Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած երեք տօներ կը յիշատակուին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի «Չարչարանացն եւ մտանելոյն ի վիրապն», «Ելանելոյն ի վիրապէն» եւ «Գիւտ նշխարաց»:
Արդարեւ, Կիրակի, 21 Մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին,   Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապ տօնը եպիսկոպոսական Պատարագով հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Եպիսկոպոսական Պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը հաւատացեալներուն ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Ճորճ Շահինեան, Թեմի եկեղեցիներու Թաղական Խորհուրդներ, Տիկնանց յանձնախումբեր եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եւ թափօր կազմած Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի: Ս. Խորանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան եւ Արժ. Տ. Արշակ քհնյ. Ալաճաճեան: Պատմական եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ հաւատացեալ ժողովուրդը լիցքաւորուեցաւ Սուրբ Պատարագի հոգեպարար արարողութեամբ: Պատարագի հոգեթով երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ Բարշ.Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր պատգամը, բնաբան ունենալով հետեւեալ աստուածաշնչական համարը. «Ան որ կ’ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, ամէն օր իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ» (Ղկ 9.23): Սրբազան Հայրը պարզաբանելով Մեծ Պահոց Գալստեան Կիրակիին խորհուրդը, յայտնեց, թէ Գալստեան Կիրակիին կը յիշատակենք Քրիստոսի առաջին գալուստը, որ խաչի ճանապարհով մարդկութիւնը փրկութեան առաջնորդեց, ինչպէս նաեւ կը յիշատակենք Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, որուն միջոցաւ դատաստանի պիտի ենթարկուին ողջերն ու մեռածները:
Սրբազան Հայրը նշեց, թէ ներկայիս կ’ապրինք սպասման ժամանակաշրջանի մէջ, որուն ընթացքին անհրաժեշտ է, որ պատրաստուինք՝ Քրիստոսը անգամ մը եւս դիմաւորելու համար, հետեւելով Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի օրինակին, որ շարունակելով Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն առաքելութիւնը, ընտրեց Աստուծոյ արդարութեան եւ կեանքի ճանապարհը, մասնակից եղաւ Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ ամբողջ 13 տարի խոր վիրապէն կենդանի աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ իր ազգի դարձին եւ փրկութեան համար, ապա դուրս ելլելով գուբէն, հայոց Տրդատ թագաւորին ապաշխարութեան եւ դարձի կոչ ուղղեց։ 301-ին հայ ժողովուրդը խաւարէն դէպի Քրիստոսի լոյսին գալով հանդիսացաւ առաջին ազգը, որ ճանչցաւ քրիստոնէական հաւատքը:
Մասիս Եպիսկոպոս պատուիրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին նման սիրով եւ համբերութեամբ պայքարիլ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն դէմ, որպէսզի յաղթանակած դուրս գանք խոր վիրապէն, չարութենէն եւ Քրիստոսի ներկայութեամբ ճաշակենք հոգեկան ցնծութիւնը:
Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի անունը կրող պատմական եկեղեցւոյ մէջ գտնուելուն առիթով, յայտնելով, որ պատերազմի խաւար տարիներուն այս եկեղեցին լոյս եւ պաշտպան հանդիսացաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, ան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը՝ քահանայ հայրերը, թաղական խորհուրդը, աղքատախնամը, տիկնանց յանձնախումբը, սարկաւագներն ու դպիրները, մաղթելով բոլորին աստուածահաճոյ եւ նուիրական ծառայութիւն:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն: Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով եւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր դպրաց դասը երգեց «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ «Թագաւոր Երկնաւոր Զեկեղեցի Քո Անշարժ Պահեա՛» շարականը:
Աւարտին, եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս Թաղական Խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պարգեւատրեց բազմավաստակ քահանայ հայրեր Արժ. Տ. Մաշտոց Աւագ Քհնյ. Արապաթլեանը, Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեանը եւ Արժ. Տ. Արշակ քհնյ. Ալաճաճեանը, ինչպէս նաեւ սարկաւագներ Բարշ. Սարգիս սրկ. Պարսումեանը եւ Բարշ. Պետրոս սրկ. Յովհաննէսեանը, անոնց նուիրելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատմագիրքը: Սրբազան Հայրը ներկաներուն յայտնեց, թէ Կրօնական Ժողովին տնօրինումով այսուհետեւ  Արժ. Տ. Արշակ քհնյ. Ալաճաճեան իր ծառայութիւնը պիտի շարունակէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան՝ Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Սրբազան Հայրը բարձր գնահատելով եկեղեցւոյ ճամբով մեր ազգին նուիրուած ծառայութիւնը, հանդիսաւոր այս տօնին կրկին անգամ գնահատեց եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, թաղական խորհուրդը, աղքատախնամը, տիկնանց յանձնախումբը, սարկաւագներն ու դպիրները՝ իրենց եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութեան համար:
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան