«Արցախփրէս».- 27 Օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Մարթին Զոնեպորնի գլխաւորութեամբ Գերմանիայէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները:
Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հաղորդումին համաձայն, Մասիս Մայիլեան ողջունած է պատուիրակութեան անդամները եւ շնորհաւորած է Մարթին Զոնեպորնը` Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ վերընտրուելուն առիթով: Արտաքին գործոց նախարարը համոզմունք յայտնած է, որ նման այցելութիւններ պատեհ առիթ կ’ընձեռնեն` Արցախը աւելի խոր եւ համակողմանի ճանչնալու, ծանօթանալու երկրի մէջ առկայ իրողութիւններուն եւ նոր ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ ընդլայնելու Արցախի բարեկամներու շրջանակը եւ ստեղծելու ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած նոր կապեր:

Մարթին Զոնեպորնի խնդրանքին համաձայն, Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է հակամարտութեան գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Արցախի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախ-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն: ԱԳՆ ղեկավարը վերահաստատած է Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն շահագրգռութիւնը կրթութեան, քաղաքացիական հասարակութեան հիմնարկներու կարողութիւններու բարձրացման եւ մարդասիրական տարբեր ոլորտներու գործակցութեան մէջ: Մասիս Մայիլեան կարեւոր համարած է Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի կազմին վերընտրութիւնը` ընդգծելով անոր առանցքային դերակատարութիւնը Եւրոպական խորհրդարանէն ներս Արցախի մասին հաւաստի տեղեկատուութեան տարածման եւ հանրապետութեան շահերու խթանման իմաստով:
Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ պատասխանած է հանդիպումի մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հանրապետութեան պետականաշինութեան, Արցախի միջազգային ճանաչման, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:
Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարամպետեան: