Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան 1965-ի մումթազ դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան արշաւը եղաւ դժուար, դաժան սպառիչ եւ մարաթոնեան:
ՀՄԸՄ, որ կը գտնուէր երկրորդ դասակարգի խումբերու վերջին դիրքին վրայ, յաջողեցաւ յարատեւ ջանքով, լուրջ աշխատանքով, զոհաբերութեան վեհ ու ազնիւ ոգիով, հաստատ ու աննկուն կամքով ու հաւատքով հասնիլ ախոյեանութեան տիտղոսին եւ նուաճել զայն:
Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ի եւ Ահլիի միջեւ տեղի ունեցած 1963-ի ամրան բամպակի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումէն ետք, որը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի 3-2 յաղթանակով, Հալէպի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, անարդար, խիստ ծանրակշիռ որոշումներ առաւ ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ , որովհետեւ անոր համակիրները մրցումի աւարտէն տասը վայրկեան առաջ խլրտումներ յառաջացուցած էին եւ մրցումին ընթացքը խանգարած:
Այս որոշումը հիմնովին անընդունելի էր, որովհետեւ ֆետերասիոնը հարցին քննարկման ընթացքին չէր ցուցաբերած պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն, իմաստութիւն, առարկայական ու արհեստավարժ մօտեցում: Եղած էր չափազանց զգացական, բացարձակ կողմնակալ եւ արձակած այնպիսի որոշումներ, որոնք մեծ դժգոհութիւն յառաջացուցած էին եւ ֆետերասիոնի վարկն ու անշահախնդրութիւնը կասկածի տակ առած, նաեւ անտեսած այս հսկայ միութեան՝ ՀՄԸՄ-ի պայծառ անցեալն ու ներկան, իր բերած ներդրումն ու կատարած նպաստը Հալէպի ֆութպոլի յառաջդիմութեան ու զարգացման:
Իրաւարարներու կողմնակալ, անարդար, երկու չափ-երկու կշիռով մրցումը վարելու ընթացքը, նաեւ մարզական օրէնքներու եւ սկզբունքներու անտեսումը ու խախտումը երբեք քննարկման նիւթ չեն դարձած ֆետերասիոնին կողմէ։ Իրաւարարները միակ եւ հիմնական պատասխանատուները կը նկատուէին պատահած դէպքին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներու ընդվզումի եւ բողոքի տուն տուող պատճառը միմիայն իրաւարարներն էին: Այս ճշմարտութիւնը ֆետերասիոնը անտեսեց եւ կեդրոնացաւ միայն ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն վրայ։
Ծանրակշիռ պատիժը հետեւեալն էր՝
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը կախակայել վեց ամիսով եւ անոր զրկել որեւէ մարզական գործունէութենէ, առաւել երկու խաղացողներ պատժել, առաջինը՝ մէկ տարիով, իսկ երկրորդը՝ վեց ամիսով։
Ստեղծուած այս կացութիւնը շրջանցելու համար ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներն ու ֆութպոլիստները լծուեցան գործնական լուրջ աշխատանքի, հաստատ հաւատքով, աննկուն կամքով, զոհաբերութեան ազնիւ ոգիով եւ մեր ժողովուրդին վարկն ու համբաւը բարձր պահելու նախանձախնդրութեամբ եւ մօտիկ ապագան վառ ու պայծառ տեսնելու երազով ու յոյսով։ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը գործի լծուեցաւ, քայլ առ քայլ, ՀՄԸՄ-ի աննման, հերոս եղբայրներուս հետ կարողացանք բացառիկ յաղթանակներ արձանագրելէ ետք մարաթոնեան այս արշաւը յաջողութեամբ պսակել, տիրանալով առաջին հերթին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի ախոյեանութեան, ապա հասնիլ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան 1965-ի ախոյեանութեան աւարտական մրցումին եւ տիրանալ բաժակին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը այս պատմական պատուաբեր նուաճումով բարոյական գեղեցիկ նուէր մը հրամցուց ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին եւ ողջ հայութեան։
Փառք ու պատիւ ՀՄԸՄ-ի համայն ընտանիքին։
Ծանօթ.
Վերեւ յիշած էի, որ ՀՄԸՄ կը գրաւէր երկրորդ դասակարգի վերջին դիրքը, որովհետեւ ֆետերասիոնին սահմանած պատիժին հետեւանքով ան զրկուեցաւ մասնակցելու նոր դասակարգերու զտումի խաղերէն եւ ինքնաբերաբար այս անախորժ վիճակին մատնուեցաւ: Այս լուսաբանութիւնը կը կատարեմ առ ի յստակացում:
Եղբ. Ճորճիկ Ռաստկելէնեան