Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս երկրորդ տարին ըլլալով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ ու անմիջական հսկողութեամբ տեղի ունեցաւ համալսարանական ուսանողներու ու համալսարանաւարտ երիտասարդներու խտացեալ դասընթացք: Հիւսիսային Ամերիկայի մեր թեմերուն յատուկ յիշեալ դասընթացքին կը մասնակցին առաւելագոյնը 22 երիտասարդներ՝ ընտրուած թեմերուն կողմէ: Դասընթացքը տեղի կ’ունենայ անգլերէն լեզուով եւ կը քննարկէ հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ ներկայ ժամանակներու առնչուած այժմէական հարցեր:
Դասընթացքին բացումը եւ փակումը կատարեց Վեհափառ Հայրապետը: Իր բացման խօսքին մէջ ան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը՝ իր զանազան երեսներով: Այս ծիրէն ներս ան նաեւ շեշտեց երիտասարդութեան դերն ու տեղը մեր ազգային ու եկեղեցական կեանքին մէջ:
Նորին սրբութեան փակման խօսքը դասախօսական բնոյթ ունէր: Շուրջ մէկ ժամ ան երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն խօսեցաւ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ մասին: Վեհափառ Հայրապետը նախ յիշեցուց, թէ ներկայ ընկերութեան դիմագրաւած տագնապներն ու մարտահրաւէրները ուղղակի կամ անուղղակի կերպով առնչուած են ինքնութեան եւ այս գծով ան շարք մը պարագաներ մատնանշեց: Ապա, Հայրապետը պարզեց ինքնութեան զանազան սահմանումները, ընբռնումները, արտայայտութիւնները եւ հետեւանքները: Ինքնութիւնը մարդ անհատին ինքնահասկացողութիւնն է եւ ինքնաճանաչողութիւնը: Աշխարհի վրայ չկայ անձ մը, որ ինքնութիւն չունի: Ինքնութիւնը ունի իր աստուածակերտ եւ մարդակերտ տարածքները: Աստուած, ինչպէս ստեղծագործութեան, նաեւ մարդու պարագային, տարբեր իւրայատկութիւններով ու ինքնութիւններով օժտած է: Աստուածատուր ինքնութիւնը փոխել փորձելը՝ մեղանչում է Աստուծոյ դէմ:
Մարդակերտ ինքնութիւնները առնչուած են կրօնքին, մշակոյթին, լեզուին, քաղաքակրթութեան, ցեղին, աւանդութիւններուն ու միջավայրին: Նորին սրբութիւնը միշտ օրինակներ տալով պատմութենէն ու ներկայ ժամանակներէն, յայտնեց թէ մարդակերտ ինքնութիւնը կազմող ազդակները միշտ զարգացման ու փոփոխման ընթացքի մէջ են, բնականաբար պահելով իրենց էական տարրերը:
Ապա, նորին սրբութիւնը կարգ մը կարեւոր մատնանշումներ կատարեց ինքնութեան հասկացողութեան ու արտայայտութեան գծով: Ան յատկապէս ըսաւ թէ ինքնութիւնը միացնող հզօր ազդակ է, որ կ’անդրանցնի ժամանակն ու աշխարհագրական տարածութիւնը՝ դառնալով հզօր կամուրջ նոյն ինքնութիւնը ունեցող անձերու միջեւ: Ինքնութիւնը հեռաւոր անձերը միացնելով միաժամանակ մօտաւոր անձերը, որոնք նոյն ինքնութիւնը չեն բաժներ, իրարմէ կը հեռացնէ: Այլ խօսքով, յաճախ ինքնութիւնը կը դառնայ ոչ միայն իրարմէ զանազանող, բաժնող կամ հեռացնող, այլ՝ իրարու հակադրող ազդակ: Ինքնութիւններու յառաջացուցած բախումները ներկայ ժամանակներու շարք մը տագնապներու աղբիւրն է: Արդ, անհրաժեշտ է, որ պետութիւններ ու կրօններ աշխատին ի խնդիր ինքնութիւններու ներդաշնակ գոյակցութեան, ըսաւ Հայրապետը:
Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ նորին սրբութիւնը անդրադարձաւ հայու ինքնութեան եւ մասնաւորաբար Սփիւռքի հայուն ինքնաճանաչողութեան: Ան յիշեցուց, որ տարի մը առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ այս գծով համագումար մը տեղի ունեցած էր: Լայնատարած Սփիւռքի մէջ ապրող հայ մարդը իրարու կապողը մեր ինքնութեան հիմնական տարրերն ու արժէքներն են՝ կրօնքը, մշակոյթը ու հայրենիքը: Ճիշդ է, միջավայրին ազդեցութիւնը առկայ է մեր ինքնութեան շեշտաւորումին ու արտայայտութեան, մեր մտածելակերպին, գործելակերպին ու կենցաղակերպին մէջ. օրինակ, երբ Հալէպի, Նիւ Եորքի, Աթէնքի ու Հայաստանի մէջ ապրող հայերը քով-քովի բերենք, հայու ինքնութիւնը կազմող հասարակաց տարրերու առկայութեան առընթեր, նաեւ պիտի տեսնենք միջավայրին եւ անոր առընչուած զանազանութիւնները, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Վեհափառ հայրապետը շեշտեց թէ Սփիւռքէն ներս հայու ինքնութեան պահպանումը ամէնօրեայ մարտահրաւէր է. աւանդական, զգացական ու տեսական մօտեցումներէ պէտք է հեռու մնալ եւ ըլլալ իրապաշտ ու գործնապաշտ: Անհրաժեշտ է կառչիլ հայու ինքնութիւնը կազմող հիմնական տարրերու ու արժէքներու եւ նկատի ունենալ նաեւ միջավայրը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ միշտ օրինակները տալով յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած մեր համայնքային կեանքէն:
Եզրակացնելով իր խօսքը՝ Հայրապետը կոչ ուղղեց հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ապրող բոլոր հայ երիտասարդներուն եւ ըսաւ. «Դուք դիտողի կրաւորական վիճակին մէջ պէտք չէ ըլլաք եւ ո՛չ ալ սոսկ քննադատողի, այլ նպաստողի դերակատարութիւն պէտք է ունենաք: Հպարտ պէտք է ըլլաք ձեր ինքնութեամբ: Պէտք է ամրօրէն կառչած մնաք ձեր ինքնութիւնը կազմող արժէքներուն ու իտէալներուն»: