Արցախի մէջ պաշտօնապէս իր գործունէութիւնը սկսած է «Իրազեկ Քաղաքացիներու Միաւորման» Ստեփանակերտի գրասենեակը, որուն գործադիր տնօրէն ընտրուած է Վահրամ Թոքմաճեան:

«Իրազեկ Քաղաքացիներու Միաւորում» հայաստանեան կազմակերպութիւնը շարք մը անդամներու կողմէն հիմնուած է եւ նպատակ ունի նպաստել Արցախի քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման:

Դիմատետրի գրառումներէն ի յայտ կու գայ, որ Արցախի մէջ այս կազմակերպութեան գործունէութիւնը ընդունուած չէ: Շատերը գրած են, թէ «Սորոսեան այս կազմակերպութիւնը Արցախի մէջ ընելիք չունի»:

Tert.am-ը փորձած է Արցախի օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներէն պարզել, թէ արդեօք կը բաժնեկցի՞ն հանրութեան այդ հատուածին մտահոգութիւնները:
Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան ըսած է, որ կազմակերպութիւնը յայտարարած է, թէ դիտորդական առաքելութիւն պիտի կատարէ 8 Սեպտեմբերին սպասուող Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութիւններուն, որուն Դաշնակցութիւնը դէմ չէ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր ընտրութիւն պէտք է ըլլայ թափանցիկ ու արդար եւ իրենք կ’ողջունեն որեւէ գործողութիւն, որ կը նպաստէ թափանցիկ ու արդար ընտրութեան, բայց եթէ այս անուան տակ պատուէր կը կատարուի, իրենք չեն ողջուներ:
«Եթէ կազմակերպութիւնը պատուէրներ կը կատարէ, սա դրական երեւոյթ չէ: Առանձնապէս Արցախի մէջ այս երեւոյթին պէտք է դէմ դնել: Արցախէն դուրս պատուէրներ կատարող կառոյցները մեզի հետ չեն կրնար աշխատիլ: Եթէ մեր ազգայինը վնասուի, մենք ոչ միայն դէմ կ’ելլենք, այլեւ կը պայքարինք անոր դէմ», ըսած է Արմէն Սարգսեան:
Անոր համաձայն, կազմակերպութիւնը տակաւին քայլ չէ առած, չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պիտի գործէ ան, ուստի դժուար է այս պահուն ըսել, թէ որոշակի ինչ դիրքորոշում կայ «Իրազեկ Քաղաքացիներու»ն մասին:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «ժողովրդավարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Վարդգէս Պաղրեանն ալ դիտել տուած է, որ մարդիկ ճիշդ կ’ընեն մտահոգութիւն յայտնելով: «Սորոս ըլլայ, մորոս ըլլայ, եթէ բարի նպատակով չի մտներ Արցախ, ուրեմն պէտք չէ մտնէ: Մենք գիտենք Սորոսի ծաւալած գործունէութեան մասին, գիտենք, թէ անոնք ինչպիսի՛ արժէքներ կը դաւանին: Արցախի մէջ անոնք որեւէ յաջողութեան չեն կրնար հասնիլ, որքան ալ շատ գումար ծախսեն: Մենք մեր ընտանեկան արժէքները ամէն ինչէ վեր կը դասենք», ըսած է ան:
Երբ հարց տրուած է, թէ ճշգրտօրէն ի՞նչը մտահոգիչ է, պատգամաւորը պատասխանած է. «Անոնք կը քարոզեն համասեռամոլութիւն, որ անընդունելի է: Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ նման վտանգներ մեզ սպառնան ու իբրեւ թէ դիտորդական առաքելութիւն ծաւալեն: Եթէ անոնց նպատակը այն է, ինչէն կը կասկածինք, ուրեմն անոնք այստեղ ընելիք չունին»: