Պրիւքսէլ, 26 Օգոստոս 2019 – Օգոստոս 2018-ին դէպի Արցախ կատարած իր առաջին այցելութենէն ետք, Եւրոխորհրդարանի գերմանացի անդամ Մարթին Սոննըպորն անգամ մը եւս Արցախ կը գտնուի, այս անգամ առաջնորդելով 25 անդամէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ կը ներառէ շարք մը գերմանացի դասախօսներ, լրագրողներ եւ կուսակցական անդամներ: Պատուիրակութեան կ’ուղեկցին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, գրասենեակի գործադիր տնօրէնուհի Հեղինէ Էվինեան եւ ծրագիրներու պատասխանատու՝ Աշխէն Ֆիքովա:

Երկուշաբթի 26 Օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունեց պատուիրակութեան անդամները: Հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Արցախի խորհրդարանի «Եւրոպայի հետ բարեկամութեան խումբի» անդամներուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին կողմերը ընդգծեցին նման այցելութիւններու կարեւորութիւնը` որպէս Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի ժողովուրդին դէմ պարտադրուած ընկերային մեկուսացման դէմ պայքարի միջոց: Մասնակիցները շեշտեցին բանակցային գործընթացին Արցախեան իշխանութիւններուն ապագայ անհրաժեշտ մասնակցութիւնը՝ հակամարտութեան խաղաղ եւ կայուն կարգաւորման հասնելու նպատակով:
Պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Արցախի մէջ գործող HALO Trust ականազերծման միջազգային կազմակերպութիւնը: Այնուհետեւ պատուիրակութեան մաս կազմող երկու անդամներ հանդէս եկան հանրային դասախօսութեամբ մը ուր հիւրերն ու Ստեփանակերտի քաղաքացիները կարելիութիւն ունեցան միտքեր փոխանակելու:
Մեկնաբանելով այցելութիւնը, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան յայտնեց. «Անցեալ տարուան մեր նախաձեռնած Մարդին Սոննըպորնի առաջին այցելութեան ընթացքին, ան խոստացաւ շատ աւելի մեծ խումբով վերադառնալ Արցախ, որպէսզի անմիջական կապ հաստատէ տեղւոյն բնակչութեան հետ, եւ ահա այստեղ կը գտնուինք 25 գերմանացի մատաւորականներու հետ: Մենք չափազանց ուրախ ենք մասնակցելու Սոննըպորնի ձեռնարկած այս այցելութեան, որ պիտի օգնէ զգալիօրէն ամրապնդելու երկու ժողովուրդներուն միջեւ արդէն գոյութիւն ունեցող կապերը եւ ստեղծել նոր կամուրջներ»:
Կարապետեան շարունակեց ըսելով. «Այս այցելութիւնը նաեւ կը հանդիսանայ յստակ ուղերձ մը աշխարհին, որ Ատրպէյճանի վարած հակահայ քաղաքականութիւնը՝ Արցախի մեկուսացման փորձերը եւ Արցախ այցելողներուն դէմ սպառնալիքները ձախողած քաղաքականութիւն է: Այժմ ժամանակն է, որ միջազգային քաղաքական գործիչներ եւ յատկապէս ԵՄ-ի պաշտօնական ներկայացուցիչներ հետեւին Սոննըպորնի օրինակին եւ այցելեն Արցախ, հանդիպին ժողովուրդին, լսեն զայն եւ մասնակցին անոնց հիմնական իրաւունքներու պաշտպանութեան»:
Յառաջիկայ օրերուն պատուիրակութեան անդամները կը հանդիպին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ եւ կ՛այցելեն Արցախի օդակայան:
Շաբաթ, 24 Օգոստոսին, Արցախ ժամանելէ առաջ, գերմանական պատուիրակութիւնը Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Սոննըպորնի առաջնորդած պատուիրակութիւնը պիտի հանդիպի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակ