Ի՞ՆՉ ԳԻՏԷՔ ԼՈԼԻԿԻՆ ՄԱՍԻՆ
Լոլիկին հայրենիքը Հարաւային Ամերիկան է:
16-րդ դարու առաջին կիսուն, լոլիկը նախ տարածուած է Սպանիոյ մէջ: Եւրոպացիները բոյսը անուանած են «ոսկի խնձոր»: Սկզբնական շրջանին լոլիկը մշակուած է որպէս բոյս, ետքը՝ 18-րդ դարու սկիզբը, որպէս բանջարեղէն:
Լոլիկին բաղադրութեան ինն տասներորդը կը կազմէ ջուրը, հետեւաբար զայն կը նկատեն սննդական չնչին արժէքով բանջարեղէն մը: Սակայն լոլիկը հարուստ է A,B,C կենսանիւթերով: Արեւուն տակ հասունցած լոլիկը կը պարունակէ 20-էն 30 առ հարիւր աւելի C կենսանիւթ, քան շուքին տակ հասունցած լոլիկը:
Լոլիկը հարուստ է իր պարունակած հանքային աղերով, ինչպէս՝ երկաթի, փոթասիոմի եւ կրածինի, մանաւանդ լուսածինի աղերով:
Ան կը զօրացնէ մեր ջղային դրութիւնը, մեր մէջ վառ կը պահէ դիմադրական կարողութիւնը վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ՝ շնորհիւ C եւ B կենսանիւթերուն:
Լոլիկը խակ ուտելու պարագային կրնայ փորհարութիւն եւ այլ անհանգստութիւններ պատճառել, իսկ պնդութեան պարագային, խակ լոլիկը կրնայ բարերար ազդեցութիւն գործել:
Լոլիկը անցեալին չէր յանձնարարուեր յօդացաւէ եւ աւազէ տառապողներուն: Սակայն ներկայիս փաստուած է, որ արդարացի չէ, որ հիւանդը զրկուի կենսանիւթով այնքան հարուստ այս բանջարեղէնէն: Լոլիկը դժուարամարս է, այո, անոր դժուարամարսութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը անոր կեղեւն է:
Լոլիկին հիւթը սքանչելի ըմպելի մըն է, կենսանիւթերով հարուստ է, նամանաւանդ եթէ նոր քամուած է:
Եփուած լոլիկը աւելի նուազ կենսանիւթերով հարուստ է եւ աւելի դիւրամարս է:
ԿԱՐՄԻՐ ՊՂՊԵՂ
Կարմիր պղպեղը հարուստ է A, E , K, P, C կենսանիւթերով, ինչպէս նաեւ B խումբի կենսանիւթերով (B1, B3, B2, B6, B5, B9):
Ան կը պարունակէ նաեւ կրածին, ֆոսֆոր, մակնիզիում, երկաթ, զինք, եոտ եւ այլ կարեւոր հանքային նիւթեր:
100 կրամ պղպեղին ջերմուժը 25 կ. է: Ան ճարպ չի պարունակեր:
ԿԱՐՄԻՐ ՊՂՊԵՂԻՆ ՕԳՏԱԿԱՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
-Կը կարգաւորէ մարսողութիւնը եւ կը բարելաւէ ախորժակը:
-Շատ օգտակար է տեսողութեան համար:
-Բարենպաստ ազդեցութիւն կը ձգէ լեարդի համակարգին վրայ:
-Կը բարելաւէ քունը եւ կ’օգնէ, որ անձը հանգստանայ:
-Կը բարելաւէ յիշողութիւնը, ուստի կարեւոր է մտաւոր աշխատանք կատարող մարդոց եւ երէցներուն համար:
-Կը նուազեցնէ ծխախոտի վնասակար ազդեցութիւնը:
-Կը բարելաւէ ոսկորներուն, մազերուն, եղունգներուն եւ մաշկին վիճակը:
-Քաղցր պղպեղով կը պատրաստուին դիմակներ, որոնք մաշկը երիտասարդ կը պահեն:
-Բարենպաստ ազդեցութիւն ունի շաքարախտէ տառապողներուն վրայ:
-Կ’ամրացնէ օրկանիզմը եւ կը պաշտպանէ զայն պաղարութեան հետեւանքով յառաջացած հիւանդութիւններէ:
Սրտի անօթային հիւանդութիւններու պարագային, պղպեղը անհրաժեշտ է օգտագործել ամէնօրեայ սննդակարգին մէջ, որովհետեւ յատկապէս կծու պղպեղը կը բարելաւէ արեան շրջանառութիւնը:
ՊՂՊԵՂՈՎ ԴԻՄԱԿ՝ ԴԷՄՔԻ ԽՆԱՄՔԻ ՀԱՄԱՐ
1. Սնուցանող դիմակ: Պղպեղը լուալ, կիսել, հեռացնել սերմերը, քերել կամ հարել, ապա անձեռոցիկով մը տարածել լուացուած դէմքին վրայ: Թողուլ 15-20 վայրկեան: Ապա դէմքը լուալ գաղջ ջուրով:
2. Մաքրող դիմակ: Հարիչէ անցած պղպեղին աւելցնել 1 հաւկիթի ճերմկուց եւ 1 ճաշի դգալ քերուած գետնախնձոր: Դիմակը տարածել դէմքին վրայ եւ թողուլ 20 վայրկեան: Ապա լաւապէս լուալ ու սնուցող քսուկով մարսել դէմքին մաշկը:
3. Ճերմկցնող դիմակ: Պղպեղի մածուկին աւելցնել քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ եւ խառնուրդը տարածել դէմքին վրայ: 20 վայրկեան ետք դէմքը լուալ գաղջ ջուրով: