Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան 2019 տարուան բանակումը տեղի ունեցաւ 16-23 Օգոստոսին, Մաարէթ Սէյտնայայի Մար Մանսուր վանքին մէջ:
ԱՔԵ Ճեմարանի շրջափակէն ներս հաւաքուեցանք եւ երբ մեր թիւը ամբողջացաւ, ծնողներուն «ցտեսութիւն» ըսելով ճամբայ ելանք:
Հեզասահ ճամբորդութիւն մը ունեցանք՝ երգելով, զրուցելով ու վերյիշելով նախկին բանակումները: Հասանք բանակավայր: Պատանիները բաժնուեցան խմբակներու եւ սկիզբ առաւ «Հայաստան» բանակումը:
Խումբերը կը կրէին Հայաստանի զանազան մարզերու անունները: Այսպէս՝ «Գեղարգունիք», «Արշաւիր», «Սիւնիք» եւ այլն: Սա միջոց մըն էր նաեւ ծանօթանալու Հայաստանի մարզերուն: Պատանիները իրենց տնակներուն մէջ տեղաւորուելէ ետք, անցան օրակարգերու գործադրութեան: Ըստ մեր միութեան աւանդութեան, բանակումները յագեցած կ’ըլլան դաստիարակչական նիւթերով… զրոյցներ, դասախօսութիւններ զանազան նիւթերու մասին, դաշտային խաղեր, հայ ազատագրական պայքարի տարիներէն դրուագներու ներկայացում, երգերու ուսուցում եւ այլն: Բանակավայրէն դուրս պտոյտներ ալ կազմակերպուեցան դէպի ջրաշխարհ եւ Մար Սարգիս, Մար Թագլա՝ «Մաալուլա» սրբավայրերը:
Պատանիները մօտէն ծանօթացան Սուրիոյ այս շրջանի պատմական սրբավայրերուն: Շատեր չէին իսկ գիտեր, որ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունին այսպիսի գեղեցիկ ու խորհրդաւոր պատմական սրբավայրեր: Սա առիթ էր նաեւ ծանօթանալու Սուրիոյ քաղաքակրթութեան կարգ մը մանրամասնութիւններուն: Իրականութեան մէջ, Սուրիան եղած է նաեւ քրիստոնեաներու բնօրրանը, սրբավայրերը շատ բան կը պատմեն տեղւոյն քրիստոնէական մշակոյթին մասին:
«Հայաստան» բանակումի առաջին հիւր դասախօսն էր Սուրիոյ խոր-հրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան: Ան ներկայացնելով Սուրիոյ խոր-հրդարանի աշխատանքները պատասխանեց պատանիներու հարցումներուն:
Եօթը օրուան ընթացքին պատանիները մաս կազմեցին տարբեր յանձնախումբերու՝ ասմունքի, զաւեշտի, երգի, ռատիօ-ժամի, պատի թերթի պատրաստութեան եւ բանակավայրի յարդարման: Բանակումի հաճելի կէտերէն մէկն ալ Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն ժամանած ընկեր-ընկերուհիներուն ծանօթացումն ու նոր բարեկամութիւններու հաստատումն է: Մենք կը դառնանք նոյն գաղափարին ծառայող մտերիմներ եւ մեր ընկերական կապը կը շարունակուի նաեւ բանակումէն վերջ:
Բանակումի աւարտին, խարուկահանդէսէն ետք, ընկերները ազդուած հրաժեշտի պահէն, մերթ արցունքով, մերթ ժպիտով ցտեսութիւն ըսին իրարու եւ վերադարձան անմոռանալի յիշատակներով ու նոր գիտելիքներով հարստացած:
Երախտապարտ ենք բոլոր այն ընկերներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին յաջողցնելու այս տարուան բանակումը եւ ապահովեցին ամէն բան՝ հեզասահ բանակում մը կազմակերպելու համար, անկախ այն իրողութենէն, որ բանակումը ընթացք առաւ բոլորովին նոր վայրի մը մէջ:
Պատասխանատու կազմը շատ կարճ ժամանակաշրջանի մէջ կրցաւ պատրաստել հարուստ եւ օգտաշատ յայտագիր մը պատանիներուն համար: Պատանեկան Միութեան անդամները այն փոքրիկ ծիլերն են, որոնք աճելով ապագայ ղեկավարներ, ապագայ Նժդեհներ, Չաւուշներ, Հրայրներ պիտի դառնան: Մեծ հաւատք ունիմ այս սերունդը տեսնելու բարձր նուաճումներու տիրացած, որովհետեւ այս եօթը օրերուն ընթացքին շօշափեցի անոնց ուժեղ կամքն ու կորովը, սորվելու եւ զարգանալու փափաքը: Իզուր չէր ընտրուած այս տարուան բանակումին խորագիրը՝ «Դէպի Փայլուն Ապագայ»…
Կը յուսանք տեսնել այս սերունդին կերտած փայլուն ապագան:
Կեցցէ՛ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:
Կեցցէ՛ Սուրիոյ Պատանեկան Միութիւնը:
Սագօ Խալոյեան