“Էրմէնիհապեր”.- Անուանի թուրք ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամ ընդդիմադիր «T24» լրատուամիջոցին մէջ հրապարակած իր յօդուածով անդրադարձած է Թուրքիոյ արխիւներուն մէջ պահուող փաստաթուղթի մը, որ մինչ օրս հայերու զանգուածային ոչնչացման մասին յայտնի ամենահին օսմանեան փաստաթուղթն է։
1 Դեկտեմբեր 1914-ին թուագրուած այս որոշումը ընդունուած է Էրզրումի կենտկոմի կողմէն եւ նոյն օրը «գաղտնի» ձեւով ուղարկուած է Իսթանպուլ։ Որոշումը ուղարկուած է հեռագիրով եւ պահանջուած է հեռագրատան առկայ կրկնօրինակի ոչնչացումը։
Սոյն որոշումը կը վերաբերէր Վանի եւ Պիթլիսի հայերուն: Փաստաթուղթի 4-րդ յօդուածին մէջ ըսուած է. «Թէ՛ կեդրոնի եւ թէ շրջաններու մէջ անհրաժեշտ է նախապէս ձերբակալել յեղափոխութեան առաջնորդ հանդիսացող կամ մուսուլմաններու վրայ յարձակելու պատրաստուող հայերը, իսկ յարձակելու պարագային, անոնց Պիթլիս աքսորել եւ ոչնչացնել»։
Աքչամի կարծիքին համաձայն, սա ըստ էութեան միայն տղամարդոց ուղղուած իւրատեսակ «կանխարգելիչ նախաձեռնութիւն» էր, եւ յիշեալ որոշումին մէջ «ոչնչացում» (թրք․՝ İmha) բառի գործածութիւնը չափազանց կարեւոր է։
«Մենք այլ աղբիւրներէ ալ գիտենք, որ 1 Դեկտեմբեր 1914-ի որոշումը գործադրուեցաւ, սակայն իրականութեան մէջ ո՛չ միայն տղամարդոց հանդէպ իրագործուեցաւ, այլ՝ կանանց եւ երեխաներու նկատմամբ։ Սպառնալիքը կանխելու նպատակով թաքուն ձեւով կիրառուող ոչնչացումը շարք մը ցեղասպանութիւններու բնորոշ առանձնահատկութիւն է», կը գրէ Աքչամ՝ զուգահեռներ գտնելով հրեաներու դէմ նազիստներու իրականացուցած Հոլոքոստին հետ։ Սոյն պարագային եւս նախապէս վճռուած էր կանխել տղամարդոց ապստամբութիւնը, բայց, վերջաւորութեան կիներն ու երեխաներն ալ թիրախ հանդիսացան։
Թաներ Աքչամ դիտել տուաւ նաեւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պաշտօնական որոշումը միայն այս չէր, որ, ի դէպ, միայն որոշակի վայրերու կը վերաբերէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վերջնական որոշումները տրուած են 15 Փետրուար 1915-ին եւ 3 Մարտին։ Թուրք ցեղասպանագէտը կը յայտնէ, որ որոշումներու առկայութեան մասին վկայած է երիտթուրքերու «Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի անդամներէն Պեհեատտին Շաքիր։
Շաքիր 3 Մարտ 1915-ին իր գործընկերոջը գրած նամակին մէջ բառացիօրէն ըսած է․ «Կուսակցութիւնը (İttihat ve Terakki Cemiyeti) վճռած է հայրենիքը ազատագրել այդ անիծեալ ցեղէն (հայերէն), ոչնչացնել Թուրքիոյ մէջ բնակող բոլոր հայերը, որպէսզի մէկ հայ նոյնիսկ չմնայ, եւ այս առումով լիազօրած է կառավարութիւնը։ Իսկ սպանելով ոչնչացնելու մեթոտներուն առնչութեամբ կառավարութիւնը անհրաժեշտ հրահանգներ կու տայ նահանգներու եւ բանակի ղեկավարներուն»։
Աքչամի վկայութեամբ, նամակը կը կրէ Շաքիրի ստորագրութիւնը, որ դիւրաւ ապացուցելի է։
Ցեղասպանագէտը կը տեղեկացնէ, որ առկայ են նաեւ 1914-1915թթ․ տարբեր նահանգապետներու կողմէն Իսթանպուլ ուղարկուած շարք մը հեռագրեր, որոնց մէջ նահանգապետները (օրինակ՝ Վանի, էրզրումի, Պիթլիսի, Տիարպեքիրի) բացայայտօրէն կը խօսին հայերուն ոչնչացնելու անհրաժեշտութեան մասին, նոյնիսկ այդ նպատակով ճնշում կը գործադրեն Իսթանպուլի վրայ։
Բոլոր այս փաստաթուղթերն ու վկայութիւնները կը չեզոքացնեն Թուրքիոյ պաշտօնական թէզին մէջ շեշտուող պնդումը, թէ հայերու ոչնչացումին մասին ուղղակի եւ նպատակադրուած որոշում երբեք չէ եղած եւ հայերու դէմ գործողութիւնները իբրեւ թէ նախապէս չեն ծրագրուած։