-Երեքշաբթի, 27 Օգոստոս 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտած է Դամասկոսի Միջազգային Ցուցահանդէսը խոչընդոտելու ուղղուած Ուաշինկթընի փորձերը, դիտել տալով, որ նման քայլեր կը հակասեն միջազգային որոշումներուն:
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, 22 Օգոստոսէն ի վեր Սուրիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատան կայքը իրարայաջորդ կոչեր կ’ուղղէ Դամասկոսի Միջազգային Ցուցահանդէս չայցելելու եւ կը սպառնայ պատժամիջոցներ սահմանել այցելուներուն: