«Արմէնփրէս».-Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան մասնակցած է ՀՀ վարչապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցած փտածութեան դէմ քաղաքականութեան խորհուրդի նիստին: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կարեւոր համարած է իր մասնակցութիւնը, որովհետեւ սա առիթ կ’ընձեռէ առաջարկներ ներկայացնելու երկրին մէջ փտածութեան դէմ պայքարի հարցերուն մասին՝ նկատի առնելով փտածութեան համակարգային բացասական ազդեցութիւնը մարդու իրաւունքներու համակարգին եւ իրաւունքի գերակայութեան ոլորտին:
Նիստին ընթացքին Արդարադատութեան նախարարը ներկայացուցած է «Հայաստանի Հանրապետութեան փտածութեան դէմ ռազմավարութիւնը եւ 2019-2022 թուականներուն կատարուելիք նախաձեռնութիւններու ծրագիրը հաստատելու մասին» ՀՀ կառավարութեան որոշումով լրամշակուած նախագիծը: Նախագիծին մասին Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ներկայացուցած է 18 հիմնական նկատողութիւններ, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ ընդունուած են:
Արման Թաթոյեան խօսած է Ռազմավարութեամբ նախատեսուած հիմնարկային համակարգի մասին: Ան յայտնած է, որ Ռազմավարութեան նախագիծի սոյն տարբերակը ենթարկուած է էական լրամշակման, Փտածութեան դէմ խորհուրդի կոմիտէին անկախութիւնը քաղաքական որեւէ մարմինէն կամ որեւէ տեսակի քաղաքական ազդեցութենէն առաջարկուած նախագիծով երաշխաւորելը կարեւոր համարելով:
Պաշտպանը նաեւ խօսած է Ռազմավարութեամբ նախատեսուող Փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովին եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին յարաբերակցութեան մասին: Նիստին քննարկուած է նաեւ յայտարարագրերու ներկայացման, Ռազմավարութեան ընդունման պարագային անոր հիման վրայ նախատեսուած նախաձեռնութիւններու հանրային իրազեկման աշխատանքներու կարեւորութիւնը եւ այլն: