Այսօր, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ նախագահեց կառավարութեան նիստին։
Նախագահը անդրադառնալով սուրիական լիրայի արժէքին տատանումներուն, զայն անտրամաբանական համարեց եւ ըսաւ. «Իւրաքանչիւր վաճառական, որ կը շահագործէ սուրիական լիրայի արժէքին անբնական այս տատանումին ժամանակամիջոցը գիներ բարձրացնելու համար՝ աւազակ է։ Ուստի պէտք է միջամտութիւն կատարենք եւ պատժական խիստ կանոններ տնօրինենք անոնց հանդէպ»: