ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒ­ՐԵՐ ՍՈՒՐ­Ի­Ա­ԿԱՆ ՊԱՍ­ՔԵ­ԹԷՆ
Սուր­իոյ պաս­քե­թի աղջ­կանց Ա. Հա­ւա­քա­կա­նը ու­թը տա­րի մի­ջազ­գա­յին մր­ցա­շար­քե­րէ հե­ռու մնա­լէ ետք, Յոր­դա­նա­նի մէջ իր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րաւ Արեւմտ­եան Աս­իոյ եր­կիր­նե­րու աղջ­կանց պաս­քե­թի ախոյ­եա­նու­թեան: Սուր­իոյ կազ­մը առա­ջին հան­դի­պու­մին 56 – 45 ար­դիւն­քով պարտու­թեան մատ­նեց հիւ­րըն­կալ եր­կի­րին հա­ւա­քա­կա­նը, իսկ երկ­րորդ մրցու­մին պար­տու­թիւն կրեց Լի­բա­նա­նէն 60 – 74 ար­դիւն­քով: Ա. փու­լի վեր­ջին մր­ցու­մին, Սուր­իոյ հա­ւա­քա­կա­նը մեծ յաղ­թա­նակ մը տա­նե­լով պար­տու­թեան մատ­նեց լա­ւա­գոյն խում­բե­րէն Իրա­նը 68 – 61 ար­դիւն­քով եւ ըն­կե­րակ­ցե­լով Լիբա­նա­նին հա­սաւ աւար­տա­կան մր­ցու­մին: Սուր­իոյ հա­ւա­քա­կա­նին մաս կազ­մեց Ան­նա Աս­լան­եա­նը, իսկ Ալիս­իա Մակար­եան ան­հանգս­տու­թեան պատ­ճա­ռով բա­ցա­կա­յե­ցաւ մր­ցում­նե­րէն:
Մաս­նակ­ցու­թեամբ 11 քա­ղաք­նե­րու պաս­քե­թի պա­տա­նե­կան աղջ­կանց հա­ւա­քա­կան­նե­րուն, Հա­լէ­պի 2004-2005-2006 ծնուն­դի խա­ղա­ցող­նե­րու կազ­մը իր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րաւ Դա­մաս­կո­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Սուր­իոյ քա­ղաք­նե­րու ողոմպ­ի­ա­կան մր­ցում­նե­րուն, որոնց աւար­տին Հա­լէ­պի հա­ւա­քա­կա­նը հա­սաւ տպա­ւո­րիչ ար­դիւնք­նե­րու: Հա­լէ­պի հաւաքա­կա­նին մաս կազ­մե­ցին Ար­միկ Պօշ­կէ­զէն­եան, Սոն­իա Չամ­սաք­եան եւ Գե­տակ Սար­գիս­եան:
Անց­եալ շաբթ­ուան ըն­թաց­քին Ճա­լ­ա­աի մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաս­քե­թի ան­հա­տա­կան ձիր­քե­րու մր­ցոյթ մը, ուր Գե­տակ Սար­գիսեան երեք կէ­տե­րու մր­ցու­մին առա­ջին դիր­քը գրա­ւեց:
ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ
ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ Մ-19 ՀԱ­ՒԱ­ՔԱ­ԿԱ­ՆԸ ԲԱ­ՐԵ­ԿԱ­ՄԱ­ԿԱՆ ԽԱ­ՂՈՎ ՋԱԽ­ՋԱ­ԽԵՑ ԼԻ­ԲԱ­ՆԱ­ՆԻ ԽՈՒՄ­ԲԸ
Հա­յաս­տա­նի Մ-19 տա­րե­կան­նե­րու հա­ւա­քա­կա­նը բա­­րե­կա­մա­կան 2-րդ հան­դի­պու­մի­ն ըն­թաց­քին 5:0 ար­դիւն­քով ջախջա­խեց Լի­բա­նա­նի Մ-19 հա­ւա­քա­կա­նը: Ըստ «Ար­մենփ­րէս»ի ֆութ­պո­լի ակա­դեմ­իոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հանդիպումի առա­ջին կի­սա­խա­ղին Հա­յաս­տան յաղ­թա­կան դուրս եկաւ 2 – 0 ար­դիւն­քով: Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նին կո­լե­րը նշա­նա­կե­ցին Ժի­րայր Շա­ղոյ­եա­նը (եր­կու կոլ), Մի­շա Միր­զոյ­եա­նը, Նա­րեկ Գրի­գոր­եանն ու Պատ­ուա­կան Աւետիս­եա­նը:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՄԵՍ­ՍԻՆ ՎԵ­ՐԱ­ԴԱՐ­ՁԱՒ ԽՈՒՄ­ԲԻ ՄԱՐ­ԶՈՒՄ­ՆԵ­ՐՈՒՆ
Սպան­իոյ ախոյ­եան, Պար­սե­լո­նա­յի յար­ձա­կո­ղա­կան խա­ղա­ցող, ար­ժան­թին­ցի Լի­ո­նէլ Մե­սսի, որոշ շր­ջան մը վիրաւորուած ըլ­լա­լուն հա­մար հե­ռու մնա­լէ ետք փոր­ձե­րէն, վե­րա­դար­ձաւ խումբ: Ըստ AS-ի, Մեսսի ներ­կայ գտն­ուե­ցաւ խում­բի փոր­ձե­րուն, բայց ան տա­կա­ւին որոշ շր­ջան մը պի­տի բա­ցա­կա­յի մր­ցում­նե­րէն, մին­չեւ ապա­քի­նու­մի շր­ջա­նին աւար­տը: Յի­շենք, որ Ամե­րի­կա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­ւա­քին ըն­թաց­քին Մեսսիի աջ ոտ­քի մկա­նը վնասուեցաւ, որուն հե­տե­ւան­քով ան մէկ ամի­սէ ի վեր կը բա­ցա­կա­յի խում­բէն: Անոր կող­քին կը բա­ցա­կա­յին նա­եւ Լուիս Սուա­րէզն ու Օս­ման Տեմ­պե­լէն։
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան