Չորեքշաբթի, 28 Օգոստոս 2019-ին, ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ Հոմսի երթեւեկութեան ընկերութիւնը աւարտին հասցուց Փալմիր-Տէր Զօր միջազգային ճամբուն վերանորոգութեան աշխատանքներն ու ՏԱՀԵՇ-ի հրթիռակոծումներուն հետեւանքով քանդուած կամուրջներու վերականգնումը, այս աշխատանքին յատկացնելով 900 միլիոն ս.ո.:
Թղթակիցը յայտնեց, որ Փալմիր-Տէր Զօր միջազգային ճամբան ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Ան Սուրիոյ ծովափնեայ, կեդրոնական եւ հարաւային շրջանները արեւելեան շրջանին կը միացնէ: