Մինչ կ’ուղղ­ուէ­ինք դէ­պի մեր իջե­ւա­նած բնա­կա­րա­նը, հան­գիստ զրու­ցե­լով բա­ւա­կան տա­րեց, բայց հա­մակ­րե­լի վարորդին հետ, յի­շե­ցու­ցի թէ պէտք է թեք­ուի ձախ, Ջրա­շատ փո­ղոց։

– Չէ՛, բա­լա՜,- պա­տաս­խա­նեց թա­քուն կշ­տամ­բան­քով,- օրի­նա­ւոր չի՜, շր­ջա­դար­ձը վե­րե­ւից է, մի քիչ համ­բե­րի՜։

Իմ կար­գիս, թա­քուն հի­ա­ցած էի ե՛ւ վա­րոր­դին պար­կեշ­տու­թե­նէն, ե՛ւ մեր ոս­կեղ­նի­կին հա­րուստ բա­ռա­պա­շա­րէն, «շրջադարձ» բա­ռը քաղցր ար­ձա­գան­գած էր, մա­նա­ւանդ որ կը գտն­ուէ­ինք Երե­ւա­նի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ան­ուան պողոտա­յին գրե­թէ աւար­տին։ Գե­ղա­քան­դակ մայ­րա­քա­ղա­քի. այս մայ­րու­ղին ի զուր տեղ չէր ձօն­ուած հայ գի­րե­րու գիւտա­րար Սուր­բին, երբ եր­կար տա­րի­ներ այդ­տեղ ապ­րած ու գոր­ծած էին Հրաչ­եայ Աճառ­եան, Առ­նօ Պա­պա­ջան­եան, Վար­դան Աճէմ­եան, Գա­գիկ Սարգս­եան, Աշոտ Սաթ­եան, Շա­րա Տալ­եան, Յով­հան­նէս Շի­րազ եւ շարք մը ար­ուես­տի ու գի­տութ­եան տի­տան­ներ, որոնք այ­սօր գոյն ու դի­մա­գիծ կու տա­յին անոր։ Իսկ բարձ­րա­դիր Մա­տե­նա­դա­րա­նը պողոտային անա­ռար­կե­լի պսա­կումն էր, լայ­նա­նիստ եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր։

Պատ­մու­թեան ան­գիր օրէն­քին թե­լադ­րու­թեամբ, ինչ­պէս բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պա­րա­գա­յին, մե­զի հա­մար ալ Սփիւռ­քը դառն է, բարդ ու ճգ­նա­ժա­մա­յին, մինչ գո­յա­պահ­պա­նում, հա­յա­պահ­պա­նում, ազ­գա­պահ­պա­նում եռ­եա­կին հեւ­քը՝ ջլա­տիչ ու մա­շեց­նող, հա­յը միա՛յն իր հա­րա­զատ հո­ղին վրայ հայ կը մնայ, մեր մայ­րե­նին առողջ ու անա­ղարտ։ Կը մե­նա­խօ­սեմ մտո­վի մե­ծա­պէս բա­ւա­րար­ուած, եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով կը մտ­նենք տուն, ուր հե­ռուս­տա­ցոյ­ցէն կը հա­ղորդ­ուէր շախ­մա­տի հայ­րե­նի ախոյ­եան խում­բին տուն­դար­ձի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Կրկ­նա­կի հպար­տութ­եամբ կը հե­տե­ւինք անոնց եւ երե­կոյ­եան ալ կը մաս­նակ­ցինք ժո­ղովր­դա­յին տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րուն։

