Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատի, Չորեքաշաբթի, 28 Օգոստոս 2019-ին մեկնարկը կատարուեցաւ «Դամասկոսէն… Արտաքին Աշխարհ» խորագիրով Դամասկոսի Միջազգային 61-րդ Ցուցահանդէսին: Իննօրեայ ցուցահանդէսին մասնակցութիւն բերին 38 երկիրներու ներկայացուցիչներ, գործարարներ, տեղական, եւրոպական եւ համաշխարհային ընկերութիւններ:

Յիշենք, որ ցուցահանդէսը, իր այլազան տաղաւարներով, Սուրիոյ տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային կարեւոր ձեռնարկներէն մէկը կը համարուի: