Կիրակի, 25 Օգոստոս 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը կը շարունակէ յառաջխաղացք արձանագրել Իտլիպի հարաւային արուարձաններուն ուղղութեամբ, թիրախ դարձնելով Մաարաթ ալ Նոհմանի, ալ Թահի, Թալմանասի, Մաարշորինի, Ճարճանազի եւ Իտլիպի հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ կայք հաստատած «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումնրուն թաքստոցները: Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները վնասներ կրելով նահանջած են դէպի Իտլիպ:
Յիշենք, որ օրեր առաջ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած էր Իտլիպի հարաւային շրջանին մէջ գտնուող Խան Շէյխուն ռազմավարական շրջանն ու հիւսիսային Համայի Լաթամնէ, Քաֆար Զէթա, Լթմին, Մորէճ, Մաարքապէ եւ Լահայա գիւղերը:
Այս յառաջընթացը անել կացութեան մատնած է զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներն ու անոնց ետին կանգնած պետութիւնները: