«Երկիր».-29 Մարտին հրդեհ բռնկած է Պաքուի Ապշերօն շրջանի մէկ յարկանի շէնքին մէջ, ուր կ’ապրին փախստականներ: Այրուածքներ ստացած է 2 մարդ: Հրդեհը մարած է:
Սա 2021-ի ընթացքին երրորդ դէպքն է, որ փախստականներու բնակավայրեր կ’այրին:
«Տարօրինակ պատահականութեամբ» Ատրպէյճանի մէջ վերջին շրջանին կ’այրին հիմնականօրէն փախստականներուն բնակարանները: Ատրպէյճանցիները, անշուշտ, չեն ուզեր տեղափոխուիլ Արցախ` բնակութեան, եւ բնակիչները առանց տունի ձգելով` երկրի իշխանութիւնները կը փորձեն անոնց հարկադրաբար բնակեցնել Արցախի մէջ: