«էրմէնիհապեր».-30 Մարտին Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողանի գլխաւորութեամբ պիտի գումարուի անվտանգութեան խորհուրդի նիստ: Թրքական TRT լրատուամիջոցը հաղորդումին համաձայն, նիստին պիտի քննարկուին  շարք մը առանցքային հարցեր՝ Միջերկրական ծովու, Սուրիոյ, Լիպիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

Նիստի օրակարգին պիտի քննարկուի նաեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէն բռնագրաւուած Աղտամ (Ակնայ) շրջանին մէջ 30 Յունուարին ստեղծուած թուրք-ռուսական միատեղ մշտադիտարկման կեդրոնի աշխատանքներուն հարցը: