Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող հայ մասնագէտներու երկրորդ խումբի ականազերծները 8 Յունիսէն մինչեւ 25 Օգոստոս ճարտարագիտական հետազօտութեան եւ մաքրումի աշխատանքներուն ընթացքին 48967 քմ. տարածք ականազերծած են:
Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն ՊՈԱԿ-էն յայտնած են, որ նոյն ժամանակահատուածին մարդասիրական խումբի բժիշկները մասնագիտական օգնութիւն ցուցաբերած են 2420 մարդու, որուն 598-ը ՄԱԿ-ի կնախտաբանութեան եւ մանկաբուժութեան բարեգործական կեդրոնէն ներս: