Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Երեքշաբթի, 30 Մարտ 2021- ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Գամիշլիի Ազգային Եփրատ Նախակրթարանի Տնօրէնութեան եւ Ուսուցչաց կազմին կազմակերպած տարեկան ցուցահանդէսը, ներկայութեամբ պետական եւ կրթական պատասխանատուներուն ինչպէս նաեւ աշակերտներու ծնողներուն։ Յայտագիրը ընթացք առաւ ելոյթովը խումբ մը աշակերտներու, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկայ հիւրերուն ապա անոնք երգերով, պարերով ու կանչերով յայտագիրը հարստացուցին եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին։ Այնուհետեւ վարժարանի տնօրէնուհի փաստաբան օր. Լուսին Աւետիսեան առաջնորդեց պատասխանատու հիւրերը ցուցահանդէսի սրահ, ուր ձեռային աշխատանքի ուսուցչուհի տիկ. Թամար Շարոյեան-Սարգիսեան ներկայացուց աշակերտներուն աշխատանքը։ Աւարտին տնօրէնութիւնն ու կրթական պատասխանատուները հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր, լուսարձակի տակ առնուեցան երկրի ներկայ դժուար պայմաններն ու ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Ապա անոնք դպրոցներուն մաղթեցին բարեյաջող աւարտ, Սուրիական Հայրենիքին ու անոր աննահանջ բանակին յարատեւ վերելք՝ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին առաջնորդութեամբ։ Բժշկհ. Մարի Մելքոն