Ամրան արձակուրդին, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանի հինգ մասնաճիւղերը զանազան դժուարութիւններ յաղթահարելով յարմար վայրեր ապահովելով կազմակերպեցին տարեկան բանակումներ եւ զանազան գործունէութիւններ, շարունակելով վեհանձն ու գիտակից սերունդներ կերտելու միութեան սրբազան առաքելութիւնը:
ՀՄԸՄ-Ի ՔԵՍԱՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄ
Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Քեսապի Մասնաճիւղի Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Քեսապի Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին, 8-14 Յուլիս 2019-ին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի տարեկան բանակումը՝ Քեսապի ՍՕ Խաչի կազդուրման կայանին մէջ, մասնակցութեամբ 87 քոյր-եղբայրներու։
Բանակումը կը կրէր «Դէպի Յաղթանակ» խորագիրը, իսկ ընդհանուր պատասխանատուն էր մասնաճիւղի խմբապետուհի Սօսի Ղ.Աթիքեան։ Արի-Արենոյշ միաւորի խմբակները կոչուած էին «Ուժ», «Պայքար» եւ «Կամք», իսկ Գայլ-Արծուիկ միաւորի խմբակները՝ «Պալու», «Պանտալոկ», «Պակերա» եւ «Շերքան»:
Բանակումի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ:
Բանակումի ընթացքին սկաուտները իրագործեցին խմբապետութեան կողմէ պատրաստուած բանակումի յատուկ ծրագիրը, որ կ’ընդգրկէր հիւր դասախօսներու կողմէ մատուցուած դասախօսութիւններ, արդիական միջոցներով պատրաստուած զարգացման մրցումներ, սկաուտական գիտելիքներու փոխանցում, մարզանք, խաղեր, արշաւներ դէպի էքիզոլուխի եւ Չագալչըգի բանակավայրերը, ձեռային աշխատանք, գիշերային գործունէութիւն, երգի եւ կանչի ուսուցում եւ այլն։ Բանակումի ամէնէն հաճելի բաժինն էր գիշերային խրախճանքը։ Ամէն երեկոյ, բանակողները խարոյկին շուրջ հաւաքուած կը ներկայացնէին զաւեշտներ, կ’երգէին ազգային-յեղափոխական երգեր եւ կ’արտասանէին սկաուտական կանչեր:
Կիրակի օր, բանակող սկաուտները իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Շաբաթ,13 Յուլիսին, դրօշակի արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ փոխխմբապետի, վարիչառաջնորդի եւ փոխառաջնորդի աստիճանատուչութիւն:
Բանակումը իր աւարտին հասաւ աւանդական խարուկահանդէսով։ Բանակողները պատրաստած էին հաճելի գեղարուեստական յայտագիր, որ կ’ընդգրկէր բացման պատկեր, բանակումէն լուրեր, պար, սկաուտական մարզանք, բուրքեր եւ թմպլիկ: Հոգեւոր հայրերու սրտի խօսքէն եւ «Պահպանիչ» աղօթքէն ետք, դրօշակի արարողութեամբ կատարուեցաւ բանակումի պաշտօնական փակումը, որուն յաջորդեց ցտեսութեան պահը եւ բանակողները բանակավայրէն մեկնեցան յաջորդ տարի կրկին հանդիպելու խոստումով:
ՀՄԸՄ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄ
ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղի Վարչութեան հովանաւորութեամբ, մասնաճիւղի տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ 13-17 Օգոստոս 2019-ին, Հոմսի Մար Իւհաննա վանքին մէջ (Հապ Նամրա): Բանակումը կը կրէր «Շաւարշ Քրիսեան» անունը:
Բանակումի պատասխանատուն էր Յարութ Մանուկեան:
Բանակողները վայելեցին դասախօսութիւններ, արշաւներ, թելեմաչի խաղեր, երգի ուսուցում, սկաուտական գիտելիքներու փոխանցում եւ խրախճանք:
Խարոյկին շուրջ համախմբուած քոյրերն ու եղբայրները ազգային-յեղափոխական երգերով եւ սկաուտական կանչերով ճոխացուցին բանակումը:
Խարուկահանդէսը ընդգրկեց ճոխ յայտագիր՝ մարզանք, թմպլիկ, բուրգ, ազգային-յեղափոխական երգեր եւ սկաուտական կանչեր:
Բանակումի աւարտին, մասնակիցները զիրար հրաժեշտ տուին «ցտեսութիւն» երգով եւ բոլորը նոր փորձառութեամբ վերադարձան Դամասկոս գոհունակ, անհամբեր սպասելով յաջորդ տարուան բանակումին:
ՀՄԸՄ-Ի ՀԱԼԷՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ «ՆՇԱՆ ԹԻՒՍԻՒԶԵԱՆ» ԲԱՆԱԿՈՒՄ
ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի «Նշան Թիւսիւզեան» բանակումը տեղի ունեցաւ 16-22 Օգոստոս 2019-ին, Քաֆար Ռամի վանքին մէջ, 90 քոյր-եղբայրներու մասնակցութեամբ: Բանակումի պատասխանատուն էր մասնաճիւղի խմբապետ Յակոբ Ուրիշիկեան: Բանակումի յայտագիրը կ’ընդգրկէր մարզանք, դասախօսութիւն, արշաւ, աւազանագնացութիւն, ձեռային աշխատանք, դաշտային խաղեր, երգի ուսուցում եւ խրախճանք։ Բանակողները մօտակայ անտառ մը արշաւելով, սորվեցան բանակումի ամենահետաքրքրական աշխատանքներէն մէկը՝ կայմի պատրաստութիւնը, որուն ամէն սկաուտ կը ցանկայ իր մասնակցութիւնը բերել: Այնուհետեւ արի-արենոյշները ամբողջացնելով կայմի աշխատանքը բարձրացուցին «Նշան Թիւսիւզեան» բանակումի կայմը, որուն վրայ ծածանեցաւ միութեան դրօշը:
Բանակումի ընթացքին տեղի ունեցաւ փոխխմբապետի, վարիչառաջնորդի եւ փոխառաջնորդի աստիճանատուչութիւն, ինչպէս նաեւ նորընծայի եւ Բ. կարգի վկայականաց բաշխում։
Չորեքշաբթի, 21 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ խարուկահանդէս, ուր քոյրերն ու եղբայրները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ներկայացուցին մարզանք, զաւեշտ, թմպլիկ եւ պար։ Աւարտին անոնք շրջանակ մը կազմելով երգեցին հրաժեշտի երգը եւ խոստացան յաջորդ տարի կրկին հանդիպիլ։
ՀՄԸՄ-Ի ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄ
«Տիգրան Խոյեան» անունը կրող Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի բանակումը տեղի ունեցաւ 20-25 Օգոստոս 2019-ին, Սայիտէդ ալ Ճապալ վանքին մէջ։ Սկաուտները ունկնդրեցին դասախօսութիւններ, մասնակցեցան արշաւի դէպի Մար Ճրճիոս վանք, մարզանքի, կայմի պատրաստութեան, երգի ուսուցման, գիշերային մարզական գործունէութեան եւ խրախճանքներու:
Ուրբաթ, 23 Օգոստոս 2019-ին, տեղի ունեցաւ խարուկահանդէսը, որ բանակումի ամէնէն կարեւոր եւ յիշատակելի պահերէն մէկն էր։ Խարուկահանդէսին տեղի ունեցաւ աստիճանատուչութիւն՝ երեք քոյրեր ստացան փոխխմբապետի աստիճան, ինչպէս նաեւ յանձնուեցան գնահատագրեր։ Խարուկահանդէսի յայտագիրը ընդգրկեց սկաուտական մարզանքներ՝ չափական եւ ռիթմիք, մեներգ, բուրգ, թմպլիկ, զաւեշտ եւ փակուեցաւ միասնութեան շուրջպարով: Բանակումի պատասխանատու, մասնաճիւղի խմբապետուհի Վարդուկ Թուլումճեան հրաւիրեց տեղւոյն (Պաաս) կուսակցութեան ներկայացուցիչ Իլիաս Անթունը, որ իր սրտի խօսքը արտասանէ, ապա ան հրաւիրեց Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Տոքթ. Մինաս Պալեանը, որ իր կարգին շնորհաւորեց բանակողները եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ դերն ու կարեւորութիւնը մատնանշեց մեր սկաուտներուն կեանքին մէջ։ Այնուհետեւ ընթերցուեցաւ Սուրիոյ Շրջ.Սկաուտ Խորհուրդի շնորհաւորագիրը, որուն մէջ խորհուրդը կը շնորհաւորէր ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդը, խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերը ու բանակումի մասնակցող քոյրերն ու եղբայրները, տարեկան բանակումն ու խարուկահանդէսը յաջողութեամբ իրագործելու առիթով։
ՀՄԸՄ-Ի ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին, Հինգշաբթի, 1 Օգոստոս 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ Լիզպոնի անմահ հերոսներուն յիշատակին նուիրուած գիշերային գործունէութիւն, Ս. Աստուածածին ուխտավայրին մէջ, մասնակցութեամբ՝ 55 արի-արենոյշներու եւ 12 աստիճանաւորներու։ Ընդհանուր պատասխանատուն էր Նանար Սարգիսեան, իսկ Սկաուտ Խորհուրդէն՝ Յարութ Սարգիսեան։ Սկաուտները բաժնուեցան երեք խումբերու, որմէ ետք սկսաւ օրուան յայտագիրը, որ կ’ընդգրկէր մարզանք, դաշտային խաղեր եւ տեսերիզի ցուցադրութիւն։ Տեսերիզը կը ներկայացնէր Լիզպոնի գործողութեան նպատակը, հինգ հերոսներուն կենսագրական տուեալները ու անոնց կտակը նորահաս սերունդին։ Երեկոյեան մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթրիքը մատակարարուեցաւ, ապա սկաուտները երգերով ու կանչերով աշխոյժ եւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին։ Նանար Սարգիսեան ներկայացուց ընդհանուր սկաուտական գիտելիքներ, որմէ ետք տեղի ունեցան դաշտային խաղեր եւ աստիճանաւորական կազմին կողմէ պատրաստուած ռալի։
Ուրբաթ առաւօտեան Յարութ Սարգիսեան սկաուտներուն հետ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ ընկերային կեանքի շուրջ։ Գործունէութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նախաճաշ, ապա վկայականաց բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն:
Ուրբաթ առաւօտեան գործունէութիւնը հասաւ իր բարեյաջող աւարտին:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան Մամուլի Յանձնախումբ