«Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» աշխատութեան բ. հատորին մէջ (1837) սիրամարգ բառին կից տրուած է հետեւեալ մեկնութիւնը. «որ սիրէ զմարգս կամ ճեմել ի մարգս»,- այսինքն՝ «որ կը սիրէ մարգերը կամ ճեմել մարգերու վրայ»:
Հիմնուելով այս իմաստին վրայ՝ դարավերջին Յովհաննէս Գազանճեան, իր քերականութեան բարձրագոյն  դասընթացքի բարդ բառերու նուիրուած գլուխին մէջ, նկատել կու տայ, որ սիրամարգ բառը կազմութեամբ սխալ  է. ասոր կից կը թուէ քանի մը ուրիշ բառեր, մասնաւորաբար սեղմիրան-ը,  որոնք, ըստ իրեն,  նմանապէս սխալ կառոյց ունին:
Երեք տասնամեակ ետք հայր Արսէն Ղազիկեան, «Մի՛ գրէք, այլ գրեցէք» աշխատութեան «Բարդութիւն» գլուխին մէջ իր կարգին կը թուէ հայերէն սխալ կազմութիւն ունեցող բառերու փունջ մը, ուր յիշուած են սիրամարգ-ը եւ սեղմիրան-ը:
Իսկ անկէ քանի մը տասնեակ տարի ետք Մինաս Թէօլէօլեան  իր «Նախակրթարանի քերականութիւն»-ին մէջ կը թուէ երկու «սխալ բառեր»՝ սիրամարգ-ը եւ սեղմիրան-ը:
Ասոնցմէ  սեղմիրան-ին, ինչպէս կը յիշէք,  անդրադարձայ առանձին յօդուածով մը, ուրեմն հիմա կը սերտեմ միայն սիրամարգ-ը:
*******
Ինչո՞ւ սխալ նկատուած է սիրամարգ-ը:
Բոլորիդ ծանօթ են սէր բաղադրիչով  բարդ բառեր, որոնց մէջ սէր-ը (որ է սիրել-ի արմատը)  դրուած է ու պէտք է դրուի բառին վերջը, օրինակ՝ ընկերասէր, եղբայրասէր, հայրենասէր, ազգասէր, հաճոյասէր, իմաստասէր եւ այսպէս շարունակ, որոնց մէջ սէր կը նշանակէ սիրող (եղբայր, ազգ, ընկեր, հաճոյք, իմաստութիւն սիրող եւ այլն):
Քանի որ սիրամարգ-ը, ըստ «Նոր հայկազեան»-ի, թռչուն մըն է, որ «կը սիրէ մարգերը», ուրեմն ան  պէտք է ըլլար մարգասէր եւ ոչ թէ «սիրամարգ»: Եւ  այնուհետեւ աւելի քան 120 տարի սերունդներ դաստիարակուած են այն  «տրամաբանութեամբ», թէ «սիրամարգ-ը սխալ կազմութիւն ունի, ան պէտք է ըլլար մարգասէր»:
Մինչեւ որ…
Մինչեւ որ  լոյս տեսան Աճառեանի  «Արմատական բառարանը»-ը եւ Մալխասեանցի «Բացատրական բառարանը», որոնց լոյսին տակ, ահա, բոլորովին տարբեր մեկնաբանութիւն կը գտնէ սիրամարգ-ը:
Ուրեմն բառս փոխառութիւն մըն է պարսկերէնէն, ուր անոր առաջին արմատը սիր/սէր չէ, այլ՝ սին  է, որ արտասանական մէկ տարբերակն է չին-ին: Արեւմտահայ ընթերցողը լաւ գիտէ, որ հոն, ուր մենք չին(արէն) կ’ըսենք, մեր արաբ հայրենակիցները կ’ըսեն սին(ի): Ուրեմն՝ սին=չին:
Իսկ երկրորդ արմատն ալ մարգ չէ, այլ մուրգ  է, որ պարսկերէն կը նշանակէ թռչուն: Պարսկական այս մուրգ արմատը հայերէնի մէջ դարձած է մարգ, որ  բեղուն չէ եղած. ասով ունինք ընդամէնը մէ՛կ բառ, որ է լորամարգի-ն, որ կաքաւազգի, սակայն կաքաւէն  աւելի փոքր գաղթող թռչուն մըն է. կը կոչուի նաեւ պարզապէս լոր: Արաբերէնը սումման կամ սմմուն է, ֆրանսերէնը՝ caille, անգլերէնը՝ quail:
Ուրեմն բառիս ստուգաբանական իմաստն է «չինական թռչուն»՝ սինամուրգ, որ աղաւաղուելով,- իսկ այս աղաւաղումը տեղի ունեցած է հազարամեակներ առաջ,- դարձած է սիրամարգ: Այսպէս կը կոչուէր ան արդէն մեր դասական շրջանին ու այս ձեւով ալ մտած է մեր դասական գրողներու գործերուն մէջ՝ սկըսած Խորենացիէն:
Սակայն մեր բարբառները յաճախ կը պահեն այնպիսի բառաձեւեր, որոնք շատ աւելի հին ու հարազատ են,  քան դասական հայերէնինը:  Եզերական գաւաառներու, օրինակ՝ Վանի բարբառին մէջ, սիրամարգ արտասանութիւնը չկար, այլ կ’արտասանէին սինամարգ, մինչեւ անգամ սինահաւ (հաւ=թռչուն):  Այս բառերը բազմիցս կը գտնենք, օրինակ, գործերուն մէջ Մկրտիչ Խերանեանի, որ վանեցի էր:  Այս ալ ցոյց կու տայ, որ վանեցին, շատ մօտ ըլլալով պարսիկին, աւելի լաւ կը հասկնար մարգ արմատին իմաստը ու թարգմանած էր զայն իբրեւ «հաւ», եւ սինամուրգ-ը անոր բերնին մէջ դարձած էր սինահաւ:
Գալով այս թռչունին  բնավայրին եւ  նախասիրութիւններուն, ապա անոր հայրենիքը եղած է յատկապէս Չինաստանը, ուրկէ տարածուած է մասնաւորաբար ծայրագոյն արեւելեան ուրիշ երկիրներ, ապա աւելի հեռուները՝ առ ի ցուցադրութիւն: Եւ ուրեմն ան բնաւ ալ «մարգերը սիրող թռչուն» մը չէ եղած, այլ  նախընտրած է  բարձունքները՝ բուրգերը, աշտարակները, զանգակատուները եւ  նմանները: Այլ հարց թէ զայն բռնի իր օրրանէն հեռացնողները իբրեւ զարդ բանտարկած են իրենց պարտէզներուն մէջ եւ պարտադրած են անոր՝ բնակիլ մարգերու վրայ, փակ միջավայրերու մէջ, որոնք բնաւ ալ անոր ճաշակին չեն: Մարգը այդ թռչունին համար բոլորովին խորթ միջավայր մըն է, ուր ան կը պանդխտանայ իր կամքէն անկախ:
Իսկ  քաղաքակիրթ աշխարհը կը կարծէ, թէ «ան կը սիրէ մարգերը», այլ խօսքով՝ մարգասէր է…
Խեղճին հարցնող եղա՞ծ է բնաւ, թէ  ո՛ւր պիտի ուզէր ապրիլ:
Եզրակացութիւն
Ուրեմն «Նոր հայկազեան»-ի մէկ թիւրիմացութիւնը,- թէ սիրամարգը «մարգերը սիրող» կը նշանակէ,- պատճառ դարձած է, որ  բառիս կազմութիւնը աւելի քան դար մը սխալ մեկնաբանուի, մինչեւ որ կարելի եղած է ունենալ անոր բո՛ւն իմաստը, որ է «չինական թռչուն». իր այս իմաստով՝ սիրամարգ բարդ բառը,- թէեւ աղաւաղուած արտասանութեամբ,- կը դառնայ բոլորովին ճիշդ կառոյց մը, որ էապէս հարազատ է հայեցի մտածողութեան ու բառակազմութեան կանոններուն:
Արմենակ Եղիայեան