ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան Aravot.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով ԱԺ փոխնախագահ Ալէն Սիմոնեանին Ամուլսարի շահագործման մասին ՀՅԴ-ի յայտարարութեան շուրջ հնչեցուցած գնահատականին, թէ ՀՅԴ-ն հանրութեան հաճոյանալու եւ քաղաքական փնտռտուքներու նպատակ ուննենալը յայտնեց.«Ցանկութիւն չունիմ ոչ մէկուն, յատկապէս Ալեն Սիմոնեանի ըսածները մեկնաբանելու: Մեր տեսակէտներն ու մօտեցումները այդ հարցին համար սպառիչ են: ՀՅԴ-ն յայտարարութեամբ հանդէս եկած է, Բնապահպանութեան նախկին նախարար, ՀՅԴ-ական Արծուիկ Մինասեան ալ օրերս ծաւալուն մեկնաբանութիւն տուած է»:
Ան ըսաւ.«Ամուլսարի շահագործման գործընթացը շատ աւելի առաջ սկսած է: Շահագործման թոյլտուութիւնը տրուած է 2014-ին, երբ ՀՅԴ-ն միութեան մաս չէր կազմած: Շրջակայ միջավայրին ազդեցութեան գնահատումը Արծուիկ Մինասեանին Բնապահպանութեան նախարար չըլլալէն եղած էր: Մեր մօտեցումներուն մէջ որեւէ հակասութիւն չկայ: Մենք կ’ըսենք, որ նոր իշխանութիւնները Ամուլսարի շահագործման համապատասխան քայլեր եւ գործողութիւններ չեն ձեռնարկած: Ակնկալութիւնները չեն արդարացուած: ՀՀ նոր իշխանութիւնը անմիջական ժողովրդավարութեան մեծ ջատագով կը հանդիսանայ, ուստի ստեղծուած իրավիճակէն ժողովուրդին կարծիքը նկատի առնելով լուծում գտնելը ամենաճիշդ որոշումը պիտի ըլլայ»: