29 Օգոստոսին, ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին տեղի ունեցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ընդլայնուած նիստ, որուն մասնակցած են շրջանային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Նիստին ընթացքին քննարկուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն առնչուող հարցեր:
Քննարկումներ ծաւալած են 2020-ին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ՀՅԴ մասնակցութեան, յատկապէս նախագահի համաձայնեցուած թեկնածուի առաջադրման ուղղութեամբ քաղաքական ուժերու եւ հաւանական թեկնածուներու հետ բանակցութիւններ սկսելու հարցեր: