ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի համաձայնուած թեկնածուին շուրջ բանակցութիւններ պիտի սկսի:

29 Օգոստոսին, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ընդհանուր նիստը, որուն աւարտին հրապարակուած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«ՀՅ Դաշնակցութիւնը` նկատի ունենալով արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները, համոզուած է, որ Արցախի յառաջընթացի երաշխիքը` ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւնների արդիւնքում ազգային օրակարգով առաջնորդուող իշխանութեան ձեւաւորումն է:
Ի կատարումն ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Շրջանային ժողովի որոշման` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն սոյն թուականի 10 Սեպտեմբերին խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններում նախագահի հաւանական թեկնածուներուն հետ նախաձեռնելու է բանակցութիւններ` ազգային միասնական օրակարգի հիման վրայ նախագահի համաձայնեցուած թեկնածու առաջադրելու շուրջ, որի արդիւնքները կը հրապարակուեն:
Բանակցութիւնների նպատակն է`
– Ուսումնասիրել ազգային միասնական օրակարգ ձեւաւորելու միջոցով նախագահի համաձայնեցուած թեկնածու առաջադրելու հնարաւորութիւնը,
– Համաձայնեցնել եւ ամբողջացնել ազգային միասնական օրակարգի հիմնադրոյթներն ու առաջնահերթութիւնները, երկրի զարգացման ռազմավարական հիմնական ուղղութիւնները,
– Յստակեցնել նախագահի համաձայնեցուած թեկնածուով քաղաքական համախոհութեան ձեւաւորման սկզբունքներն ու դաշտը,
– Բանակցութիւնների արդիւնքներն ամրագրել համապատասխան յուշագրով:
Բանակցութիւններում ՀՅ Դաշնակցութեան կողմից առաջարկուող օրակարգն ընդգրկում է հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.
– Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացում ապահովել Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 175-րդ յօդուածի անվերապահ իրագործումը,
– Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի իրաւապայմանագրային ամրագրումը,
– Ընկերային արդարութեան, մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած ներազգային համերաշխութեան ապահովումը,
– Փտածութեան եւ հովանաւորչութեան դէմ անզիջում պայքարի իրականացումը,
– Զսպումների եւ հակակշիռների մեխանիզմների ներդրմամբ պետական համակարգի հաւասարակշռման, անմիջական ժողովրդավարութեան ընդլայնմանն ու ամրապնդմանն ուղղուած` Արցախի Հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունումը,
– Վերաբնակեցման համակարգուած, լայնածաւալ ու հետեւողական իրականացումը,
– «Ազգ-բանակ» հայեցակարգի հիման վրայ պաշտպանական համակարգի կատարելագործումը:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէ
30.08.2019