութիւններուն եւ թէ՛ հայոց ճակատագիրին առնչութեամբ։ Աստուած իր պարագային կը նոյնանայ համամարդկային մեծ արդարութեան գաղափարին։ Կիլիկեան ջարդերու արձագանգ «Զանգակնե՜ր, զանգակնե՜ր» քերթուածին մէջ, Սեւակ կը խօսի Հայոց Եկեղեցւոյ զանգակներուն հետ, որոնց վրայ «կեղեւ պատեց աղօթքի փոշին», սակայն դարեր շարունակ մեր աղօթքներուն փոխան դիտեցին, թէ ինչպէս՝

 

Որբ, կին, ծերունի, բոցերով անշէջ,

Իրենց Աստծոյն գահին զոհուեցան։

Ու բնականօրէն կը հնչէ հարցումը՝

Արդ ո՞ւր էք, չքնաղ խոստումներ խաչին,

Եղբայրութեան զուր բարբառներ, ո՞ւր էք…

 

Նշելով, որ հեռու է արդարութեան օրը, ան կ’եզրակացնէ՝ եթէ նորածին գառնուկը ապրիլ կ’ուզէ՝ պէտք է «ակռան սրէ լռելեայն»։ Ապա, ի վերջոյ, կը պոռթկայ արդարութիւն փնտռող բանաստեղծին ընդվզում- մարտակոչը.

…Գոռացէք, զանգեր, ու կատաղօրէն

Գահավիժեցէք ձեր երկաթ թառէն,

Ուրկէ միայն լալ գիտցաք դարերով…

Ջարդի օրերուն «Ազդակ» շաբաթաթերթի խմբագրութեան ուղղած նամակի մը մէջ («Ազդակ», 1909, թիւ 23) Սեւակ կը գրէ, որ զուիցերական թերթի մը մէջ կարդացեր է իրենց ճակատագրին հնազանդօրէն ենթարկուող հայերու մասին հեգնական յօդուած մը, ուր ըսուած է. «Աստուած էշերը ստեղծեց անարգելու համար, հայերը՝ ջարդուելու։ Թուրքիոյ մէջ ռէժի՞մ պիտի փոխուի-հայերու ջարդ, շերիա՞թ պիտի հաստատուի- հայերու ջարդ, Սուլթա՞ն պիտի գահակալէ- հայերու ջարդ։ Բայց այս բոլորն այնքան տարօրինակ չէ մեզի համար, որքան այն յուսահատեցուցիչ «խելօքութիւնը», որով հայերը կ’ողջունեն ջարդերը։ Ե՞րբ պիտի այս ժողովուրդը սորվի մարդկայնօրէն կատղիլ…»։

Ահա մեր ժողովուրդը «մարդկայնօրէն կատղեցնելու», գերութեան վեց հարիւր տարուան ճնշուած արժանապատուութիւնը արթնցնելու ճիգին մէջ էին նոր սերունդի բանաստեղծները՝ Սիամանթօ, Վարուժան, Սեւակ…

Հայ գրականութեան մէջ հայրենիքին նուիրուած անհամար քերթուածներ կան։ Արդ կը յիշեմ անոնցմէ ամէնէն յատկանշականները՝ խտացուած հայոց պատմութիւն-քերթուածներ, ինչպէս՝ Չարենցի «Ես Իմ Անուշ…», Թումանեանի «Հայոց Լեռներում», «Հայրենիքիս Հետ», Իսահակեանի «Արարատին», Վարուժանի «Ձօն», «Առկայծ Ճրագ», Շիրազի «Մենք Խաղաղ Էինք…» . շատ են։ Սեւակ ունի ընդամէնը վեց տողնոց քերթուած մը, որ խտացումն է հայ ժողովուրդը պատուհասած աղէտներուն։ Քերթուածի որեւէ մեկնաբանութիւն աւելորդ է, քանի բանաստեղծը յստակօրէն, խիտ տողերու զուսպ ու ազդեցիկ պատկերներով ամփոփած է արեւմտահայոց ապրած բոլոր արհաւիրքները՝ երկիրն ամայացնող ակամայ պանդխտութիւն, սովահարութիւն, այն պարագային երբ Թուրքիան կերակրողը հայերն էին, ու ջարդերը…

 

Ո՞վ կու լայ այսպէս խշտեակիս շեմին.

-Քո՜յր, ղարիպն է, բա՛ց…

Կմա՞խք մը կ’անցնի դուրսէն լալագին.

-Սո՜վն է, դուռդ բա՛ց…

Տապա՞րն է ջախջախ դրանս կուրծքին.

Ջա՜րդն է, դուռդ բա՛ց…

 

Մշտապէս այս նիւթերուն առնչուելով՝ յաճախ կ’ունենամ միտք մը՝ եթէ այսօր թուրքը իրապէ՛ս ըլլար քաղաքակրթուած ու փոխած իր արիւնռուշտ բնոյթը՝ հայ բանաստեղծներու (ու ոչ միայն հայ) գործերուն կարեւոր մէկ մասը՝ պայքարի կոչերը այլեւս գրականութեան պատմութեան պիտի անցնէին… մինչդեռ անոնք այսօր ալ կը մնան այժմէական ու զմեզ սթափութեան կոչող…։

Լալա Միսկարեան-Մինասեան