Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Մանազկերտի ճակատամարտի 948-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութեան ընթացքին խօսած է Սուրիոյ մէջ ստեղծուելիք անվտանգութեան գօտիի մասին: Էրտողան նաեւ սպառնացած է ներխուժել Սուրիա, եթէ անվտանգութեան գօտիին շուրջ թուրք-ամերիկեան բանակցութիւնները վերջնական յաջողութեան չհասնին:
«Մենք թէ՛ դուրսէն, թէ՛ ներսէն կը հետապնդենք ահաբեկիչները: Մեր առաջնահերթութիւնը Եփրատի արեւելքի հարցն է, բայց եթէ արդիւնքի չհասնինք, մեր ծրագրերը կեանքի կը կոչենք: Մեր հարուածային եւ ոչ-հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը արդէն այդ տարածքը մտած են: Մօտերս մեր ցամաքային զինեալ ստորաբաժանումներն ալ պիտի մտնեն տարածք: Երբ մենք մեր օդային եւ ցամաքային ուժերով մտնենք տարածք (Եփրատի արեւելք), վիճակը աւելի պարզ կը տեսնենք»,ըսած է Էրտողան:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա անվտանգութեան գօտիի ստեղծման համար շարք մը պահանջներ դրած էր, իր կողմէն ահաբեկչական համարուող քիւրտ զինեալները տարածքէն դուրս բերելու: ԱՄՆ-ն կը պահանջէ, որ անվտանգութեան գօտին ունենայ մինչեւ 14 քմ. խորութիւն, իսկ Թուրքիան` 40. քմ խորութիւն: Ստեղծուելիք անվտանգութեան գօտիին հարցերը քննարկելու համար Թուրքիա եւ ԱՄՆ համաձայնած են ստեղծել միատեղ համակարգումի կեդրոն:
Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը պաշտօնապէս դէմ արտայայտուած է այս գօտիի ստեղծման եւ դատապարտած է օտար ուժերու միջամտութիւնը Սուրիոյ ներքի հարցերուն: