«Ամերիկայի Ձայն».-Նիւ Եորքի` ՄԱԿ-ի գրասենեակէն ներս, Հայաստանի առաքելութեան կողմէ նախաձեռնուած ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ կրթութեան նուիրուած համաժողովը սկսաւ Կոմիտասի երաժշտութեամբ: ՄԱԿ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան ընդգծած է, որ հայ ազգը Ցեղասպանութեան սարսափները կրած է 20-րդ դարսկիզբին, ուստի, Հայաստանը ունի յատուկ պարտաւորութիւն միաւորելու ցեղասպանութեան յանցանքը կանխելու ջանքերը: Անոր խօսքին համաձայն, «Ցեղասպանութեան կը նախորդէին իրադարձութիւններ, որոնք երկրի խոցելի խումբերու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները ճնշումի կ’ենթարկեն:
Համաժողովը վարող Պատասխանատուութեան եւ պաշտպանութեան միջազգային կեդրոնի տնօրէն Սայմըն Ատամսն անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրինակին, յիշեցնելով, որ չորս ամիս ետք պիտի լրանայ 105-րդ տարելիցը, երբ ,1915-ի 24 Ապրիլին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ սկսան հայերու թիրախաւորուած սպանութիւնները»:
«Այս գործողութիւններու հետեւանքով ոչնչացուեցաւ աւելի քան մէկ եւ կէս միլիոն կեանք: Միացեալ Թագաւորութիւնը, Ֆրանսան, Ռուսիան 1915-ի Մայիսին մեղադրեցին Օսմանեան Կայսրութեան մարդկութեան դէմ յանցանք գործելով, որ առաջին անգամն էր այդ եզրը օգտագործուեցաւ, որպէս դաժանութիւններու ծաւալը բնութագրելու փորձ», յայտնած է ան: Գիտնականներու, հոգեբաններու խօսքով, ցեղասպանութեան ժխտումը ոչ միայն անարգանք է ցեղասպանութեան զոհերու նկատմամբ, այլեւ առիթ կու տայ յաջորդ ցեղասպանութեան համար:
«Երբ իմ ուսանողները կը կարդան Ռոն Սունիի ստեղծագործութիւնները, անոնք իրապէս կը սարսափին, ցնցուած, զարմացած կատարուած բռնութիւններու մակարդակով, որոնցմէ անցաւ Օսմանեան Կայսրութեան հայ համայնքը եւ անոնք բացատրութիւն կը պահանջեն», յայտնած է Նիւ Եորքի քոլեճի պատմութեան դասախօս Էրիք Ուայթս:
Համաժողովին մասնակից ՄԱԿ-ի Թուրքիոյ առաքելութեան աշխատակիցը, այս բոլորը լսելով, ձայն առնելու իրաւունք խնդրեց` յայտարարելով, որ Առաջին աշխարհամարտի վերջին տարիները Օսմանեան Կայսրութեան համար բարդ շրջան էին, որուն ընթացքին տառապած են կայսրութեան բոլոր քաղաքացիները:
Ի պատասխան անոր խօսքին` ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող գիտնականներու միջազգային ընկերակցութեան ղեկավար Հենրի Թերյել ընդգծած է, որ այսօր, նկատի առնելով բոլոր հետազօտութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը նոյնիսկ քննարկումը անիմաստ է:
«Վերջին 50 տարուան ընթացքին ես չէի լսած Հայոց Ցեղասպանութեան այսպիսի անմիջական հերքում: Շնորհակալութիւն, որ պատկերաւոր կերպով ի ցոյց դրիք: Սակայն խորհուրդ կու տայի թարմացնել ձեր գրականութիւնը, որովհետեւ մօտաւորապէս 30 տարի հինցած է: Ձեր կողմէ բերուած փաստարկները բազմիցս եւ շատոնց հերքուած են, այնպէս որ կոչ կ’ընէի քիչ մը աշխատանք կատարէք, որպէսզի ձեր ըսածը բովանդակութիւն ունենայ: Ըսեմ նաեւ` Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ մարդիկ, կիրթ, զարգացած մարդիկ լիարժէքօրէն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց ի հակառակ ձեր յայտարարութեան, անոնցմէ շատերը ազատ չեն հիմա կամ նախապէս ազատազրկուած են ճանչնալուն համար», աւելցուցած է Հենրի Թերյէլ: