«Ասպարէզ».- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը 2 դէմ 3 քուէներով մերժեց «Մէյփըլ» զբօսավայրին մէջ գտնուած խաղավայրին գործիքները Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղ շրջանի դպրոցներէն մէկուն ղրկելու առաջարկը, նախընտրելով զանոնք ոչնչացնել։
Արդարեւ, հակառակ այն իրողութեան, որ քաղաքի բնակիչներէն՝ իրաւաբան Կարօ Ղազարեանի դիմումով «Թիւֆէնքեան» հիմնարկը խաղավայրին գործիքները Արցախ ուղարկելու գաղափարին ի նպաստ նամակ մը յղած էր, քաղաքապետ Արա Նաճարեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վարդան Կարապետեան եւ Վրէժ Աղաճանեան դէմ քուարկեցին այդ գաղափարին, մինչ Փօլա Տիվայն եւ Ֆրէնք Քուինթերօ անոր ի նպաստ քուէարկեցին։
Գործիքները չղրկելու գաղափարին համակիրները այն համոզումը ունին, որ որոշ չափով մաշած գործիքները ղրկելու փոխարէն, պէտք է դրամահաւաք կատարելով՝ նոր գործիքներ ղրկել Արցախ։ Անոնք նաեւ գործիքներուն ապահովութեան նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեցին։
Սակայն, Տիվայն պնդեց, որ իր անձնակազմը հասած է այն եզրակացութեան, որ խնդրոյ առարկայ գործիքները կարելի է առնուազն հինգ տարի եւս ապահով կերպով գործածել։
Տիվայն ցաւ յայտնեց որոշումին համար՝ յիշեցնով, որ «Թիւֆէնքեան»ի նման հեղինակաւոր հիմնարկ մը անոր փոխադրութեան ի նպաստ արտայայտուած էր։
Իր կարգին, Կարապետեան քննադատեց այս հարցին քաղաքականացումը՝ աւելցնելով, որ իր այս առաջարկով, Տիվայն կը փորձէ սիրաշահիլ հայութեան քուէները (ակնարկելով Մարտին տեղի ունենալիք ընտրութեանց), յիշեցնելով, որ Տիվայն նեցուկ չէր կանգնած Մերիլենտ թաղին մէկ մասը Արցախ կոչելու առաջարկին եւ հայ-ամերիկեան թանգարանի ծրագիրին։
Քաղաքապետ Նաճարեան եւս շեշտեց, թէ պէտք է խաղավայրի նոր գործիքներ ղրկել Արցախ, վստահութիւն յայտնելով, որ «30-էն 60 օրերու ընթացքին» բաւարար գումար կարելի է գոյացնել, որ տրամադրուի նման գործիքներ Հայաստանի մէջ արտադրելու նպատակին։ «Քաղաքապետական խորհուրդի երեք հայերը լաւագոյն գործիքները կ՛ուզեն երեխաներուն համար», ըսաւ ան՝ յայտնելով, որ Տիվայն կը փորձէ շատ հայասէր ըլլալ ընտրութիւններու նախօրեակին։