«Երկիր».- Իլհամ Ալիեւ դարձեալ խօսած է Հայաստանի տարածքներուն նկատմամբ իր նկրտումներուն մասին:
Թրքալեզու պետութիւններու գործակցութեան խորհուրդի ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին Ալիեւ ըսած է, թէ Զանգեզուրը Ատրպէյճանի հին հողն է, որ թրքական աշխարհը միաւորելու դեր խաղցած է:
«Զանգեզուրով անցնող երթեւեկութիւնը, կապը, ենթակառուցուածքային նախագիծերը կը միաւորեն թրքական ամբողջ աշխարհը, նաեւ լրացուցիչ կարելիութիւններ կը ստեղծեն այլ երկիրներու մէջ` Հայաստանի համար», ըսած է Ալիեւ:
Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած է նաեւ, թէ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին, «Զանգեզուրի միջանցքի» ուղղութեամբ: