Նոր Գիւղի սինեմա Արաքսը միակն էր ամբողջ շրջանին մէջ, եթէ նկատի չառնենք «Նազոյին սինեման», Զաւարեան դպրոցին կից, իր փոքրիկ խանութին մէջ, ուր մանր-մունր բաներ մը կը ծախէր, Կիրակի եւ արձակուրդի օրերուն 2-3 նստարան կը դնէր եւ իր տնային ֆիլմի տզզացող մեքենայով սպիտակ սաւանի մը վրայ Լորէլ-Հարտիի կամ Չարլի Չափլինի ֆիլմեր կը ցուցադրէր, մուտքը մէկ ֆրանկի (հինգ ղուրուշ): Անոնք, որոնք սինեմա Արաքս երթալու չափ դրամ չէին ունենար, Նազոյին սինեման կ’երթային եւ 15-20 վայրկեան կ’ուրախանային:
Սինեմա Արաքսին սրահը երկուքի բաժնուած էր մետաղեայ ցանկապատով, առջեւի նստատեղիները՝ 35 ղուրուշ, ետեւինները՝ 50, իսկ պալքոնը՝ 75 ղուրուշ: Սեփականատէրը ինչ անթիքա ֆիլմ կար, քաղաքի միւս սինեմաներէն աւելցած, կը բերէր ու կը ցուցադրէր, նոյնիսկ անգամ մը հայերէն ֆիլմ ալ բերաւ, ի մեծ գոհունակութիւն նորգիւղցիներուս:
Սակայն, որքան որ հայերէն ֆիլմը հետաքրքրութիւն արթնցուց, նոյնքան եւ աւելի թրքերէն ֆիլմերը մեծ ընդունելութիւն գտան, մասնաւորաբար նորգիւղցի հայ կանանց կողմէ, որոնց մէջ թրքախօսութիւնը արմատացած էր ու իրենց համար շատ աւելի հարազատ էր թրքերէնը, քան արաբերէնը, զոր սորվելու եւ իւրացնելու դժուարութիւն ունէին, ատոր համար ալ թրքերէն ֆիլմի անուն լսելնուն պէս, վազելով կ’երթային, հակառակ որ բոլոր-բոլորը կամ իրենց ծնողները անպայման Եղեռնի բովէն անցած էին…
Այս երեւոյթը անընդունելի էր ազգային մարմիններուն կողմէ, որոնք հայապահպանութեան սիրոյն ջանք չէին խնայեր ժողովուրդին մօտ ազգային ոգին վառ պահելու համար:
Թրքերէն ֆիլմերուն հայերու ներկայութենէն քաջալերուած, սինեմայի արաբ քրիստոնեայ տէրը սկսաւ յաճախակի դարձնել անոնց ցուցադրութիւնը: Այս երեւոյթին վերջ տալու համար հայ երիտասարդներ յատուկ առաքելութեամբ սկսան սինեմային մօտերը կանգնիլ ու թոյլ չտալ որ հայեր տոմս գնեն ու մտնեն սինեմա, սաստի կողքին նաեւ սպառնալիքի դիմելով՝ «թրքերէն ֆիլմ դիտելո՞ւ կ’երթաք կոր, ամօթ ձեզի, ե՛տ դարձէք…»:
Թէեւ այս երեւոյթը դժգոհութիւն առաջացուց որոշ ընտանիքներու մօտ, սակայն կրկնուելով իր բաղձալի արդիւնքը տուաւ, մասնաւորաբար անմոռանալի դէպքէ մը ետք:
Մեր երկրորդականի աշակերտները քիմիագիտութեան դասերուն ընթացքին սորված էին նաեւ քիմիական բաղադրութիւն մը պատրաստել դպրոցի գիտաշխատանոցին մէջ: Նիւթ մը, որ ահաւոր գէշ հոտ ունէր, ճիշդ նեխած հաւկիթի հոտին պէս: Այդ բաղադրութենէն կաթիլներ բաւարար էին, որ դասարանի աշակերտները քիթերնին բռնած դուրս փախչէին:
Սակայն աշակերտներէն մին, գեղեցիկ գաղափար մը յղացեր էր, որ կատակի կամ խաղի փոխարէն նիւթը օգտագործեն օգտակար նպատակի մը համար:
Գաղափարը գործնականի վերածելով, գաղտնօրէն այդ նիւթէն փոքրիկ սրուակ մը միասին առած, կ’երթան սինեմա, տոմս կը գնեն ու ներս կը մտնեն: Թրքերէն ֆիլմը հազիւ սկսած, քանի մը վայրկեան ետք, սրուակին պարունակութիւնը կը թափեն գետին ու այդ կ’ըլլայ՝ ներկաներէն քիթը բռնողը դուրս կը վազէ սինեմայէն:
Դէպքէն տարիներ ետք, երբ Դամասկոսի համալսարանի ուսանող էի, ծանօթացած էի դասընկերոջ մը, որմէ իմացած էի, թէ սինեմա Արաքսի տէրը իր հայրը եղած է: Առիթը օգտագործեցի հարցնելու թէ ինչո՞ւ հայրը թրքերէն ֆիլմեր կը ցուցադրէր, ըսաւ որ կարգ մը հայեր խորհուրդ տուած են, եւ իրենք ալ գոհ մնացած են արդիւնքէն սկզբնական շրջանին, սակայն,- ըսաւ,- հայ երիտասարդներ արգիլեցին հայերուն մուտքը եւ օրին մէկն ալ այնպիսի գարշահոտով մը լեցուցին սրահը, ու այլեւս թրքերէն ֆիլմ չբերինք, սինեման ալ կամաց-կամաց կորսնցուց իր յաճախորդները, որոնք մեծամասնութեամբ շրջանի հայերն էին, հայրս ալ բաւական տուժեց ու ստիպուած ծախեց սինեման, որ վերջը ուրիշ բանի վերածուեցաւ:
Խնդացի, ըսի այդ գարշահոտութիւնը սփռողները մեր դպրոցի աշակերտներն էին: Մենք Եղեռնին այդքան զոհեր տալէ ետք պիտի երթանք ու թրքերէն ֆիլմե՞ր դիտենք եւ նոյնիսկ լանք, երբ յուզիչ ֆիլմ մը ցուցադրուի, կ’ըլլա՞յ: Ըսաւ՝ իրաւունք ունիս, սակայն թրքերէն ֆիլմերը քաջալերողները հայերն էին: Ըսի՝ տգէ՛տ դասակարգը, ափսոս:
Այո՛, Նոր Գիւղը պարտէզի մը կը նմանէր, ուր թէ՛ վարդ կ’աճէր, թէ՛ մոլախոտ:
Յակոբ Միքայէլեան