24 Յուլիսին ամբողջացաւ Լոզանի աղմկալի դաշնագիրին ստորագրման 96-ամեակը։ Դաշնագիր մը, որ հայ ժողովուրդին դարերու երազին՝ միացեալ, անկախ եւ դէպի ծով ելքով հայրենիքին կառուցումը կ’երաշխաւորէր, եւ որ Սեւրի դաշնագիրով ու Ուիլսընեան սահմաններով իրականութիւն պիտի դառնար։ Սակայն Լոզանի դաշնագիրը մեր այդ մեծ երազներուն դամբարանը դարձաւ։
Այնուամենայնիւ հարց տանք. արդեօ՞ք իրականութիւնը այդպէս է եւ կրնա՞նք Լոզանի դաշնագիրը համարել Սեւրի դաշնագիրը մերժող միջազգային փաստաթուղթ։
Հիմա փոքրիկ ճամբորդութիւն մը կատարենք անցեալի ծալքերուն մէջ եւ այնտեղէն քաղենք փաստեր ու անփոփոխ իրականութիւններ։
Նախ վերյիշենք, թէ Սեւրի դաշնագիրը ինքնին ի՞նչ կը ներկայացնէր։ Այդ դաշնագիրը կնքուած էր Օգոստոս 1920-ին, Փարիզի Սեւր արուարձանին մէջ։ Դաշնակից պետութիւններու կողքին, սոյն դաշնագիրը ստորագրեց եւ նոյնպէս հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ։
Ըստ այդ դաշնագիրին, Օսմանեան Թուրքիան կը յայտարարէր, որ կը ճանչնայ Հայաստանը որպէս ազատ եւ անկախ պետութիւն, որուն սահմանները պիտի անցնէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի տարածքներով, զորս գծած էր ԱՄՆ-ի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընը։ Սակայն քեմալական Թուրքիան չճանչցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ ստորագրած դաշնագիրը եւ Անգլիոյ ու Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններ հաստատեց նոր հիմունքներու վրայ, որոնց մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք յօդուածի աւարտին։
Այժմ կեդրոնանանք Լոզանի դաշնագիրին դրոյթներուն վրայ եւ յատկապէս այն դրոյթներուն, որոնք ուղղակի կապ ունին հայ ժողովուրդին հետ։ Թէեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մաս չէ կազմած Լոզանի դաշնագիրի ստորագրութեան, հետեւաբար ան ուղղակիօրէն չի վերաբերիր մեր երկրին։
Սեւրի եւ Լոզանի դաշնագրերը իրաւականօրէն երկու տարբեր փաստաթուղթեր են։ Մէկը կը վերաբերի համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին պայմաններով ձեւաւորուող նոր քաղաքական միջավայրին, իսկ միւսը՝ Լոզանը, 1919-1922 թուականներուն տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններուն։
Տակաւին 19-րդ դարու կէսերուն, Լոնտոնի դաշնագիրով ամրագրուեցաւ այն իրողութիւնը, թէ որեւէ դաշնագիրի մէջ փոփոխութիւն կամ վերափոխում չի կրնար տեղի ունենալ իրաւականօրէն, առանց նախկին վաւերական դաշնագիրին բոլոր կողմերուն մասնակցութեան։ Այստեղ կ’ուզեմ յիշեցնել, որ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած են 18 երկիրներ, իսկ Լոզանի դաշնագիրին տակ միայն 7 երկիրներու ստորագրութիւն գոյութիւն ունի։ Այսպիսով իրաւականօրէն եւ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն դիտուած Սեւրի դաշնագիրը մինչեւ հիմա ուժի մէջ է, սակայն այսպէս կոչուած «սառած վիճակ»ով, եւ քանի որ 1923-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը գրաւուած էր սովետական ուժերուն կողմէ եւ Հայաստանը չէր մասնակցած Լոզանի դաշնագիրին ստորագրութեան, հետեւաբար իրաւական ոչ մէկ պարտաւորութիւն ստեղծուած է եւ կամ կը ստեղծուի Հայաստանի Հանրապետութեան համար։
Հակառակ անոր որ Լոզանի դաշնագիրին մէջ չկան որեւէ յիշատակումներ Հայաստանի եւ հայերու մասին, բացի «հայկական օճախներու հիմնումը Թուրքիոյ տարածքին՝ թիւով 3 օճախ» հաստատումէն, այնուամենայնիւ այդ երկու առումներով դաշնագիրը կ’առնչուի նաեւ մեզի։
Լոզանի դաշնագիրին երրորդ բաժինը՝ «յօդուածներ 37-45», կը վերաբերի Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն, որոնք այնտեղ կը ստանան օրէնքի ուժ։ Լոզանի դաշնագիրը հաստատեց այժմեան Թուրքիոյ սահմանները Յունաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Պուլկարիոյ հետ։
Սակայն այնտեղ ոչ մէկ նշում եւ հաստատում կայ հայ-թրքական սահմանին։ Այս երեւոյթին պատճառը այն է, որ այդ սահմանը արդէն մէկընդմիշտ որոշուած էր ԱՄՆ-ի նախագահ Ուիլսընի անբեկանելի եւ պարտադիր իրաւարարի վճիռով՝ 22 Նոյեմբեր 1920-ին եւ այսպիսով Լոզանի դաշնագիրին 16-րդ յօդուածը վերահաստատած էր Սեւրի դաշնագիրին 90-րդ յօդուածը՝ Թուրքիոյ հրաժարումը բոլոր այն տարածքներէն, որոնք Ուիլսընի իրաւարար վճիռով փոխանցուած են Հայաստանի Հանրապետութեան, ուրեմն այստեղէն կարելի է յանգիլ հետեւեալ եզրակացութեանց.
Ա.- Սեւրի եւ Լոզանի դաշնագրերը իրաւական երկու տարբեր փաստաթուղթեր են։
Բ.- Լոզանի դաշնագիրը իրաւասու չէ չեղեալ յայտարարելու Սեւրի դաշնագիրը։
Իսկ ի՞նչ տեղի ունեցաւ Սեւրի եւ Լոզանի դաշնագրերու կնքման միջեւ ինկած երեք տարիներու ընթացքին եւ ինչո՞ւ ուժի մէջ չմտան Սեւրի դաշնագիրին ընդունուած դրոյթները։
Այս հարցումները հաւանաբար անըմբռնելի թուին սովորական հետեւողին, սակայն երբ կը խորանանք պատմութեան ծալքերուն մէջ, այնտեղէն կը քաղենք որոշակի համոզիչ մեկնաբանութիւններ։ Այդ շրջանի գլխաւոր դերակատարը Մեծն Բրիտանիոյ կայսրութիւնն էր, որ այն օրերուն կ’իշխէր Հնդկաստանի եւ Արաբական աշխարհի լայնածաւալ տարածքներուն վրայ։
Հնդկաստան այն օրերուն տակաւին միասնական էր, այսինքն՝ Փաքիստանի եւ Պանկլատէշի իսլամական հանրապետութիւնները տակաւին չէին ձեւաւորուած, իսկ այդ շրջաններու մեծաթիւ իսլամ հնդիկներ Պոլսոյ սուլթանը կը տեսնէին իբրեւ իսլամ խալիֆա եւ իրենց փրկութեան բանալին ձեռքին մէջ պահող միակ ուժ։ Անոնք սուլթանական պալատին հետ օրկանական, ամուր կապեր ունէին։ Նոյնը կը վերաբերէր Արաբական աշխարհին։ Սա մեծ վտանգ կը ներկայացնէր Անգլիոյ շահերուն համար թէ՛ Հնդկաստանի եւ թէ՛ ուժանիւթով հարուստ Արաբական աշխարհին վրայ գերիշխանութեան տեսանկիւնէն դիտուած։ Ուստի հարկ էր ամէն ձեւով տապալել օսմանեան խալիֆայութիւնը եւ իսլամ կայսրութիւնը, իսկ ատիկա մէկ ճանապարհ ունէր՝ Մուսթաֆա Քեմալի ճամբով հռչակել Թուրքիոյ Հանրապետութիւն, մէկընդմիշտ խզելով անոր օրկանական պորտալարը իսլամական երկիրներու հետ։
Սակայն հեգնականն ու քրոնիկը այն է, որ նոյն այդ ուժերը, որոնք 1920-ականներուն տապալեցին օսմանական, իսլամական խալիֆայութիւնը, 21-րդ դարասկիզբին, իրենց շահերէն մեկնած, տարածաշրջանը դէպի ապակայունացում մղող քայլերու դիմեցին եւ «Արաբական Գարուն» անուան տակ Թուրքիոյ մէջ դարձեալ փորձեցին հաստատել իսլամական կողմնորոշումներով եւ ռատիքալ երանգներով կառավարութիւն՝ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Վերջինս ալ փութաց ինքզինք յայտարարել Իսլամական աշխարհի «խալիֆա»ն՝ արեւմտեան շահերէն դրդուած։ Քաղաքականութիւնը այսպէս է՝ անսկզբունք, անսլաք եւ զուտ շահերու միջավայրի մէջ ձեւաւորուող թատրոն մը։
Լոզանի յայտնի դաշնագիրը կը պարունակէ խորունկ, տակաւին չուսումնասիրուած, նոյնիսկ առեղծուածային կէտեր, որոնք կը կոչուին «Լոզանի դաշնագիրին գաղտնի կէտեր»ը։ Կ’ըսուի, թէ անոնց տակ կը գտնուի Իսմէթ Ինունուի թաց ստորագրութիւնը։ Այս իրողութիւնը ուսումնասիրող պատմաբաններ բաժնուած են երկու մասի։ Մաս մը կ’ըսէ, թէ այդ կէտերը գոյութիւն ունին եւ կը գտնուին անգլիական գաղտնի սպասարկութիւններուն արխիւին մէջ, իսկ երկրորդ մասը կը պնդէ, որ անոնք պարզապէս երեւակայութեան արդիւնք են։
Ստորեւ ամփոփ ձեւով կ’ուզեմ անդրադառնալ այդ «յոյժ գաղտնի» կէտերուն, զորս շատ մօտէն կը հետաքրքրէ մեզ՝ հայերս։
Այս փրոթոքոլը ունի 21 գաղտնի կէտեր։ Նախ կ’ըսուի, թէ Լոզանի դաշնագիրին յայտնի դրոյթներուն ժամկէտը միայն հարիւր տարի է եւ պէտք է վերջ գտնէ 24 Յուլիս 2023-ի կէս գիշերին։ Անկէ ետք Լոզանի իսկական դաշնագիրը կիրարկելի պիտի դառնայ։
-Դրոյթ թիւ (2). 24 Յուլիս 2023-ի գիշերը 25 Յուլիսի կապող օրը՝ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Պոսֆորի եւ Տարտանելի նեղուցներուն իշխելու լիազօրութիւնը ամբողջովին յանձնելու է դաշնագիրին տակ իրենց ստորագրութիւնը դրած միւս երկիրներուն։
– Դրոյթ թիւ (7). Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը 25 Յուլիս 2023-ի դրութեամբ իր ընդերքին մէջ գտնուող բոլոր ազնիւ եւ ոչ-ազնիւ մետաղները, ուժանիւթը եւ տարբեր հարստութիւնները հանելու եւ վաճառելու իրաւունքը փոխանցելու է դաշնագիրին տակ իրենց ստորագրութիւնը դրած միւս երկիրներուն։
– Դրոյթ թիւ (2). Թուրքիոյ կառավարութիւնը պաշտօնապէս պիտի ճանչնայ Պոլսոյ Օրթոտոքս պատրիարքարանի էքիւմէնիք «տիեզերական» եկեղեցւոյ կարգավիճակը՝ Այա Եորկի եկեղեցին կեդրոն ունենալով, 25 քմ. տարածքով, իր մէջ ընդգրկելով Այա Սոֆիա տաճարը եւս։ Վատիկանի նման գաճաճ պետութիւն մը պիտի ստեղծուի, որ անցեալի Բիւզանդական Կայսրութեան իսկական ժառանգորդը եւ անոր արժէքները կրողը պիտի ըլլայ։ Ան ճանաչում պիտի ստանայ ամբողջ աշխարհին կողմէն։ Այա Սոֆիան դարձեալ պիտի վերածուի եկեղեցւոյ եւ պիտի դառնայ նոր Բիւզանդական Կայսրութեան սիրտը։ Պոլիսը Թուրքիոյ մէջ պիտի ունենայ մօտաւորապէս Հոնկ Քոնկի կարգավիճակը։
Թուրքիոյ մէջ կրօնափոխութիւնը պիտի ըլլայ ազատ եւ անհատը պիտի չենթարկուի հալածանքի եւ դատավարութեան։
– Դրոյթ թիւ (17). ամենակարեւորը մեզ՝ հայերուս համար. այստեղ կը գտնենք, որ Թուրքիան կը պարտադրուի կիրարկելու Սեւրի դաշնագիրին որոշ կէտերն ու դրոյթները, որոնցմով առաջնահերթութիւն պիտի տրուի Ուիլսընեան սահմաններով Հայաստանի մը ստեղծման։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը լազական եւ քրտական հանրապետութիւններու ստեղծման արագացումը խթանելու քայլեր եւս պիտի նետէ։
– Դրոյթ թիւ (21). այս «յոյժ գաղտնի» դաշնագիրը ստորագրուած է «Lozan Palace» պանդոկի գաղտնի սենեակներէն մէկուն մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Իսմէթ Ինոնուի եւ Պոլսոյ մէջ Մեծն Բրիտանիոյ լիազօր դեսպան եւ բարձր կոմիսար Լորտ Հերիս Ճորճ Մանթոյի միջեւ։
Մենք չենք կրնար գուշակել, թէ այսպիսի դաշնագիր գոյութիւն ունի կամ ոչ։ Համոզուած եմ, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող քաղաքական, տնտեսական եւ իրաւական նոր դասաւորումները եւս կը վկայեն այսպիսի համաձայնութեան մը գոյութեան մասին։ Իսկ թէ ան ինչպէ՞ս, ե՞րբ, ինչո՞ւ եւ ինչպիսի՞ պայմաններու տակ կը կիրարկուի՝ ժամանակը ցոյց կու տայ։ Իսկ ժամանակին մղիչ ուժ կը հանդիսանան կտրուկ, անսպասելի եւ անակնկալ շրջադարձերը, որոնք լրիւ կը փոխեն պատմութեան ընթացքն ու տրամաբանութիւնը։
Հաւանաբար այս անգամ քաղաքական եւ պատմական լայն ճամբայ դուրս գալու կարգը մերն է, մեր բազմաչարչար ժողովուրդին։
Պատրաստ ըլլանք ամէն ինչի, հայե՛ր….
Յակոբ Նալպանտ-Տլտլեան