Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ Շուէտի խորհրդարանի նախագահ Անտրէաս Նորլէն, որ 26-28 Օգոստոսին պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Հայաստան, քննարկեցին տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ, անտառներու, ջրային պաշարներու կառավարման եւ շարք մը այլ ասպարէզներու մէջ գործակցութեան սկսելու կարելիութիւնները:
Ըստ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական գործընթացներուն արձագանգող առաջին երկիրներէն եղաւ Շուէտը, որուն կառավարութիւնը փոփոխութիւն կատարեց իր համապատասխան փաստաթուղթին մէջ՝ կարելիութիւն ստեղծելով ընդլայնել Հայաստանին յատկացուող նիւթական աջակցութիւնը:
«Խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն առաջ կառավարութիւնը շարք մը միջազգային գործընկերներու հետ իրականացուց բաւական ծաւալուն ծրագիր մը, որուն նպատակն էր աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի ընտրական համակարգին, եւ Շուէտը այդ շատ կարեւոր ծրագիրին մէկ մասն էր: Այժմ մշակման փուլին մէջ է, եւ կը կարծեմ, որ Սեպտեմբերին պիտի ստորագրենք յուշագիր, որուն նպատակն է աջակցութիւն ցուցաբերել եւ ընդլայնել Ազգային ժողովի կարողութիւնները: Այս ծրագիրին մէջ եւս Շուէտը կարեւոր մասնակցութիւն ունի», յայտնեց Միրզոյեան:
Անտրէաս Նորլէն հաստատեց, որ Շուէտ պատրաստ է տարբեր ուղղութիւններով սատարելու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն: