5 Օգոստոսին, Ստեփանակերտի Վերածնունդ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ժողովուրդի կամքի աղաւաղման որեւէ փորձ պէտք է դիտարկուի որպէս հակապետական, հակազգային գործողութիւն. «Այս առումով չափազանց կարեւոր կը համարեմ Արցախի Հանրապետութեան սպասուած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացումը ազատ, մրցակցային եւ ժողովրդավարական միջավայրի, եւ ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտման իրական երաշխիքներու ապահովումը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ըստ այդմ, պէտք է հանդէս գայ եւ հանդէս կու գայ որպէս Արցախի ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտման եւ այդ կամքի արտայայտման միջոցով ինքնավար իշխանութեան ձեւաւորման երաշխաւոր»:

22 Օգոստոսին, ՀՀ կառավարութեան որոշումին համաձայն, ՀՀ կառավարութեան պահեստային հիմնադրամէն 33 մլն. 680 հազար դրամ տրամադրուեցաւ`Արցախին Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութիւններու դիտարկման համար: Արցախեան ընտրութիւննրը կը դիտարկեն երկու Հասարակական Կազմակերպութիւններ`«իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» Ստեփանակերտի գրասենեակը (տրամադրած է 16 մլն. 200 հազար դրամ) եւ «Թրանսփարէնսի ինթերնեյշընըլ» փտածութեան դէմ կեդրոնը (տրամադրած է 17 մլն. 480 հազար դրամ): ՀՀ վարչապետի յայտարարութիւնը եւ ՀՀ կառավարութեան այս քայլը չընկալուիր նաեւ Արցախի մէջ: Արցախի ներքաղաքական հարցերուն միջամտելէն զատ, այս հարցը կը դիտարկուի նաեւ մինչ օրս Արցախի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու ինքնավարութիւնը վիճելի դարձնելու հարթութեամբ:

Aravot.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան անդրադառնալով այդ հարցին` ըսաւ. «Ի՞նչ է, այսինքն, մինչեւ հիմա մեր իշխանութիւնները ինքնավար չե՞ն կամ մեր ընտրութիւնները օրինապահ չե՞ն: Մենք տասնամեակներու ընթացքին կրցանք յղկել եւ որոշակի փուլէ անցընել մեր ընտրական համակարգը: Ես, ամենայն պատասխանատուութեամբ կը խօսիմ` նկատի առնելով, որ անցած ենք 1995-96 թուականներու ժամանակահատուածի ընտրութիւնները` ճնշումներով, միջամտութիւններով, այնուհետեւ 2000, 2005, 2007 եւ այսպէս կամաց-կամաց բարելաւելով ընտրական ձեւաչափերը, յառաջ գնացքով պիտի ըլլայ նախագահական, խորհրդարանական, թէ ՏԻՄ ընտրութիւններ»:

Դաւիթ Իշխանեան կը նկատէ. «Բարեբախտաբար, Արցախի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններուն միշտ  տրուած են գնահատականներ. բացարձակապէս, մեր ընտրութիւնները կատարեալ չեն եղած, ինչպէս կատարեալ չեն աշխարհի որեւէ երկրի մէջ, ինչպէս նաեւ, ցաւով կ’ըսեմ, ՀՀ-ի վերջին ընտրութիւնները: Կատարեալ չեն, բայց կարեւոր է, որ կայ ձգտումը, որ մենք կարենանք համեմատել նախորդ ընտրութիւններուն հետ եւ յառաջընթաց արձանագրենք: Այդ առաջընթացը միայն յայտարարութիւններով, որոշումներով կամ Տնտեսական միջոցներու յատկացումներով չէ: Սոյն գործընթացը,  ոչ միայն ընտրութիւններու բուն օրուան կը վերաբերի, այլ գործընթաց է, որ տեղի  կ’ունենայ տարիներու ընթացքին: Եթէ ապագային մենք ունինք խորհրդարանական ընտրութիւններ, քաղաքական ուժերը հինգ տարի կը պատրաստուին այդ ընտրութիւններուն, նաեւ նոր քաղաքական ուժեր կը ձեւաւորեն, քաղաքական դաշտին մէջ վերադասաւորումներ տեղի կ’ունենան»:

Դաւիթ Իշխանեան նաեւ կը յիշեցնէ, որ դիտորդական առաքելութեամբ ՀՀ-էն միշտ  պաշտօնական, ոչ-պաշտօնական ձեւով ներկայ գտնուած են: Աւելին. «Նաեւ, օտարերկրեայ դիտորդներ Արցախի մէջ ներկայ գտնուած են: Եթէ չեմ սխալիր 2012-ին նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ  ֆրանսական պատուիրակութիւնը` Ռընէ Ռեթիւի գլխաւորութեամբ այցելեց ՀՅԴ Արցախի գրասենեակ, հանդիպման ընթացքին իրենք կը փորձէին հասկնալ Արցախի ընտրական ընթացքը եւ երբ կը փորձէինք համեմատել Ֆրանսայի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւնները, որոշ մանրամասնութիւններու  մէջ մտանք, պատուիրակութեան անդամները զարմացած եւ հիացած էին Արցախի մէջ ձեւաւորուած եւ աստիճանաբար կատարելագործուող ընտրական ընթացքով»:

Դաւիթ Իշխանեանի համաձայն, յառաջիկայ ընտրութիւնները նախորդ ընտրութիւններուն համեմատ, անշուշտ, պիտի ընթանան մէկ քայլ առաջ, բայց կրնայ ըլլալ այդ ընտրութիւնները կատարեալ չեն ըլլար. «Մենք միշտ հարցեր կ’ունենանք, միշտ  ընտրական ընթացքը կատարելագործելու անհրաժեշտութիւն պիտի ըլլայ եւ այս չի սահմանափակուիր ոչ յառաջիկայ, ոչ  յաջորդ ընտրութիւններով: Այդ առումով, ոգեւորութիւն կամ «վերահսկելի միջոց» կամ այդպիսի քաղաքական որոշման անհրաժեշտութիւն տակաւին չունէինք: Մենք ունինք բաւական ուժ եւ ձեւաւորուած քաղաքական մշակոյթ եւ կարծեմ, մեր ժողովուրդի ինքնագիտակցութիւնը արցախեան հատուածին մէջ այնքան բարձր է, որ ընտրութիւններուն կրնան իրենց տեսակէտը ներկայացնել: 2004-ի Ստեփանակերտի ընտրութիւններուն, երբ իշխանութեան թեկնածուն պարտուեց ընդդիմադիր թեկնածունին, ի՞նչ է, պէտք է համարենք, որ այդ ընտրութիւնները կեղծուա՞ծ էին: Կամ` 2005-ի ընտրութիւններուն ընդդիմադիր կեցուածք ունեցող ՀՅԴ-ի` խորհրդարանէն ներս, մեծամասնական ընտրակարգով որեւէ մէկ թեկնածու չըլլալու հանգամանքը չի նշանակեր, որ մենք պէտք է ամբողջապէս դէմ ըլլայինք ապագայ ընտրութիւններուն:

Ընտրութիւններուն դրական եւ բացասական կողմեր միշտ  ունեցած ենք, բացասական երեւոյթներ միշտ  եղած են, որոնք կը բխին մեր ժողովուրդի քաղաքական հասունութեան աստիճանէն: Ես խօսեցայ քաղաքական ինքնագիտակցութեան մասին, բայց քաղաքական հասունութիւնը չեմ կարծեր, թէ մեր իրականութեան մէջ այնքան բարձր է, որպէսզի կարենանք մեր ընտրութիւններու ընթացքը ամբողջապէս համեմատել այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած աշխատելաձեւին հետ»: