Երկուշաբթի, 29 Մարտ 2021-ին, Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոս-Մոսկուա թռիչքները պիտի վերսկսին յառաջիկայ Շաբաթ, 3 Ապրիլ 2021-էն սկսեալ։
Այս առիթով սուրիական օդանաւային ընկերութեան առեւտրական հարցերու տնօրէն երկրչփ. Լուայ Հասան ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Շաբաթ, 3 Ապրիլ 2021-ի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Դամասկոսի Միջազգային օդակայանէն Մոսկուայի Ֆնոքա օդակայան պիտի մեկնի առաջին թռիչքը։ Օդանաւը պիտի հասնի երեկոյեան ժամը 8:20-ին։ Իսկ Մոսկուայէն օդանաւը պիտի մեկնի ժամը 9:20-ին, եւ Դամասկոս պիտի հասնի կէսգիշերուան ժամը 2:45-ին։