Նմա­նօ­րի­նակ առիթ­նե­րու, դէպ­քե­րու թէ երե­ւոյթ­նե­րու հա­մա­գու­մա­րը մե­զի հա­մար իս­կա­կան հո­գե­փո­խու­թեան համազօր եղած էր, լա­ւա­գոյ­նը կը ցան­կա­յինք նո­րան­կախ հայ­րե­նի­քին։ Աւե­լի՛ն, լա­ւա­գոյ­նին ձգ­տու­մը մեր հո­գե­վի­ճա­կին ան­խու­սա­փե­լի մէկ մա­սը դար­ձած էր, հայ­րե­նի հո­ղը, պա­պե­նա­կան այդ թան­կա­գին ժա­ռան­գու­թիւնը՝ մեր ազ­գա­յին պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թին ու պատ­կա­նե­լիու­թեան ճշ­դո­րո­շիչ տա­րածք­նե­րուն հաս­տատ են­թա­հողն էր, մեզ հա՛յ ծնող ու հա՛յ պա­հող։

Սա­կայն, միւս օրե­րու մեր շր­ջա­գա­յու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, եր­բեմն ալ կա­րի­քին հետ պար­տադր­ուած, ու­շադ­րու­թիւնս գրա­ւեց օտա­րա­մուտ այն բա­ռա­կոյ­տը, որ ի շարս այ­լոց, նա­եւ օգ­տա­գործ­ուած էր Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ան­ուան պողոտային եւ յա­րա­կից հա­յա­նուն ճա­նա­պարհ­նե­րու ցու­ցա­նակ­նե­րուն, գո­վազդ­նե­րուն եւ կամ ան­ուա­նում­նե­րուն վրայ։ Նախ, նա­մա­կա­տան մը կեդ­րո­նի փնտռ­տու­քիս ըն­թաց­քին, պա­տա­նի տղեկ մը ցոյց տուած էր դարձ­ուած­քէն քիչ ան­դին բարձ­րա­ցած շէն­քը, որուն ճակ­տին մե­ծա­տառ ար­ձա­նագր­ուած էր՝ փոս­տա­տուն։ Որե­ւէ լեզ­ուի չպատ­կա­նող այս անուա­նու­մը առա­ւել խո­րա­ցու­ցած էր հե­տաքրք­րու­թիւնս, եւ այ­նու­հե­տեւ ամէ­նու­րեք սո­վո­րա­կան դար­ձած էին՝ Նոր­մա Սեր­վիս-նե­րը, Բագ­րատ Տուր-երը, դեռ չհաշ­ուած ան­թիւ-ան­հա­մար րէս­տո­րան-նե­րը, բեն­զին-նե­րը, բանկ-երը, կուլտու­րա-նե­րը, բրո­ցես-նե­րը…։

Եզ­րա­բա­նու­թեան, կամ անոր չա­փա­նի­շե­րուն (norms) դր­սե­ւո­րած կա­րե­ւո­րու­թիւնը յս­տակ է եւ հասկ­նա­լի, յատ­կա­պէս ճար­տա­րա­գի­տու­թեան այս դա­րուն, որուն հետ քայլ պէտք է պա­հենք կա­մո­վին, չմոռ­նանք նա­եւ եր­կու լե­զու­նե­րու օգտա­գործ­ման հա­մա­կար­գի դրոյ­թը, մաս­նա­ւո­րա­բար զբօ­սաշր­ջու­թեան մար­զը նկա­տի առ­նե­լով, բայց եր­բեք ի գին մեր ազ­գա­յի­նին, ի գին մեր մայ­րենի­ին, այն ալ Արա­րա­տի վե­հա­շուք կա­մա­րու­մին տակ, հա­յատ­րոփ մեր հո­ղին վրայ։ Անցեալին անդ­րա­դառ­նալ անի­մաստ է, երբ ար­դէն ան­կա­խա­ցած ենք, իսկ բար­գա­ւաճ­ման նա­խան­շան­նե­րը սկ­սած են տե­սա­նե­լի դառ­նալ։ Զար­մա­նա­լի է թէ՝ երբ քա­ջու­թիւնը ու­նե­ցայ ար­ծար­ծե­լու տա­կաւ հա­մե­ցող սոյն օտա­րա­հաճ երեւոյթը, բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար մը առանց տա­տամ­սե­լու ըսաւ.

– Մենք Սփիւռք չե՜նք, մենք հող ու­նե՜նք մեր ոտի տակ, այս օր­ուայ հա­մար սրանք հար­ցեր չե՜ն…։

Արդ­եօ՞ք ես ալ առանց տա­տամ­սե­լու պէտք է բա­ցատ­րէի թէ՝ ան­հայ­րե­նիք Սփիւռ­քի հա­յա­հոծ գա­ղութ­նե­րուն մէջ, մենք ամ­բողջ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սեր ու­նինք, իրենց եկե­ղե­ցի­նե­րով, դպ­րոց­նե­րով, ակումբ­նե­րով, ճա­շա­րան­նե­րով, վաճառատու­նե­րով… հան­դեձ, բայց նա­խընտ­րե­ցի լռել։ Այո՛, այս օր­ուան հա­մար «ան­կա­տար տեն­չեր ու­նենք դեռ շա՜տ…», գերխն­դիր­ներ՝ աւե­լի շատ, սա­կայն այս բո­լո­րը հա­մա­ձոյլ եւ մէկ ամ­բող­ջու­թիւն կը կազ­մեն, սեր­տօ­րէն իրա­րու շաղ­կապ­ուած, որոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին նուա­զա­գոյն նա­հան­ջը, հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնը կր­նայ խախ­տել։ Սոս­կա­կան բնո­րո­շում չի կր­նար ըլ­լալ սա պեր­ճի­մաստ խօս­քը, թէ. «Երբ հայ­րե­նիք կոչ­ուեց քա­րոտ այս հո­ղը, Մայ­րե­նին եղաւ քո սուրբ անո՜ւնը…»։

Մի­ա­ժա­մա­նակ, ան­շուշտ որ մեր խօս­քը խօ­սակ­ցա­կան լեզ­ուին մա­սին չէ, ոչ ալ լեզ­ուա­կան ան­խու­սա­փե­լի փոխընդհանրու­թիւն­նե­րու մա­սին, նա­եւ խթա­նիչ բա­ժինն ալ կայ, ար­հա­մար­հե­լի չէր առ­կա­յու­թիւնը մա­քուր եւ հե­զա­սահ հա­յե­րէ­նով այն գե­ղե­ցիկ ան­ուա­նում­նե­րուն թէ ծա­նու­ցում­նե­րուն, որոնք մեր մայ­րե­նին կը պա­հէ­ին մես­րո­պա­շունչ իր պատ­ուան­դա­նին վրայ։

Ի վեր­ջոյ, ճիշդ է թէ խիստ դժ­ուար է ժո­ղովր­դա­յին լեզ­ուամ­տա­ծո­ղու­թե­նէն եւ ըն­կա­լու­մէն ար­մա­տա­խիլ ընել աւան­դոյթ դար­ձած խո­րար­մատ ամ­բողջ բա­ռամ­թերք մը, բայց ժա­մա­նակն է որ այս մէ­կը եւս ներգ­րաւ­ուի մեր երկ­րի ներ­քին ազգային քա­ղա­քա­կա­նու­թեան թըղ­թած­րա­րին մէջ, երբ այ­սօր նոյ­նիսկ մեր հո­ղին վրայ՝ ազ­գա­յին դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը ինք­զինք կը շեշ­տէ, վա­ղը՝ պար­զա­պէս կր­նանք գաղթ­աշ­խար­հի բազ­մե­րանգ խճան­կա­րը գտ­նել այդ­տեղ, այն ալ Արարատի վե­հա­շուք կա­մա­րու­մին տակ…։

Հի­մա, դարձ­եալ կը մտա­բե­րեմ այն տա­րեց՝ բայց հա­մակ­րե­լի վա­րոր­դը, որ զու­լալ հա­յե­րէ­նով մը կշ­տամ­բեց զիս.

– ՉԷ՛, ԲԱԼԱ՛, ՇՐՋԱԴԱՐՁԸ ՎԵՐԵՒԻ՜Ց Է…։

Հուրի Ազէզեան