2 Սեպտեմբեր1991-ին ընդունուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակագիրը։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդը պատուով նուաճեց ազատ ապրելու իր իրաւունքը եւ թափ տուաւ պետականաշինութ-եան գործընթացին:
Հայաստանին միանալու պահանջով ճամբայ ելած արցախահայութիւնը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ, ժողովրդավարական սկզբունքներով աստիճանաբար ձեւաւորեց իր անկախ երկրին իշխանութիւնը, խորհրդարանը, բանակը եւ սահամանադրութիւնը:
Հայ ազատամարտիկները սրբագրեցին խորհրդային օրերուն ապօրինաբար պատմական Արցախը Հայաստանէն բաժնելու եւ անոր մէկ մասը ինքնավար մարզ հռչակելով Ատրպէյճանին կցելու խորհրդային ղեկավարներուն սխալը եւ պատմութեան անիւը շրջելով դէպի արդարութեան ուղի առաջնորդեցին զայն:
Մեծամասնութեամբ հայերով բնակուած, դարերու ընթացքին հայկական մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան գոյնով յատկանշուած 5-7-րդ դարերու «Աշխարհացոյց»ի տուեալներով Մեծ Հայքի 10-րդ նահանգը՝ Արցախը, Խորհրդային Միութեան փլուզումով բնականաբար պիտի անկախանար, քանի որ Ատրպէյճանն ալ անկախացած էր:
Լեռնային Ղարաբաղը երբեք մաս չէր կազմած Ատրպէյճանի նորաստեղծ Հանրապետութեան, այլ որպէս ինքնավար մարզ պարտադրաբար ենթակայ դարձած էր անոր: Ուստի անկախութեան հռչակումը ոչ մէկ ձեւով կը հակասէր Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան: Ընդհակառակը. Արցախի միջազգային ճանաչումով տարածքային ամբողջականութեան խոցելիութեան մասին կրնայ վկայել հայաթափուած Շահումեանը:
Անկախութեան 28 տարիներու ընթացքին արցախահայութիւնն ու համայն հայութիւնը գործնականապէս փաստեցին, որ ղարաբաղեան հիմնահարցի հանգուցալուծման եւ ժողովուրդներու զարգացման գլխաւոր երաշխիքը ինքնորոշման իրաւունքի անվերապահ կիրառումն է:
Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան պահպանումը իր դրական անդրադարձը ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան զարգացման, անոր միջազգային ճանաչումին առաջնորդող քայլերուն եւ Ատրպէյճանի սադրանքները մշտապէս միջազգային ընտանիքին ուշադրութեան կիզակէտին մէջ պահելու աշխատանքին վրայ:
Սուրիական պատերազմի տարիներուն սուրիացի ընտանիքներ հաստատուեցան Արցախ ու հայրենադարձութեան խրախուսիչ օրինակներ հանդիսացան, ոչ միայն կայք հաստատելով այնտեղ, այլեւ գործ հիմնելով, ընտանիք կազմելով:
Մինչեւ միջազգային ճանաչում, Արցախի զարգացումն ու անոր վերաբնակեցման աշխուժացումը, Արցախի բանակին հզօրացումն ու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման եւ մեկուսացման քաղաքականութեան հակազդելու անհրաժեշտութիւնը միասնական ջանքերու բազմապատկում կ’ենթադրեն: Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի իրաւական ամրագրումը եւս թափ կու տայ այդ ջանքերուն՝ ամրագրելով Հայաստանի արեւելեան դարպասին՝ Արցախի անկախ Հանրապետութեան ապահովութիւնը:
«Գ.»