Մեր արգիլուած գրականութեան ճամպրուկին մէջ կը գտնուէր տրցակ մը, որ ոչ մէկ  խորթութեան առարկայ կրնար ըլլալ եւ նախատեսուած էր ծառայելու Համազգայինի ծանօթացումը կատարելու հայրենի շրջանակներուն մէջ: Ան տասներկու լայնադիր էջանոց պատկերազարդ  ակնահաճոյ հրատարակութիւն մըն էր, ուր ամփոփած էի Համազգայինի գործունէութեան մէկ սեղմ պատմութիւնը, լոյսին բերած՝ անոր վաթսունամեայ գործունէութեան այլազան երեսները՝ կրթական, հրատարակչական  ու մշակութային: Առ այս աւելցուցած էի կարգ մը պարզունակ ու դիւրընկալելի վիճակագրական թիւեր ու տախտակներ եւ այլն:
Երկրորդ թէ երրորդ առաւօտուն էր, պանդոկի նախամուտքի սեղանիկներուն վրայ  դրած էի անոր օրինակներէն, ինքս ալ անկիւն մը նստած կը սպասէի Եափուճեանին, երբ ելեւմուտք ընողներէն երկու երիտասարդ վերցուցին մէկական օրինակ ու սկսան «աչք մը նետել» անոր էջերուն:
Կ’աճապարէին, այնպէս որ ենթադրեալ ընթերցումը  տեղի ունեցաւ ոտքի:
Քանի մը վայրկեան ետք անոնցմէ մէկը  ըսաւ  միւսին.
-Արա, էս մեր Լեւոնը ե՞րբ ա ժամանակ ունեցել  էսքան բան անելու սփիւռքում:
-Մի՛ հաւատայ, փչում ա, էդ շաշ1 արեւմտահայը2 իսկական աճպարար ա, նրա ամէն ասածին պէտք չի հաւատալ:
-Ես էլ եմ էդպէս տպաւորուած…
-Ա՛ռ նրա հրապարակային  խուժանավարի ելոյթները, իսկական խուլիկան…
Ապա արհամարհանքով պրակները նետեցին առած տեղերը ու հեռացան:
Ուրեմն այս «ընթերցողներս»  Լեւոն  Շանթի Համազգայինը կը շփոթէին   Լեւոն Տէր Պետրոսեանի  Հայոց Համազգային Շարժումի հետ.  ասոր  «շիլ» ու «արեւմտահայ»  ըլլալու յատկութիւններն ալ բարդելով  միւս  «առաքինութիւններուն»  վրայ:
Ուրկէ-ուր յիշեցի Շահնուրի «Առաւօտեան շեփորը», որուն հերոսուհին՝ Աղաւնին, մտահոգ կը յարէ նշանածին՝ Աւոյին (երկուքն ալ  կապուելիք խենթեր. Շ.Շ.)…
-Երկուքիս ալ անունը Ա-ով կը սկսի: Մեր ճերմակեղէններուն վրայ միշտ Ա. մառքան (պիտակը) պիտի ըլլայ: Է՜յ, ան ատեն ինչպէ՞ս իմ ճերմակեղէններս քուկիններէն պիտի զանազանենք:
Աւօն իր կարգին, մտահոգ  նման զուգադիպութեամբ մը, կը հակադարձէ.
-Քա Աղաւնի, ադ ի՜նչ գէշ լուր տուիր…:
-Հապա՜,- կը շարունակէ Աղաւնի իր գիւտով հպարտ,- շա՜տ գէշ լուր…Չելլաս իմ քոմպինեզոններս հագնիս…Ան ատեն ես ալ քու փաչալը վարտիքներդ կը հագնիմ…հա՜…հա՜…հա՜…:
Անուններու նոյնպիսի շփոթ մըն էր, որ տեղի կ’ունենար մտքին մէջ այս երկու արեւելահայերուն, որոնք, յստակ   էր, բացարձակապէս ոչ մէկ  գաղափար ունէին Շանթի ու անոր գործին մասին: Իսկ մենք այս միջավայրին մէջ է որ պիտի ջանայինք Համազգայինի հայրենի մասնաճիւղ հիմնել, արեւմտահայ մշակոյթ ծանօթացնել ու տարածել:
* * *
-Քեզի լաւ լուր մը,- բարձր տրամադրութեամբ մօտեցաւ Եափուճեան: -Իմացայ, որ Արամ Մանուկեանի շիրիմը անվթար պահպանուած է, հասցէն ալ ունիմ, երթանք-այցելենք:
-Կատա՞կ կ’ընես,- չկրցայ հաւատալ:
Որովհետեւ իմ մէջս  վառ մնացած էր Գէորգ Աբովի այն վերջնագիրը, թէ՝
«Մենք չենք մոռացել, որ պիտի ջնջենք
Երկրից առ յաւէտ սեւ ֆաշիզմի հետ
Նաեւ հետքն իսկ ձեր, ո՛չ, չենք մոռացել»:
Եւ անշուշտ մինչեւ հիմա որոշումնին գործադրած պէտք է ըլլային:
Ուրեմն անկիւնները՝ հոս-հոն,  մոռցուած բանե՞ր  մը մնացեր էին:
-Ո՞ւր է այդ շիրիմը,- հարցուցի թերահաւատ:
-Թոխմախ գէօլ,- եղաւ պատասխանը:
-Ըսածիդ կ’անդրադառնա՞ս. ի՞նչ ըսել է  «Թոխմախ գէօլ», մէկը հետդ չար կատակ ըրած է. թոխմախ կը նշանակէ «թակ»,  փայտեայ խոշոր մուրճ, իսկ գէօլ-ն ալ կը նշանակէ «լիճ»: Կրնա՞ս գերեզմանի այսպիսի զաւեշտական անուն մը պատկերացնել Երեւանի մէջ:
-Հիմա լեզուաբանութիւն մի՛ ըներ գլխուս, ա՛յս է անունը,- ըսաւ ինքնավստահ ու մօտեցող վարձակառք մը կեցուց՝ «Թոխմախ գէօլ»3 թելադրելով վարորդին:
-Խնդրեմ,- ըսաւ վարորդը եւ հրաւիրեց, որ ելլենք:
Ուրեմն ճի՛շդ է եղեր, այս անունով գերեզմանոց կայ եղեր…
Քանի մը վայրկեան ետք կանգ առինք  երազային լիճի մը ափին, փոքրիկ Սեւան մը, որմէ քանի մը քայլ անդին  կը բացուէր  հսկայ դարպաս մը.
-Է ՛ս ա, հրամեցէ՛ք…
Ու իջանք:
Մեր առջեւ կը պարզուէր  խորհրդաւոր հսկայական կառոյց մը, որ խճողուած էր մարմարակերտ պսպըղուն շիրիմներով, այլազան կոթողներով, դամբարաններով ու աշտարակներով: Եթէ քարակերտ հատուկենտ խաչերն ու հրեշտակները4 չըլլային, դժուար թէ մէկը կարենար գուշակել, թէ կը գտնուէր գերեզմանոցի  մէջ. ան շատ աւելի կը նմանէր համատարած թանգարանի՝ բաց երկինքի տակ: Այստեղ կային  հանգստարաններ, որոնք պէտք է արժած ըլլային  ապարանքի մը գինը, ո՛չ պակաս, այնքան շքեղ էին ու տպաւորիչ:
Մենք կը քալէինք տարածքը մէջտեղէն կիսող ճամբայէ մը, ուրկէ միջակ ծաւալով կառք մը  կրնար հանգիստ յառաջանալ, եւ կ’ուղղուէինք դէպի խորքը, ուր «ձախին, վերջընթեր շիրիմը Արամինն էր»,- ինչպէս բացատրեց գերեզմանապահը, եւ  հետաքրքիր կը կարդայինք շիրիմներու վրայ արձանագրուած տապանագրերը՝ հեռացնելով ձիւնի թեթեւ խաւը, որով երբեմն ծածկուած էին անոնք: Կը պատահէր, որ ոմանք, չոր ու ցամաք անուն-մականունէ անդին անցնելով, ըլլային գողտրիկ պատառիկներ՝ ասոյթներ, փիլիսոփայական խոհեր, մինչեւ իսկ գեղարուեստական բնոյթի կարճ ստեղծագործութիւններ:
Գրութեան լեզուն ընդհանրապէս հայերէնն էր, երբեմն ռուսերէնով խառն,  սակայն կային նաեւ մի՛այն ռուսերէն գրուածները, որոնք միշտ ռուսերու չէին պատկաներ անշուշտ, այլ կը կրէին հայկական մականուններ, որոնց տէրերը,- վստահաբար ննջեցեալները իրե՛նք եւս,- բոլորովին խզուած ըլլալ կը թուէին հայերէնէն եւ մինչեւ անդրշիրիմ ալ կառչած կը մնային իրենց այդ նախընտրութեան:
Հասանք մատնանշուած շիրիմին, որ ծածկուած էր ձիւնի թեթեւ խաւով մը. երբ քերեցինք զայն, ապա մեր աչքերուն առջեւ պարզուեցան ննջեցեալին անունն ու մականունը,  թուական մը եւ ուրիշ ոչինչ, որոնք արձանագրուած էին շատ պարզ  ու անպաճոյճ սալաքարի մը վրայ, որ կարծես ժամանակին հետ հիւծած էր: Իսկ գլխուն վերեւ կը բարձրանար պատկառելի խաչքար մը, որ բոլորովին նոր էր եւ իր  թարմութեամբ կը հակադրուէր շիրմաքարի դահութեան: Այդ նոյն խաչքարին կից գտանք փոքրիկ խնկաման մը՝ նոր հանգած խունկով ու մոխիրով:
Ուրեմն Արամ Մանուկեան զինք յիշող ու իրեն այցելող ունէր:
Այս  ալ կը նշանակէր, որ ան առարկայ կը դառնար նոր արժեւորումի մը, նոր խաչքարն ու թարմ խունկը այդ գուշակել կու տային: Եւ չէի սխալեր, ատոր յուզիչ բացատրութիւնը պիտի ունենայի քանի մը օր ետք:
Արմենակ Եղիայեան