«Էրմէնիհապեր».-ԱՄՆ քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը կոչ ուղղած է նախագահ Տանըլտ Թրամփին Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու համար:
Քոնկրեսի ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաձողովի յայտարարութիւնը տարածուած է «Hurriyet Daily News»ի մէջ «սկսած է S-400-ներու մատակարարման երկրորդ փուլը» յօդուածի հրապարակումէն յետոյ:
Յայտարարութեան մէջ յատկապէս յիշուած է.
«Նախագա՛հ Թրամփ, ինչպէս պահանջուած է ԱՄՆ օրէնսդրութեամբ, S-400 հրթիռային ՀՕՊ համակարգերու համար դուք պէտք է պատժամիջոցներ սահմանէք Թուրքիոյ դէմ: Թուրքիոյ շահերը լաւագոյնս կրնան սպասարկուիլ ոչ թէ Քրեմլինի, այլ ԱՄՆ-ի հետ գործակցութեամբ»:
Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնն ալ օրեր ետք յայտարարած էր Ռուսիայէն գնած S-400 հրթիռային ՀՕՊ համակարգերու մատակարարման երկրորդ փուլը եւ աւելցուցած, որ առաջին ինքնաթիռը արդէն վայրէջք կատարած է Միւրթետի օդանաւակայան:
Յիշեցնենք, որ հակառակ ԱՄՆ-ի բազմաթիւ կոչերուն` Թուրքիան չհրաժարեցաւ ռուսական ՀՕՊ համակարգերու ձեռքբերման մտադրութենէն: Ռուսիա աւարտած է S-400-ներու մասերու առաջին խմբաքանակի մատակարարումը: ԱՄՆ իր կարգին արդէն հասցուցած է Թուրքիոյ դէմ կիրարկել պատժամիջոցներ` պաշտօնապէս դադրեցնելով Անգարայի մասնակցութիւնը ամերիկեան նոր սերունդի F-35 կործանիչներու ծրագիրին: