«Արմէնփրէս».-Գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու տիկին Աննա Յակոբեան այցելած են Գեղարքունիքի մարզի սահմանամերձ Վահան գիւղի միջնակարգ դպրոց:
Վարչապետը շնորհաւորած է աշակերտները, մանկավարժները եւ ծնողները Գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առիթով ու մասնակցած է առաջին կարգի աշակերտներուն նորամուտին նուիրուած հանդիսաւոր նախաձեռնութեան:
Վարչապետը դպրոցի առաջին կարգի աշակերտներուն, որոնց թիւը 15 է, նուիրած է համակարգիչներ: Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Յակոբեան շրջած են դպրոցը, ծանօթացած են առկայ պայմաններուն եւ հարցերուն: Ուսումնական հաստատութեան տնօրէնը վեր առած է դպրոցը համակարգիչներով եւ խմելու ջուրով ապահովելու հարցերը: Վարչապետը խոստացած է լուծել հարցերը:
Այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան ծաղիկներ զետեղած են Վահան գիւղի նահատակուած ազատամարտիկներու գերեզմաններուն եւ անոնց յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ: