Հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թիւնը կերտ­ուած է ոչ միայն մի­ջազ­գա­յին կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող դէպ­քե­րով, այ­լեւ տար­բեր ազ­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հան­րա­յայտ դէմ­քե­րով, որոնց դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը կա­րե­լի չէ ու­րա­նալ:
Ի պա­տիւ հայ ժո­ղո­վուր­դին, հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող գիտ­նա­կան­նե­րու, հե­րոս­նե­րու, ար­ուես­տա­գէտ­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու մէջ հայ կի­նե­րու անուն­ներ ալ ար­ձա­նագր­ուած են:
Առանձ­նաց­նենք անոնց­մէ տա­սը ներ­կա­յա­ցու­ցիչ: Այս թիւով կ՚անդ­րա­դառ­նանք առա­ջին հին­գին, թեր­թի յա­ջորդ թիւով՝ մնաց­եալ հին­գին:
1. Սուրբ Շու­շան-Վար­դե­նի (409-475 թթ.)
Շու­շան-Վար­դե­նին՝ Հա­յոց սպա­րա­պետ Վար­դան Մա­մի­կոն­եա­նի դուստ­րը հայ եւ վրա­ցի եկե­ղե­ցի­նե­րու կող­մէ ճանչց­ուած է որ­պէս ընդ­հան­րա­կան սուրբ:
451-ի Աւա­րայ­րի ճա­կա­տա­մար­տէն ետք, յա­ջորդ տաս­նամ­եա­կին, Շու­շան ամուս­նա­ցած էր վրաց Աշու­շա­յի որդի­ին՝ Վազ­գէ­նի հետ, որ փո­խա­րի­նած էր հօ­րը եւ «բդեշ­խի» կո­չում ստա­ցած: Սա­կայն, քա­ղա­քա­կան նկա­տա­ռում­նե­րով Վազ­գէ­նը կ՚ու­րա­նայ քրիս­տո­նէ­ու­թիւնը ու կ՚ամուս­նա­նայ պարս­կուհիի հետ: Քրիս­տո­ն­է­ա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւն ստա­ցած Շու­շա­նի­կը ան­կէ ետք կը մեր­ժէ հա­ւա­տու­րաց ամու­սի­նը, իսկ ին­քը կը փակ­ուի Ցուր­տա­ւի եկե­ղեցի­ին կից մութ ու խո­նաւ խու­ցի մը մէջ: Ամու­սի­նը ամէն ճիգ կը թա­փէ, որ­պէս­զի Շու­շա­նը եւս ու­րա­նայ քրիս­տո­նէ­ու­թիւնը՝ ընդ­հուպ դի­մե­լով ծե­ծի ու չար­չա­րանք­նե­րու, բայց փոր­ձե­րը ապար­դիւն դուրս կու գան, Շու­շա­նը կը մնայ անդրդ­ուե­լի: Անոր չար­չա­րանք­նե­րը կը տե­ւեն վեց տա­րի, եօ­թե­րորդ տար­ուան սկիզ­բը Շու­շա­նը կը մա­հա­նայ։ Ան պատ­մու­թեան մէջ կը յի­շա­տակ­ուի ոչ միայն որ­պէս սր­բա­դաս­ուած հա­յու­հի, այ­լեւ՝ գա­ղա­փա­րա­կան կնոջ միջ­նա­դար­եան իտ­է­ալ:
2. Մում­թազ Մա­հալ (Ար­ջու­մա­նադ Բա­նու Բե­գամ) (1593-1631 թթ.)
Շա­տե­րուն հա­մար երա­զանք է այ­ցե­լել հընդ­կա­կան Ագ­րա քա­ղա­քը եւ տես­նել Հնդ­կաս­տա­նի մար­գա­րի­տը՝ Թաճ Մա­հա­լը: Բայց հազ­ուա­գիւտ մար­դիկ հարց կու տան, թէ ին­չո՞ւ ան կը կոչ­ուի Թաճ Մա­հալ: Կը պարզ­ուի, որ  ան կը կոչ­ուի Շահ Ջա­հա­նի սի­րե­լի կնոջ՝ Մում­թազ Մա­հա­լի անու­նով: Յատ­կան­շա­կան է այն, որ Մում­թազ Մա­հա­լին եւս ար­մատ­նե­րով հա­յու­հի է՝ եղած է հընդ­կա­կան ար­քու­նի­քի հա­յազ­գի պաշ­տօն­եայ Ասաֆ խա­նի դուստ­րը: Սա­կայն, նկա­տի առ­նե­լով, որ ըն­տա­նի­քը կը դա­ւա­նէր շիա իս­լա­մա­կան կրօն­քը, օրի­որ­դա­կան անու­նը եղած է Ար­ջու­մա­նադ Բա­նու Բե­գամ: Այ­նու­հե­տեւ շահ Ջա­հա­նի հայ­րը՝ Ջա­հան­գի­րը, հար­սը վե­րան­ուա­նած է Մա­հալ, որ կը նշա­նա­կէ «պա­լա­տի զարդ»։ 1612-ին 19 տա­րե­կա­նին կայ­սեր հետ ամուս­նա­ցած Մում­թազ Մա­հալ Շահ Ջա­հա­նէն կ՚ու­նե­նայ 13 երե­խայ։ Բայց, 14-րդ զաւ­կին ծնն­դա­բե­րու­թեան ընթ­աց­քին կը մա­հա­նայ ամուս­նոյն զի­նուո­րա­կան ճամ­բա­րին մէջ: Մա­հա­մերձ վի­ճա­կի մէջ ան ամու­սի­նէն կը խնդ­րէ իր գե­րեզ­մա­նին կա­ռու­ցել տա­ճար, որ ար­ժա­նի ըլ­լայ իրենց սի­րոյն:
Սի­րա­սուն կնոջ մա­հէն ետք՝ շահ Ջա­հան երկ­րին տա­րած­քին եր­կու տա­րի սուգ կը յայ­տա­րա­րէ, որուն ըն­թաց­քին կ՚ար­գիլ­ուին հնդ­կա­կան տօ­նե­րը, պարն ու երաժշ­տու­թիւն լսե­լը: Ապա  կը հրա­մա­յէ Ագ­րա տե­ղա­փոխ­ուած կնոջ գե­րեզ­մա­նին վրայ կա­ռու­ցել մար­մար­եայ մեծ դամ­բա­րան մը, որուն շի­նա­րա­րու­թիւնը կը տե­ւէ 22 տա­րի, եւ Մում­թազ Մա­հալիի պատ­ուին ալ ան կը կոչ­ուի Թաճ Մա­հալ՝ «Թա­գի պա­լատ»։
3. Ալե­նուշ Տէր­եան (1920-2011 թթ.)
Ալե­նուշ Տէր­եան  ծնած է Իրա­նի մայ­րա­քա­ղաք Թեհ­րա­նի մէջ։ Հայ­րը Նոր Ջու­ղա­յի հա­յե­րէն էր եւ թե­պետ գրող էր, բայց կեան­քին վեր­ջին 20 տա­րի­նե­րուն ծա­ռա­յած էր որ­պես Իրա­նի «Սե­փահ դրա­մա­տան» տնօ­րէն: Իսկ երի­տա­սարդ Ալե­նու­շը կը խո­րա­նայ աստ­ղա­գի­տու­թեան մէջ եւ կը դառ­նայ Թեհ­րա­նի Երկ­րա­գոր­ծա­կան հա­մալ­սա­րա­նի արե­գակ­նա­յին աստ­ղա­դի­տա­րա­նի հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը: Զինք Թեհ­րա­նի մէջ իրա­ւացի­օ­րէն կը կո­չէ­ին «իրա­նա­կան աստ­ղա­գի­տու­թեան մայ­րը»: Չէ՞ որ Ա. Տէր­եան Իրա­նի առա­ջին կին փրո­ֆե­սորն էր՝ Իրա­նի առա­ջին կին աստ­ղա­գէտն ու աստ­ղա­ֆի­զի­կո­սը:
Ի դէպ, Ա. Տէր­եան եր­բեք ամուս­նա­ցած չըլ­լա­լով՝ իր ու­շադ­րու­թիւնը կեդ­րո­նա­ցու­ցած է գե­րա­զան­ցա­պէս հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու եւ դա­սա­ւանդ­ման վրայ: Անոր ու­սա­նող­ներն ու ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը այ­սօր ալ կը յի­շեն Ալե­նուշ Տէր­եա­նը՝ որ­պէս հո­գա­տար ու­սու­ցիչ, որ կը վա­յե­լէր բո­լոր ու­սա­նող­նե­րուն սէրն ու յար­գան­քը: Ու­շագ­րաւ է այն, որ Ալե­նուշ Տէր­եան իր տու­նը կտա­կած է Նոր Ջու­ղա­յի հայ հա­մայն­քին, որ­պէս­զի այն­տեղ կա­րե­նան բնա­կիլ կա­ցա­րան չու­նե­ցող ու­սա­նող­նե­րը: Մինչ­դեռ ինք վախ­ճա­նած է ծե­րա­նո­ցի մէջ։
4. Տի­ա­նա Աբ­գար (Անա­հիտ Աղա­բեկ­եան) (1859-1937 թթ.)
Գրող, հրա­պա­րա­կա­խօս, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ, հա­յու­հի Տի­ա­նա Աբ­գա­րը, որուն նախ­նի­նե­րը սե­ռած են Նոր Ջու­ղա­յէն, ծնած է Արեւել­եան Հընդ­կաս­տա­նի բրի­տա­նա­կան գա­ղութ Բիր­մա­յի մայ­րա­քա­ղաք Ռան­գուն (այժմ՝ Յան­գօ):Ան հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թեան մէջ իր տե­ղը գտաւ՝ դառ­նա­լով աշ­խար­հի առա­ջին կին հիւ­պա­տո­սը: Տ. Աբ­գար Հա­յաս­տա­նի Առա­ջին Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան նշա­նակ­ուած էր Ճա­փո­նի եւ Հե­ռա­ւոր Արե­ւել­քի մէջ՝ 1919-1920 թթ.-ին:  Տի­կին դես­պա­նի ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը կը պըն­դեն, որ ան տպա­ւո­րիչ ար­տա­քին ու հմայք ու­նէր, իսկ երբ մտ­նէր պաշ­տօ­նա­կան վայ­րեր եւ դահ­լիճ­ներ, բո­լո­րը անխ­տիր ոտ­քի կը կանգ­նէ­ին: Տի­ա­նա Աբ­գա­րի ծննդ­եան անուն-ազ­գա­նու­նը Անա­հիտ Աղա­բեկ­եան էր, սա­կայն 1890-ին Հոն­քոն­կի մէջ ամուս­նա­նա­լով նոր­ջու­ղա­յե­ցի Մի­քա­յէլ Աբ­գար­եա­նի (Մայքլ Աբ­գար) հետ՝ ան այ­դու­հե­տեւ ներ­կա­յա­ցած է որ­պէս Տի­ա­նա Աբ­գար:
Աւելց­նենք, որ Տ. Աբ­գա­րը թո­ղած է գրա­կան մեծ ժա­ռան­գու­թիւն՝ գիր­քեր, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ եւ նա­մակ­ներ։ Ան իր գրի­չը ծա­ռա­յե­ցու­ցած է իր ազ­գա­կից­նե­րուն կրած անար­դա­րու­թիւնն ու դժ­բախ­տու­թիւնը ներ­կա­յաց­նե­լու: Ու­շագ­րաւ է  նա­եւ այն, որ Տի­ա­նա Աբ­գար իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ խօ­սած է մար­դու իրա­ւունք­նե­րու մա­սին եւ պե­տա­կան պաշ­տօն ու­նե­ցած շր­ջա­նի մը մէջ, ուր նոյ­նիսկ աւե­լի զար­գա­ցած եր­կիր­նե­րու մեծ մա­սին մէջ կա­նայք քու­է­ար­կե­լու իրա­ւունք չու­նէ­ին։
5. Զա­պէլ Եսայ­եան (1878-1943 թթ.)
Մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան ամե­նա­խի­զախ կա­նանց հնգ­եա­կին մէջ իր ար­ժա­նա­վա­յել տե­ղը ու­նի հայ գրող, թարգ­մա­նիչ, հրա­պա­րա­կա­խօս Զա­պէլ Եսայ­եա­նը՝ կա­նանց իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան  յա­ռա­ջա­մար­տի­կը: Այս իրո­ղու­թիւնը հաս­տատ­ուած է ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի, այ­լեւ արեւ­մուտ­քի մէջ: Ամե­րիկ­եան հան­րա­ծա­նօթ պար­բե­րա­կան­նե­րէն մէ­կը անոր մա­սին գրած է հե­տեւ­եա­լը. «Զա­պէլ Եսայ­եան փայ­լուն կնոջ օրի­նակ է, որ ապ­րած է այն­պի­սի ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, երբ խե­լա­ցի ու հաս­տա­տա­կամ ըլ­լա­լը վտան­գա­ւոր յատ­կա­նիշ­ներ էին»:
Զա­պէլ Եսայ­եան  ծնուն­դով Կոս­տանդ­նու­պոլ­սէն ըլ­լա­լով՝  Սկիւ­տա­րի Սուրբ Խաչ վար­ժա­րա­նը աւար­տե­լէն ետք, մեկ­նած է  Փա­րիզ եւ հե­տե­ւած Սոր­պո­նի ու Քո­լեժ տը Ֆրան­սի գրա­կա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րուն։ Այ­նու­հե­տեւ վե­րա­դար­ձած է Կ. Պո­լիս, եղած Կի­լիկ­իա եւ գրի առած է այդ տա­րի­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցող դէպ­քե­րուն ամ­բողջ ճշ­մար­տու­թիւնը:Սա­կայն,  անար­դա­րու­թեան ի տես բո­ղո­քելն ու ճշ­մար­տու­թեան մա­սին խօ­սի­լը զինք մատ­նած են բա­զում հա­լա­ծաք­նե­րու: Թէպետ 1915-ին ան կր­ցած էր խու­սա­փիլ ձեր­բա­կա­լու­թե­նէ ու ապաս­տա­նիլ Պուլ­կար­իա, ապա Թիֆ­լիս,  բայց յե­տոյ՝ 1936 թուա­կա­նին ար­դէն Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ կը դառ­նայ ստա­լին­եան ճն­շում­նե­րուն զո­հը: Այ­դու­հան­դերձ, ան նոյ­նիսկ ստա­լին­եան բան­տէն նա­մակ­ներ կը գրէ խի­զա­խու­թեամբ: Առ այ­սօր անոր մահ­ուան  հան­գա­մանք­նե­րը ան­յայտ կը մնան: