Որո՞նք տակաւին իրենց շրթները չեն թրջած հայկական անմահական գինիով…
Ֆրանսացիները կ՚ըսեն, թէ գինին ստեղծեցին հայերը, յոյները զայն դարձուցին առեւտուրի ապրանք, իսկ ֆրանսացիները՝ արուեստի: Աշխարհահռչակ Շառլ Ազնաւուր ըսած է. «Հայկական գինիին առանձնայատկութիւնն այն է, որ զգալ կու տայ այն, ինչ որ չենք կրնար արտայայտել բառերով»:
1978-ին, Ֆրանսայի մէջ աւելի քան 35.000 բժշկական հետազօտութիւններէ ետք, հաստատուեցաւ, որ ամէնօրեայ չափաւոր գինիին օգտագործումը կը պաշտպանէ մարդը սրտի ու քաղցկեղի հիւանդութիւններէ: Ապագային արդիական ուսումնասիրութիւնները բացայայտեցին գինիին հարստութիւնը polyphenol քիմիական զօրաւոր հակաօքսիտենթներով, որոնց չափաւոր օգտագործումը կը պաշտպանէ մարմինը կործանարար ազատ ռատիքալներէն՝ կանխարգիլելով քաղցկեղը, կը բարելաւէ ջղային համակարգը,  կը կանխարգիլէ նաեւ բջիջներու ծերացումը եւ սրտանօթային հիւանդութիւնները:
Իսկ ճերմակ ու կարմիր գինիներուն տարբերութիւնը այն է, որ կարմիրին պատրաստութեան ատեն խաղողի հատիկները կը պահուին իրենց կեղեւներով ու կուտերով, որոնք աւելի մեծ սնընդային արժէք կը ներկայացնեն:
Կ՚ըսուի թէ մարդկութիւնը հայկական գինիին համը եւ ազդեցութիւնը զգաց ու բացայայտեց ա՛յն ժամանակ, երբ Նոյ նահապետ ջրհեղեղէն ետք Արարատ լերան ստորոտին տնկեց առաջին որթատունկը ու անկէ պատրաստեց գինի: Այս գաղտնիքը բացայայտեց միայն այծը, որ ուտելով այդ խաղողներէն հարբեցաւ ու սկսաւ հրմշտկել միւս կենդանիները…
Ահա այս է առաջին տեղեկութիւնը,
Որ այնքա՛ն հին է, որքա՛ն աշխարհը
Եւ այնքա՛ն ճշմարիտ, որքա՛ն կտակարանը: