ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտական քառեակի առաջին փուլին, Հալէպի ճալաաը յաջողեցաւ քայլ մը առնել դէպի աւարտական՝ Դամասկոսի մէջ 55-42 արդիւնքով պարտութեան մատնելով հիւրընկալ Քասիունը: Սաուրան եւս յաջողութիւն մը արձանագրելով յաղթեց Թշրինին՝ 74-46 արդիւնքով:
– Սուրիոյ Ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, աղիւսակի առաջին երկու դիրքերը գրաւողներուն՝ Թշրինի եւ Ճէյշի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ԲԱԺԱԿԻՆ
 Երկու տարի սպասելէ ետք, քաթալոնէական Պարսելոնան յաջողեցաւ տիրանալ Սպանիոյ բաժակին՝ աւարտական մրցումին 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Աթլեթիքօ Պիլպաուը: Հանդիպումի առաջին կիսախաղին Մեսսիի ընկերները այլ առիթներով կրցան հասնիլ մրցակիցին դարպասին, սակայն դարպասապահը կրցաւ հեռացնել անոնց բոլոր գնդակները: Երկրորդ կիսախաղին Քուման կրցաւ կարգաւորել խումբին վիճակը: Հանդիպումի 60-րդ վայրկեանին, ֆրանսացի Քրիզման կատարեց կոլերուն բացումը, որմէ միայն երեք վայրկեան ետք Տի Եոնկ կրկնապատկեց արդիւնքը: 68-րդ եւ 72-րդ վայրկեաններուն, խումբի խմբապետը՝ Մեսսին, նշանակեց երրորդ եւ չորրորդ կոլերը:
Աւելցնենք, որ վերջին երկու տարիներուն, Պարսելոնան առաջին նուաճումը կ’արձանագրէ:
ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆՆ ՈՒ ՉԵԼՍԻՆ ԿԻՍԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՍԱՆ
ՈՒԵՖԱ-ի Չեմփիընզ Լիկի մրցումներուն յայտնի դարձան կիսեզրափակիչ փուլի խումբերը: Ֆրանսայի ախոյեանը դարձի մրցումին իր դաշտը հրաւիրեց նախկին բաժակակիր Գերմանիոյ Պայերն Միւնեխը: Թէեւ ֆրանսական ակումբը 2-1 արդիւնքով զիջեցաւ Պայերնին, սակայն կրցաւ փոխանցուիլ կիսեզրափակիչ, որովհետեւ երթին 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մրցակիցը:
Անգլիոյ Չելսին նաեւ զոյգ խաղերը ի նպաստ իրեն աւարտեց եւ կրցաւ իր տեղը գրաւել կիսեզրափակիչի խումբերուն կարգին: Այսպիսով, Փարիզ Սան Ժերմանը մրցակից պիտի ունենայ Անգլիոյ Մանչեսթըր Սիթին, իսկ Ռէալ Մատրիտի մրցակիցն է Անգլիոյ Չելսին:
ՊԱՅԵՐՆ ՄԻՒՆԵԽԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԵՐԺԵՑ ՄԱՐԶԻՉԻՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ
Գերմանիոյ բազմակի ախոյեան Պայերն Միւնեխի վարչութիւնը ակումբի պաշտօնական կայքին ճամբով հաղորդեց, որ մերժած է խումբի մարզիչ Հայնզ Ֆլիքի հրաժարականը: Ըստ գերմանական մարզական աղբիւրներու, խումբին Չեմփիընզ Լիկի մրցումներէն դուրս մնալէն վերջ, Հայնզ փափաք յայտնած է հեռանալ խումբէն, բայց վարչակազմը իր զօրակցութիւնը յայտնելով մերժած է անոր հեռացումը: Աւելցնենք, որ գերմանացի մասնագէտին պայմանագրութիւնը կ’աւարտի 2023-ին:
ՎԱՐԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅԵՑԱՒ ԽԻԹԱՖԻԻ ՄՐՑՈՒՄԷՆ
Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտ ակումբի մամլոյ ներկայացուցիչը յայտնեց, որ խումբի ֆրանսացի խաղացող Ռաֆայէլ Վարան մաս պիտի չկազմէ Խիթաֆիի մըրցումին՝ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի մեկուսացման վիճակի մէջ գտնուելուն պատճառով: Ըստ լուրերուն, Վարան 15 օրով հեռու պիտի մնայ խումբէն: Աւելցնենք, որ խիթաֆիի մրցումին բացակայ էին նաեւ խումբի խմբապետ Սերժիօ Ռամոսը, Քարվախալը, Լուքաս Վասքեսը եւ Քազիմերօն: