Երեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ խմբաւորումները զէնքի ուժով իրենց հսկողութեան տակ առած են Ռաքքայի «Մասաքէն Շրթա» թաղամասին մէջ բազմաթիւ շէնքեր։ Տեղական աղբիւրներ ՍԱՆԱ-ին հաղորդեցին, որ ՔԱՍԱՏ յարձակում գործեց բնակիչներուն վրայ եւ զանոնք պարտադրեց լքելու իրենց բնակարանները։