Ուրբաթ, 30 Օգոստոս 2019-ին, Շամ Թայմզ կայքը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը “Ճապհաթ ալ Նուսրա”ին ենթակայ “Հուրրաս ալ Տին” զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ բուռն մարտեր մղելէ ետք, իր վերահսկողութեան տակ առաւ Իտլիպի հարաւային բաժինը գտնուող Թամանաա գիւղը։
Յիշենք որ նախորդ օրերուն, սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած էր Զարզուր եւ Թալ Ղապպար գիւղերը եւս։