«Արմէնփրէս».- Ասկերանի վերին ենթաշրջանին մէջ` Սղնախ գիւղի ուղղութեամբ իրականացուած որոնումներու ընթացքին  29 Մարտին  յայտնաբերուած է  մէկ աճիւն եւս:

«Վերջինս, նախնական տուեալներով ռազմական գործողութիւններուն մասնակցած ժամկէտային զինուորական ծառայող է: ԱԻ Պետական Ծառայութեան փրկարար ջոկատները, որոնումները կը շարունակեն 30 Մարտին` Ջրականի (Ջապրայիլ) շրջանին մէջ», յայտնած  են Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութենէն:

Որոնումներու ընթացքին մինչեւ օրս յայտնաբերուած է 1524 աճիւն: