Նորօրեայ աշխարհակարգին եւ արդի մարդուն համար մեծ նշանակութիւն եւ ծանրակշիռ կարեւորութիւն կը զգենուն հետեւողական աշխատանքն ու յամառ, աննահանջ մրցակցութիւնը։
Աշխարհ այսօր վերածուած է հսկայ կրկէսի մը, ուր մարդիկ բռնուած են հեւքոտ վազքի, կը գործեն անդուլ ջանքերով եւ անողոք մրցակցութեամբ… Անոնք յարաճուն թափով կ’ընդարձակեն իրենց գործունէութեան ծիրը, մեծ բծախնդրութեամբ կը մշակեն ծրագիրներ, կը կազմակերպեն իրենց ժամանակը, ապա կը տքնին գիշեր ու ցերեկ ի խնդիր սեփական նպատակադրումներու կենսագործման։
Մինչ այդ՝ անոնք յաճախ կը մոռնան իրենց շրջապատը եւ աշխատանքի դոհուբոհին ու մոլուցքին մէջ կ’անտեսեն իրենց մրցակիցները, միամտաբար կամ մեծամտօրէն խորհելով՝ թէ աշխատանքով եւ կարողութեամբ ոչ ոք կրնայ չափուիլ իրենց հետ կամ տիրանալ այն յաջողութեան ու փայլուն արդիւնքներուն, զորս կ’ակնկալեն իրենք։ Սակայն, ժամանակ մը ետք կամ փուլի մը աւարտին, երբ կը հնչէ հաշուետուութեան ժամը, անոնք անակնկալօրէն կ’անդրադառնան, որ ուրիշներ եւս, ոչ միայն հասած են առաջատար դիրքերու, այլ զարմանալի կերպով նոյնիսկ գերազանցած զիրենք, ինչ որ յաճախ շփոթի, խուճապի եւ վհատութեան կը մատնէ այդ մեծամիտ ու եսակեդրոն մարդիկը։
Նման պարագաներու խնդրոյ առարկայ անհատը չհաւատալով պատահածին, առաջին հերթին զգացական հակազդեցութեամբ կ’ընդվզի, կը պոռթկայ, կը բողոքէ, կը վշտանայ, կը զջղայ, կ’անիծէ իր չար բախտը… Յետոյ՝ դառնացած կ’ամբաստանէ աջ ու ահեակ, պատասխանատուներ կ’որոնէ, անարդար կարգադրութիւններու եւ աննպաստ դասաւորումներու կը վերագրէ իր անյաջողութիւնը… Աւելին՝ ծայրայեղօրէն առաջ երթալով կը յուսահատի, կը մեկուսանայ եւ անձնատուր կը դառնայ տխրութեան, հոգեբեկումի եւ անորոշութեան։
Այսուհանդերձ՝ յետ ցնցումի եւ բարկութեան երբ ձախողութեան մատնուած ենթական համարատուութեան կը նստի ինքն իր անձին հետ՝ անկողմնակալ, հանդարտ, ներամփոփ եւ առարկայական քննարկումով տարուած աշխատանքին արժեւորումը կատարելու, ինչպէս նաեւ ձեռք բերուած անակնկալ ու անբաւարար արդիւնքին հիմնապատճառները փնտռելու, առանց նուազագոյն դժուարութեան կ’անդրադառնայ, որ ստանձնած պարտականութեան նկատմամբ վարուած է անփութութեամբ եւ անտարբերութեամբ՝ գործելով աններելի սխալներ, արձանագրելով անհարկի թերացումներ եւ արտօնելով բազում բացթողումներ։
Ահա այստեղ ի յայտ կու գայ արի, առողջ եւ հաւասարակշռուած մարդը, որ իրատեսութեամբ կ’ընդունի իր մրցակիցներուն առաւելութիւնները, նաեւ կը խոստովանի թէ՝ ուրիշներ գործած են շատ աւելի հետեւողականութեամբ ու ծրագրումով, տրամադրած են յաւելեալ ճիգ եւ ժամանակ, ցուցաբերած են անընկճելի հաստատակամութիւն եւ յարատեւօրէն բարելաւած իրենց միջոցառումները… հուսկ՝ հիմնական վերանայումով կը վերաորակաւորէ իր աշխատելաոճը (միշտ պահելով դրականն ու օգտակարը եւ վանելով ժխտականն ու վնասակարը) եւ ուժերու ընդհանուր զօրահաւաքով կը վերաձեռնարկէ գործի, ինչ որ մեծ հաւանականութեամբ կը նպաստէ ենթակային դուրս գալու համար իր տագնապալի ու ճնշիչ կացութենէն։
Արդարեւ՝ մրցակցութիւնը կը նկատուի մարդկային կեանքը իմաստաւորող ու խթանող ամենասքանչելի երեւոյթներէն մէկը։ Անոր հրաշագործ զօրութեամբ մարդս կը վերադառնայ իր անձին, կը գնահատէ իր գործունէութեան ընթացքը, կը ճանչնայ ինքզինք, իր կարողութիւնները, կը ճշդէ իր պայմաններուն համապատասխանող ամենաարդիւնաւէտ ուղին, ու յետ ուղղումներու՝ վերաթարմացեալ եռանդով կը վերսկսի աշխատանքի։
Մրցակցութեան բազում բարիքներէն եւ օգտակարութիւններէն կարելի է մէջբերել հետեւեալները.
– Կը յայտնաբերէ առաջատար մրցակիցներու յատկութիւններն ու կարելիութիւնները, որոնց շնորհիւ անոնք յաջողած են առաւելութիւն ձեռք բերել կամ գերազանց արդիւնքներու հասնիլ։
– Կը մղէ մարդը անդրադառնալու իր սեփական թերութեանց, որքան ալ աննշան եւ ճղճիմ ըլլան անոնք, միաժամանակ կը հրաւիրէ զայն հրաժարելու իր որդեգրած արհամարհոտ, անփոյթ եւ անպատասխանատու վարքագծէն։
– Համակողմանի, լուրջ եւ խստապահանջ ինքնաքննութենէ ետք ճշգրիտ ախտաճանաչում կը կատարէ եւ գիտական առողջ սկզբունքներով դարմանումի կ’անցնի՝ վերաշխուժացնելով աշխատանքի թափը, նաեւ ընդմիշտ ձերբազատելով տկարութենէ, թուլութենէ, անվճռակամութենէ, ծուլութենէ եւ անտարբերութենէ։
– Մրցակիցներու մօտ կը խթանէ մարզական ազնիւ ոգին՝ վեհանձնութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ ընկալելու որեւէ ընկրկում կամ նահանջ։ Պարտեալն ու յաղթականը կը խրախուսէ առանց վերապահութեան ողջագուրելու եւ գնահատելու զիրար, որովհետեւ՝ եթէ մէկը անսակարկ նուիրումով գերակայութիւն ապահոված է միւսն ալ նոյնքան յոգնութիւն, ճիգ եւ քրտինք սպառած է՝ կենդանութիւն, հմայք եւ խանդավառութիւն մուծելով մրցանքին, ու մանաւանդ՝ պայքարի խայծ պարգեւելով շահող կողմին։
– Յոռետես, խոժոռադէմ եւ անտրամադիր մարդուն կը թելադրէ ըլլալ լաւատես, ժպտուն եւ ուրախ, ստուարացնելու համար գործակիցներու եւ բարեկամներու շարքերը, նոյն ատեն ընդարձակելու իր յարաբերութեանց ծիրը։
– Միւս կողմէ՝ տեւաբար ներող, բարեացակամ եւ ազնիւ մարդը կը հարկադրէ վարուելու խստութեամբ, պահանջկոտութեամբ ու ի հարկին նոյնիսկ կոպտութեամբ՝ իր բարութիւնն ու հեզութիւնը չարաչար օգտագործել փորձող պատեհապաշտ մարդոց նկատմամբ, վերջ դնելով անոնց կամայականութեան, անփափկանկատութեան եւ անյարգալիր վերաբերումին։
– Կ’ապացուցէ որ կեանքի մէջ ոչ մէկ դիրք, կացութիւն կամ ճշմարտութիւն բացարձակ եւ մնայուն բնոյթ ունի, այլ ամէն ինչ համեմատական է ու վերատեսելի։
– Կը սորվեցնէ յարգել եւ սիրել կեանքը՝ իր բոլոր վերիվայրումներով, անակնկալներով, նորութիւններով, փոփոխութիւններով, ուրախութիւններով, տխրութիւններով… Այլ խօսքով՝ իր անուշ թէ դառն երեսներով։
– Կը յորդորէ մեզ յարմարիլ կեանքի կշռոյթին, ըլլալ զգաստ եւ գիտակից՝ միշտ պատրաստ վերափոխելու մեր մօտեցումն ու դիրքորոշումը մարդոց եւ դէպքերու նկատմամբ։
– Կը պատգամէ ամէն պարագայի նախապատիւ համարել օրէնքը եւ գործել կարգապահութեամբ, ճշդապահութեամբ, պարտաճանաչութեամբ, անձնազոհութեամբ ու յատկապէս՝ կազմակերպ ու կանխածրագրուած դասաւորումով։
– Կը փոխանցէ հաստատ եւ նպատակասլաց ռազմավարութեամբ ծրագրելու, ապա՝ ճկուն մարտավարութեամբ գործելու ունակութիւն եւ փորձառութիւն։
– Մշտապէս վառ կը պահէ աւելի լաւին, աւելի բարձրին, աւելի վեհին, աւելի որակաւորին, աւելի գեղեցիկին, աւելի թանկարժէքին, աւելի ուժեղին, աւելի բարիին, աւելի կատարեալին տիրանալու ձգտումն ու տենչանքը։
– Մարդ էակը կ’օժտէ ասպետական նկարագրով, պայքարունակ ոգիով, անխոնջ աշխատասիրութեամբ եւ անբեկանելի կամքով, դարբնելով անկէ՝ համարձակ, կորովի, խիզախ ու մարտունակ անհատականութիւն մը, որ ատակ է ինքնավստահութեամբ եւ ամենայն արժանաւորութեամբ դիմագրաւելու այլատեսակ մարտահրաւէրներ, կամ յաղթահարելու բազմապիսի դժուարութիւններ։
Այսպէս ուրեմն՝ առողջ մրցակցութիւնը այն յանկուցիչ եւ առինքնող երեւոյթն է որ մարդուս կը շնորհէ յաղթանակի ամենազգլխիչ վայելքն ու երանութիւնը, կեանքը կը դարձնէ գեղեցիկ, անոյշ, երջանիկ, հրապուրիչ եւ ցանկալի, անոր անսահման բարիքներէն արդար բաժիններ վերապահելով մահկանացուներուս, համաձայն մեզմէ իւրաքանչիւրին կարողութեան, զոհաբերութեան եւ ի գործ դրած ջանադրութեան։