ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարչութեան եւ անձնակազմի անդամներ վերջերս այցելեցին Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաքը, հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ ունենալով նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի եւ շարք մը այլ պաշտօնատարներու հետ։
«Երախտապարտ ենք նահանգապետ Նիւսըմին, որ առիթ ընծայեց այս հանդիպումին, որուն շնորհիւ կրցանք քննարկել Հայ Դատին համար առաջնահերթ նկատուող հարցերը, նոյն ժամանակ աւելի մօտէն ծանօթանալով անոր անձնակազմին, որուն հետ գործակցելով կարելի պիտի ըլլայ մեր համայնքին ի նպաստ որոշումներու հասնիլ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Հայ Դատի ներկայացուցիչները նախ հանդիպում մը ունեցան նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի հետ, որ աւելի ուշ, Ծերակոյտի ժողովին ընթացքին իր պաշտօնակիցներուն ներկայացուց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամները։
Ապա, Հայ Դատի պատուիրակութիւնը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նշանակումներու հարցերով նահանգապետի քարտուղարին՝ Քեթրին Ռիվերա Հերնանտեզի հետ, նահանգային շարք մը մարմիններու եւ յանձնաժողովներու մէջ հայութեան ներկայացուցչութիւնը արդար մակարդակի հասցնելու կարեւորութիւնը շեշտելով։
Նաեւ, 2020-ին տեղի ունենալիք Միացեալ Նահանգներու մարդահամարին հայութեան առաւելագոյն մասնակցութիւն ապահովելու հարցով խորհրդակցութիւններ կատարուեցան նահանգապետին քաղաքացիական ներգրաւուածութեան հարցերու վարիչ Մարիսելա Ռոտրիկեզի հետ։
Այնուհետեւ, Հայ Դատի ներկայացուցիչները ունեցան հանդիպում մը նահանգապետին հետ, որ երկար տարիներով մօտիկ բարեկամ մը եղած է՝ սկսած Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետը եւ նահանգապետի տեղակալը եղած օրերէն։
Քննարկուած նիւթերէն էին՝ Թուրքիոյ մէջ նահանգային ներդրումները ետ քաշելու արշաւը, նահագնի հանրային վարժարաններուն մէջ տարբեր ցեղերու փորձառութեանց մասին դասանիւթին մէջ հայութեան փորձառութիւնները եւս ներառելու կարեւորութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը հանրային վարժարաններուն մէջ դասաւանդելու նպատակով յաւելեալ գումարներու ապահովումը եւ Հայաստանի հետ նահանգին յարաբերութեանց սերտացումը, յատկապէս փոխնահանգապետ Էլենի Քուլանաքիսի Հայաստան այցելութեան լոյսին տակ։
Յիշեցնենք, որ Քուլանաքիսի Հայաստան այցելութիւնը իրականացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին ջանքերով։
Աւելցնենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ նահանգապետ Նիւսըմի եւ ծերակուտական Փորթանթինոյի յանձնուեցան Մեթիու Քարանեանի «Հայկական Բարձրաւանդակ» հատորէն օրինակներ։